Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 12

Թագաւորութեան մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է

Թագաւորութեան մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է

Սպանիա

Պիելոռուսիա

Հոնկ Քոնկ

Փերու

Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս յայտարարեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Բայց այս աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարուէր։ Հետեւելով Յիսուսի հանդիսացած օրինակին (Ղուկաս 8։1

Կը ջանանք մարդոց հետ շփման մէջ գալ՝ իրենց տուները այցելելով։ Յիսուս իր աշակերտները մարզեց, որ բարի լուրը տունէ տուն քարոզեն (Մատթէոս 10։11-13. Գործք 5։42. 20։20)։ Այդ առաջին դարու աւետարանիչներուն նշանակուեցան քարոզելու մասնայատուկ շրջաններ (Մատթէոս 10։5, 6. Բ. Կորնթացիս 10։13)։ Նմանապէս այսօր, մեր քարոզչութիւնը լաւ կազմակերպուած է, եւ իւրաքանչիւր ժողովքի նշանակուած է ծածկուելիք շրջան մը։ Ասիկա մեզ կարող կը դարձնէ, որ ‘ժողովուրդին քարոզելու ու վկայութիւն տալու’ Յիսուսի պատուէրը կատարենք (Գործք 10։42

Կը ջանանք մարդոց հասնիլ՝ ո՛ւր որ ալ գտնուին։ Յիսուս նաեւ օրինակ թողուց՝ հրապարակաւ մարդոց քարոզելով, ինչպէս՝ ծովեզերքը կամ ջրհորի մօտ (Մարկոս 4։1. Յովհաննէս 4։5-15)։ Մենք եւս ամէնուրեք մարդոց հետ Աստուածաշունչի մասին կը խօսինք,– փողոցը, առեւտրական շրջանները, զբօսավայրերը կամ հեռաձայնով։ Նաեւ, կը վկայենք մեր դրացիներուն, գործակիցներուն, դասընկերներուն եւ ազգականներուն, երբ յարմար պատեհութիւններ ունենանք։ Այս բոլոր ջանքերը, աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներու կարելի դարձուցած են որ «փրկութեան բարի լուրը» լսեն (Սաղմոս 96։2, ՆԱ

Միտքդ կու գա՞յ անհատ մը, որուն հետ կը փափաքիս բաժնել Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը եւ մատուցած յոյսը։ Ուրիշներու հետ զայն բաժնէ՝ կարելի եղածին չափ շուտ։

  • Ի՞նչ «բարի լուր» պէտք է ծանուցանուի։

  • Եհովայի վկաները Յիսուսի քարոզչութեան մեթոտը ինչպէ՞ս կ’ընդօրինակեն։