Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ուրիշ կրօնքներ կը հանդուրժե՞ն

Եհովայի վկաները ուրիշ կրօնքներ կը հանդուրժե՞ն

 Մենք կ’անսանք Աստուածաշունչի խրատին, որ կ’ըսէ. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք»,– ինչ որ ալ ըլլան անոնց հաւատալիքները (Ա. Պետրոս 2։17)։ Օրինակ, կարգ մը երկիրներու մէջ հարիւր հազարաւոր Եհովայի վկաներ կան։ Ասով հանդերձ, որեւէ ճնշում չենք բանեցներ քաղաքագէտներու կամ օրէնսդիրներու վրայ, որ այլ կրօնական խումբերու գործունէութիւնները սահմանափակեն կամ արգիլեն։ Ոչ ալ արշաւներ կը կազմակերպենք պահանջելու համար այնպիսի օրէնքներ, որոնք մեր բարոյական եւ կրօնական համոզումները կը պարտադրեն համայնքին վրայ։ Փոխարէն, կը հանդուրժենք այլ կրօնքներ եւ կը գնահատենք երբ իրենք ալ մեր կրօնքը կը հանդուրժեն (Մատթէոս 7։12