Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն

Եհովայի վկաները համայն աշխարհի մէջ են եւ բոլոր էթնիքական խումբերէ ու մշակոյթներէ կու գան։ Ի՞նչ բան զանոնք միացուցած է։

Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը

Աստուած կ’ուզէ որ իր կամքը համայն աշխարհի մէջ գիտցուի։ Ի՞նչ է այդ կամքը, եւ որո՞նք ուրիշներու կը սորվեցնեն անոր մասին։

ԴԱՍ 1

Ինչպիսի՞ մարդիկ են Եհովայի վկաները

Քանի՞ Եհովայի վկայ կը ճանչնաս։ Մեր մասին իսկապէս ի՞նչ գիտես։

ԴԱՍ 2

Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներ կոչուած ենք

Նկատի առ երեք պատճառ, թէ ինչո՛ւ Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցինք։

ԴԱՍ 3

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս վերագտնուեցաւ

Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ ներկայիս ճիշդ կերպով կը հասկնանք, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։

ԴԱՍ 4

Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը արտադրած ենք

«Նոր աշխարհի թարգմանութիւն»ը ինչո՞ւ անզուգական է։

ԴԱՍ 5

Մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի վայելես

Մեր ժողովներուն մէջ Սուրբ Գրութիւնները կը սերտենք ու զիրար կը քաջալերենք։ Դուն ջերմօրէն պիտի ընդունուիս։

ԴԱՍ 6

Մեր հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ

Աստուծոյ Խօսքը կը քաջալերէ քրիստոնէական ընկերակցութիւնը։ Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս այսպիսի ընկերակցութենէ օգտուիլ։

ԴԱՍ 7

Մեր ժողովները ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենան

Հարց տուա՞ծ ես թէ մեր ժողովները ինչպէ՛ս տեղի կ’ունենան։ Տրուած աստուածաշնչական դաստիարակութեան որակով անկասկած պիտի տպաւորուիս։

ԴԱՍ 8

Մեր ժողովներուն համար ինչո՞ւ վայելչազգեստ կ’ըլլանք

Աստուծոյ աչքին որքա՞ն կարեւոր է մեր հագուելակերպը։ Տես թէ ո՛ր սկզբունքներուն համաձայն կ’ընտրենք մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը։

ԴԱՍ 9

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս պատրաստուիլ ժողովներուն համար

Մեր ժողովներուն նիւթերը նախապէս պատրաստելը կ’օգնէ որ անոնցմէ լաւագոյն օգուտը քաղես։

ԴԱՍ 10

Ի՞նչ է ընտանեկան պաշտամունքը

Տես թէ այս կարգադրութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ քեզ Աստուծոյ մօտեցնել ու ընտանեկան կապերը ամրացնել։

ԴԱՍ 11

Ինչո՞ւ մեծ համաժողովներու ներկայ կը գտնուինք

Իւրաքանչիւր տարի, երեք մասնաւոր առիթներով կը համախմբուինք։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս համաժողովներէն օգտուիլ։

ԴԱՍ 12

Թագաւորութեան մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է

Մենք Յիսուսի հանդիսացած օրինակին կը հետեւինք։ Անոր քարոզելու մեթոտներէն ոմանք ի՞նչ են։

ԴԱՍ 13

Ի՞նչ կը նշանակէ ռահվիրայ

Ի՞նչ բան կը մղէ կարգ մը Վկաներ, որ քարոզչութեան տրամադրեն ամիսը 30 ժամ, 50 ժամ կամ աւելի։

ԴԱՍ 14

Ռահվիրաներուն ի՞նչ մարզում կը տրուի

Մասնայատուկ ի՞նչ մարզում կը տրուի անոնց՝ որոնք Թագաւորութեան մասին լիաժամ կը քարոզեն։

ԴԱՍ 15

Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն

Երէցները հոգեւորապէս հասուն տղամարդիկ են, որոնք առաջնորդութիւն կ’առնեն ժողովքին մէջ։ Անոնք ի՞նչ աշխատանք կը կատարեն։

ԴԱՍ 16

Օգնական ծառաներուն դերը ի՞նչ է

Տես թէ ինչպէ՛ս օգնական ծառաները բոլորին օգտակար կը դառնան, ժողովքին մէջ որոշ պատասխանատուութիւններու հոգ տանելով։

ԴԱՍ 17

Շրջանային տեսուչները ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն

Շրջանային տեսուչները ի՞նչ նպատակով կ’այցելեն ժողովքները։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոնց այցելութիւններէն օգտուիլ։

ԴԱՍ 18

Մեր տառապեալ եղբայրներուն ինչպէ՞ս կ’օգնենք

Երբ աղէտ մը հարուածէ, անմիջապէս գործի կ’անցնինք, տուժած եղբայրներուն օգնելու եւ մխիթարելու համար։ Ի՞նչ կերպերով կ’օգնեն։

ԴԱՍ 19

Ո՞վ է հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան

Յիսուս խոստացաւ թէ պիտի նշանակէր ծառայ մը, որ ատենին հոգեւոր սնունդ պիտի հայթայթէր։ Ասիկա ինչպէ՞ս կը կատարուի։

ԴԱՍ 20

Ներկայիս Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կը գործէ

Ա. դարուն, առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները իբրեւ կառավարիչ մարմին ծառայեցին։ Ի՞նչ է պարագան այսօր։

ԴԱՍ 21

Ի՞նչ է Բեթէլը

Բեթէլը անզուգական վայր մըն է եւ շատ կարեւոր նպատակ մը ունի։ Տես թէ որո՛նք հոն կը ծառայեն։

ԴԱՍ 22

Մասնաճիւղին մէջ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի

Այցելուներ կրնան կազմակերպուած շրջապտոյտ մը կատարել մեր մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ։ Կը հրաւիրենք քեզ որ այցելութիւն մը տաս։

ԴԱՍ 23

Մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս կը գրուին ու կը թարգմանուին

Մենք շուրջ 700 լեզուներով հրատարակութիւններ կ’արտադրենք։ Ինչո՞ւ այսքան ջանք կը թափենք։

ԴԱՍ 24

Մեր համաշխարհային գործը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուի

Ֆինանսաւորման առնչութեամբ, ի՞նչ բան մեր կազմակերպութիւնը ուրիշ կրօնքներէ տարբեր կը դարձնէ։

ԴԱՍ 25

Թագաւորութեան սրահները ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը կառուցանուին

Մեր պաշտամունքի վայրը ինչո՞ւ «Թագաւորութեան սրահ» կը կոչենք։ Ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ որ բազմաթիւ սրահներ կառուցանենք։

ԴԱՍ 26

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահել

Մաքուր եւ լաւ վիճակի մէջ պահուած Թագաւորութեան սրահը մեր Աստուծոյն փառք կը բերէ։ Ինչպէ՞ս Թագաւորութեան սրահը մաքուր կը պահուի։

ԴԱՍ 27

Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան սրահի գրադարանէն օգտուիլ

Կը փափաքի՞ս փնտռտուքներ ընել, Աստուածաշունչի մասին գիտութիւնդ աւելցնելու համար։ Թագաւորութեան սրահի գրադարանը այցելէ։

ԴԱՍ 28

Ի՞նչ կարելի է գտնել մեր կայքին վրայ

Կրնաս մեր մասին եւ մեր հաւատալիքներուն մասին աւելին գիտնալ, ինչպէս նաեւ աստուածաշնչական հարցումներուդ պատասխանները ստանալ։

Եհովայի կամքը պիտի կատարե՞ս

Եհովա Աստուած իսկապէս քեզ կը սիրէ։ Առօրեայ կեանքիդ մէջ զինք հաճեցնելու փափաքդ ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ։