Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախ. Ուքրանիոյ մէջ, եղբայրներ ու քոյրեր Լեհաստանէն եկած մարդասիրական օգնութեան տուփերը կը տեղաւորեն բեռնատար ինքնաշարժի մը մէջ, հաւատակիցներուն հասցնելու համար։ Աջ. Հոսթոմէլի մէջ եղբօր մը տունը ռմբակոծումի պատճառով քանդուած է

13 ԱՊՐԻԼ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 6 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 6 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ցաւօք սրտի, աւելի եղբայրներ ու քոյրեր իրենց կեանքը կորսնցուցին Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառաւ։ Ընդամէնը, 28 Եհովայի վկաներ մահացան։

Միջազգային լուրերուն համաձայն, պատերազմի առաջին շաբաթներուն ընթացքին, Քիեւի մօտ եղող գիւղաքաղաքներուն մէջ բուռն կռիւներ եղան։ Այս շրջաններուն մէջ ապրող շուրջ 4900 հրատարակիչներէն աւելի քան 3500–ը կրցան փախչիլ աւելի ապահով շրջաններ։

Հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս այս շրջաններուն մէջ գտնուող մեր եղբայրները իրենց հաւատքը անխախտ կը պահեն վերջին ծայր դժուար փորձութիւններու դիմաց։

Օլեքսանտր, որ Մաքարիվ գիւղաքաղաքէն երէց մըն է, փախաւ Ուքրանիոյ կեդրոնը գտնուող աւելի ապահով շրջան մը։ Բայց մտահոգուելով իր ծառայութեան խումբէն եղող չորս հրատարակիչներով, որոնց հետ չէր կրցած կապ հաստատել, ան վերադարձաւ անոնց ապրած շրջանը, որպէսզի զանոնք գտնէ, հակառակ անոր որ հոն բուռն կռիւներ տեղի կ’ունենային։ Ան պատմեց. «Ես անդրադարձայ, որ Եհովայի համար իր ծառաները շա՜տ արժէքաւոր են։... Երբ հասայ հրատարակիչներէն մէկուն տունին բակը, տեսայ որ ռմբակոծուած էր։ Ներքնայարկին դուռը գոց էր եւ երբ կը կանչէի, մէկը չէր պատասխաներ։ Ասիկա զիս վախցուց»։ Օլեքսանտր ոյժ գործածելով ներքնայարկին դուռը բացաւ եւ երբ ներս մտաւ, տեսաւ որ խումբ մը մարդիկ աչքերնին լայն բացած՝ իրեն կը նայէին։ Ան գտա՛ւ այդ հրատարակիչները, ինչպէս նաեւ իրենց Վկայ չեղող դրացիները, որոնք իրենց հետ պահուըտած էին։

Եարոսլաւն ու իր կինը (մէջտեղ) եւ Օլեքսանտրն ու իր կինը միասին կը ճաշեն, ապահով վայր մը հասնելէ ետք

Ներքնայարկին մէջ եղող հրատարակիչներէն մէկը՝ Եարոսլաւ, բացատրեց որ անոնք ութ օրէ ի վեր հոն պահուըտած էին։ Ան ըսաւ. «Ամէն մէկս օրական միայն քանի մը պիսքուիթ կ’ուտէր եւ գաւաթ մը ջուր կը խմէր։ Բայց Աստուածաշունչը եւ մեր հրատարակութիւնները կը կարդայինք, կ’աղօթէինք եւ իրար կը քաջալերէինք։ Երբ լսեցի որ Օլեքսանտր անունս կը կանչէ, կարծեցի որ զինուորները եկած են որ զիս առնեն–տանին։ Եւ մտածեցի թէ պիտի մեռնիմ։... [Բայց ճիշդ հակառակը՝] Օլեքսանտր բոլորիս կեանքը ազատեց։ Մենք շա՜տ շնորհակալ ենք Եհովայէն, քանի որ մեզի տուած է եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք մեզ կը սիրեն, մեզի համար կ’աղօթեն եւ նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն մեզ ազատելու համար»։

Փիլիփ

Փիլիփ եւ ուրիշ եղբայր մը որոշեցին ուտելիք հասցնել Պօրոտիանքա գիւղաքաղաքին մէջ մնացող եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Մարտ 17–ին, մինչ դէպի գիւղաքաղաքը կը քշէին, զինուորները եղբայրները կեցուցին եւ Փիլիփին ինքնաշարժը, ինչպէս նաեւ՝ ուտելիքը առին։ Ետքը, զինուորները եղբայրները ձերբակալեցին, աչքերնին լաթով մը կապեցին եւ տարին ներքնայարկի մը մէջ գտնուող պզտիկ սենեակ մը, ուր կային նաեւ 7 ուրիշ տղամարդիկ։ Երկու օր ետք, անոնք եղբայրները փոխադրեցին ուրիշ տեղ մը, ուր պահակները ամբողջ գիշեր իրենց ծեծեցին։ Փիլիփ ըսաւ. «Վստահ չէի, թէ հոնկէ ողջ պիտի ելլեմ։ Աղօթեցի որ հաւատարիմ մնամ»։

Ծեծուելու ատեն, Փիլիփ սկսաւ բարձրաձայն աղօթել այն տարեց քոյրերուն համար, որոնք ուտելիք չունէին, եւ իր ընտանիքին ապահովութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եհովայի ծառայութեան մէջ իր անցուցած ուրախ տարիներուն համար։ Պահակը զինք ետ իր սենեակը տարաւ, ուր ան շարունակեց աղօթել զինուորներուն համար, որպէսզի անոնք հասկնային թէ եղբայրները վտանգաւոր չեն։ Երկու եղբայրներն ալ սկսան պահակներուն քարոզել։ Անոնք երկու օրուան մէջ բոլոր պահակներուն քարոզեցին։ Ասկէ զատ, բանտարկուած մարդոցմէն մէկը Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուեցաւ։ Ան եղբայրներուն շնորհակալութիւն յայտնեց։ Մարտ 27–ին, երկու եղբայրներն ու հետաքրքրուած մարդը ազատ արձակուեցան։

Սվիթլանան, որ Պուչայէն եղող ամուրի քոյր մըն է, երկու շաբաթ չկրցաւ պատերազմի շրջանէն փախչիլ։ Ան պատմեց. «Կեանքիս մէջ ա՛յսչափ չէի հասկցած Եհովայի տուած խաղաղութեան կարեւորութիւնը։ Երբ Աստուծոյ խաղաղութիւնը ունինք, ատիկա չի նշանակեր որ միշտ գիտենք թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Փոխարէնը, կը նշանակէ թէ, երբ մեր խնդիրներուն լուծումը չենք տեսներ, լիովին Եհովային կ’ապաւինինք»։

Մինչ Սվիթլանան Ուքրանիայի աւելի ապահով մէկ շրջանը կը փոխադրուէր, վկայութիւն տուաւ կնոջ մը եւ անոր ազգականին։ Երբ անոնք աւելի ապահով վայր մը հասան, Վկայ ընտանիք մը զիրենք դիմաւորեց։ Այդ ընտանիքը Սվիթլանան եւ այդ կինն ու իր ազգականը հրաւիրեց, որ իրենց տունը գիշերեն։ Յաջորդ օրը, կինը ուզեց ժողովի ներկայ գտնուիլ եւ խնդրեց Աստուածաշունչ մը եւ մեր հրատարակութիւնները։ Սվիթլանան կը շարունակէ իրեն հետ կապ պահել։

Մինչեւ 12 ապրիլ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 28 հրատարակիչներ մահացած են

  • 48 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 40,778 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 278 տուներ փլած են

  • 268 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 746 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 1 Թագաւորութեան սրահ փլած է

  • 9 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 26 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 41,974 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 18,097 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին