Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը

Ի՞նչ է Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը

 Կառավարիչ մարմինը հասուն քրիստոնեաներու պզտիկ խումբ մըն է, որ համայն աշխարհի Եհովայի վկաներուն ուղղութիւն կու տայ։ Անոր աշխատանքը երկու մասէ բաղկացած է.

 Կառավարիչ մարմինը կը հետեւի առաջին դարու ‘Երուսաղէմ գտնուող առաքեալներուն ու երէցներուն’ օրինակին, որոնք ամբողջ քրիստոնէական ժողովքին ի նպաստ կարեւոր որոշումներ կայացուցին (Գործք 15։2, 6)։ Ինչպէս այդ հաւատարիմ տղամարդիկը, նոյնպէս ալ Կառավարիչ մարմնի անդամները կազմակերպութեան ղեկավարները չեն։ Առաջնորդութեան համար անոնք Աստուածաշունչին կը դիմեն, գիտակցելով թէ Եհովա Աստուած Յիսուս Քրիստոսը նշանակած է որպէս ժողովքին Գլուխը (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։23

Որո՞նք են Կառավարիչ մարմինի անդամները

 Կառավարիչ մարմինի անդամներն են՝ Սամուէլ Հըրտ, Սթիվըն Լէթ, Կէրիթ Լօշ, Ճէֆրի Ճեքսըն, Ճէֆրի Ուայնտըր, Տէյվիտ Սբլէյն, Մարք Սէնտերսըն, Գեննեթ Քուք, եւ Կէյճ Ֆլիկըլ։ Անոնք կը ծառայեն Պրուքլինի գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ։

Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է

 Կառավարիչ մարմինը ունի վեց յանձնախումբեր, որոնք մեր գործունէութեան զանազան երեսակներուն վրայ կը վերահսկեն։ Եւ անոր իւրաքանչիւր անդամը այս յանձնախումբերէն մէկուն կամ երկուքին մէջ կը ծառայէ։

  •   Համակարգողներու յանձնախումբ։ Կը վերահսկէ օրինական հարցերու վրայ եւ կը հետաքրքրուի աղէտներով ու դէպքերով,– որոնց ընթացքին մեր անդամները իրենց հաւատալիքներուն համար կը հալածուին,– եւ Եհովայի վկաներուն ազդող այլ ստիպողական պարագաներով։

  •   Անձնակազմի յանձնախումբ։ Կը վերահսկէ Բեթէլի ընտանիքի անդամներուն վերաբերող կարգադրութիւններուն վրայ։

  •   Հրատարակչական յանձնախումբ։ Կը վերահսկէ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ տպելու եւ առաքելու վրայ, ինչպէս նաեւ ժողովասրահներու, թարգմանութեան գրասենեակներու եւ մասնաճիւղերու շինարարութեան վրայ։

  •   Ծառայութեան յանձնախումբ։ Կը վերահսկէ «Արքայութեան աւետարան»ին քարոզչութեան վրայ (Մատթէոս 24։14

  •   Ուսուցումի յանձնախումբ։ Կը վերահսկէ հոգեւոր նիւթերու պատրաստութեան վրայ, որոնք կը ներկայացուին ժողովներու, դպրոցներու եւ լսատեսողական յայտագիրներու միջոցաւ։

  •   Գրական յանձնախումբ։ Կը վերահսկէ հոգեւոր նիւթերու պատրաստութեան վրայ, որոնք կը ներկայացուին տպուած հրատարակութիւններու մէջ եւ մեր կայքին վրայ, ինչպէս նաեւ կը վերահսկէ թարգմանչական գործին վրայ։

 Այս յանձնախումբերուն հետ համագործակցելու կողքին, Կառավարիչ մարմինը ամէն շաբաթ ժողով կ’ունենայ կազմակերպութեան պէտքերը նկատի առնելու համար։ Այս ժողովներուն մէջ անդամները կը քննարկեն թէ Աստուածաշունչը ինչ կ’ըսէ եւ թոյլ կու տան որ Աստուծոյ սուրբ հոգին զիրենք առաջնորդէ, որ միաձայն որոշումներ կայացնեն (Գործք 15։25

Որո՞նք են Կառավարիչ մարմինին օգնականները

 Անոնք վստահելի քրիստոնեաներ են, որոնք Կառավարիչ մարմինի յանձնախումբերուն օգտակար կը դառնան (Ա. Կորնթացիս 4։2)։ Անոնք իրենց նշանակուած յանձնախումբին գործին մէջ ունին հմտութիւն եւ փորձառութիւն, եւ յանձնախումբին շաբաթական ժողովներուն ներկայ կը գտնուին։ Թէեւ այս օգնականները որոշումներ կայացնելու մէջ բաժին չեն բերեր, բայց արժէքաւոր խորհուրդ եւ տեղեկութիւններ կու տան, յանձնախումբին որոշումները կը կատարեն եւ կը նային որ այս որոշումները ինչ արդիւնք պիտի տան։ Անոնք նաեւ Կառավարիչ մարմինին կողմէ կը նշանակուին զանազան երկիրներու մէջ մեր եղբայրութեան այցելելու, կամ դասախօսութիւններ տալու յատուկ առիթներու համար, ինչպէս՝ տարեկան ժողով եւ Գաղաադի շրջանաւարտութիւն։

ՕԳՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ

Յանձնախումբ

Անուն

Համակարգողներու յանձնախումբ

  • Թրոյ Սնայտըր

  • Ճոն Էքրան

  • Փոլ Կիլիս

Անձնակազմի յանձնախումբ

  • Ճերալտ Կրիզզլ

  • Մարք Սքոթ

  • Ռալֆ Ուոլզ

  • Տանիէլ Մոլչըն

  • Փաթրիք ԼաՖրանգա

Հրատարակչական յանձնախումբ

  • Ալեքս Ռայնմուլըր

  • Կայուս Կլաքընթին

  • Հարոլտ Գորքըռն

  • Ռապըրթ Լուսիոնի

  • Ռապըրթ Պաթլըր

  • Տանըլտ Կորտըն

  • Տէյվիտ Սինգլեր

Ծառայութեան յանձնախումբ

  • Էնթընի Կրիֆըն

  • Ժոել Տելինկըր

  • Լէոն Ուիվըր Կրտսեր

  • Կէրի Պրօ

  • Ճանըթըն Սմիթ

  • Ճէյքըպ Ռումֆ

  • Ճոտի Ճէյտլի

  • Ուիլիամ Թըրնըր Կրտսեր

  • Պալդասար Փերլա Կրտսեր

  • Պեթի Ճորճըզ

  • Սէթ Հայաթ

  • Քրիստոֆըր Մեվըր

Ուսուցումի յանձնախումբ

  • Գեննեթ Ֆլոտին

  • Մայքըլ Պենքս

  • Մարք Նումէր

  • Ուիլիամ Մէլընֆոնդ

  • Ռոնալտ Գըրզէն

  • Տէյվիտ Շէյֆըր

Գրական յանձնախումբ

  • Գեննեթ Կատպըրն

  • Իսաք Մըրէյ

  • Լէոնարտ Մայըրզ

  • Հերմանըս վան Սելմ

  • Ճէյմս Մէնց

  • Ճին Սմալի

  • Նիքոլաս Ախլատիս

  • Ռապըրթ Սիրէնքօ

  • Փեր Քրիսթենսըն

  • Քլայվ Մարթըն