Անցնիլ բովանդակութեան

Եղբայրներ ու քոյրեր մարդասիրական օգնութիւն կը հասցնեն

10 ՅՈՒՆԻՍ, 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 9 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 9 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Ուքրանիոյ մասնաճիւղը 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբերուն (DRC) օգնութեամբ, կը շարունակէ երկրին մէջ տեղահանուած եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգ տանիլ։ Պատերազմը սկսելէն ի վեր, Լեհաստանէն ղրկուեցաւ աւելի քան 250 թոն մարդասիրական օգնութիւն, մէջը ըլլալով՝ ուտելիք, հագուելիք եւ մաքրութեան ապրանքներ։ Ասկէ զատ, Ուքրանիոյ աւելի ապահով շրջաններուն մէջ ապրող եղբայրները աւելի քան 80 թոն ուտելիք ղրկեցին։

Քիեւէն եղող Վալենդինա անունով քոյր մը, DRC–ին միջոցաւ իր ստացած օգնութեան նկատմամբ գրեց. «Երբ կռիւները սկսան, քաղաքին մէջ մնալը շատ վտանգաւոր դարձաւ։ Անոր համար, փախայ Չիերքասի շրջանին մէջ գտնուող պզտիկ գիւղ մը։ Եւ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր հոն եմ։ Այդտեղի ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերը ինծի շատ հոգ տարին։ Անոնք ինծի բերին քանի մը տուփեր, որոնց մէջ կային ուտելիք ու մաքրութեան ապրանքներ։ Այս բոլորը տեսնելով շա՜տ զգացուեցայ։ Տուփերէն մէկուն մէջ կային գծագրութիւն մը, որ Պլանքա անունով չորս տարեկան պզտիկ աղջիկ մը գծած էր, եւ ջրաներկով ներկուած քարտ մը...։ Ասոնք քովս յիշատակ պիտի պահեմ։ Ես շատ շնորհակալ եմ բոլոր եղբայրներուս ու քոյրերուս եւ ամենաշատ Եհովային»։

Պզտիկները օգնութեան աշխատանքներու կը մասնակցին նկարներ գծելով, որոնք օգնութեան տուփերուն մէջ պիտի դրուին

Վալենդինա անունով 83 տարեկան անկարող քոյր մը, որ Սիեվերոտոնեցքէն է, գրեց. «Երբ պատերազմը սկսաւ, մինակս կ’ապրէի, քանի որ մէկ հատիկ տղաս մեռած էր անկէ առաջ։ Ամբողջ օրը ռումբեր կը տեղային քաղաքին վրայ, եւ ասիկա շա՛տ վախնալիք էր։ Ո՛չ ջուր կար, ո՛չ ելեկտրականութիւն, ոչ ալ կազ եւ ինթըրնէթը շատ տկար էր։ Շատ շնորհակալ եմ այն եղբայրներուն, որոնք ինծի օգնեցին, իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով։

Վալենդինան կը շարունակէ. «Ետքը եղբայրները ինծի եւ ուրիշ երկու անկարող քոյրերու տարին Տնիփրօ անունով աւելի ապահով քաղաք մը, ուր եղբայրները ինծի օգնեցին, որ տուն գտնեմ։ Հիմա կ’ապրիմ Վկայ ընտանիքի մը հետ, որ ինծի հոգ կը տանի եւ մենք մէկ ընտանիքի պէս ենք արդէն։ Անոնք նոյնիսկ ինծի սմարթֆոն մը տուին, որպէսզի կարենամ ժողովները դիտել եւ անոնց մասնակցիլ։ Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ եղբայրներուն ազնուութիւնը»։

Մենք շա՜տ ուրախ եւ երախտապարտ ենք մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովային, որ կը շարունակէ հոգ տանիլ Ուքրանիոյ մէջ գտնուող մեր սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն, որպէսզի անոնք բանէ՛ մը պակաս չըլլան (Սաղմոս 34։10

Մինչեւ 7 յունիս 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները տեղեկագրեցին վարը յիշուած տուեալները։ Սակայն այս թիւերը կրնան աւելի բարձր ըլլալ, քանի որ դժուար է կապ պահել երկրի ամէն մէկ շրջանին հետ։

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 42 հրատարակիչներ մահացած են

  • 82 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 46,145 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 469 տուներ փլած են

  • 540 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 1,405 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 5 Թագաւորութեան սրահներ փլած են

  • 8 Թագաւորութեան սրահներ մեծապէս վնասուած են

  • 33 Թագաւորութեան սրահներ թեթեւօրէն վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 50,663 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ՝ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 22,995 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին