Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ պատերազմներու չեն մասնակցիր

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ պատերազմներու չեն մասնակցիր

 Եհովայի վկաները պատերազմներու չեն մասնակցիր, հետեւեալ պատճառներով.

  1.   Առ ի հնազանդութիւն Աստուծոյ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուծոյ ծառաները «իրենց սուրերէն խոփեր... պիտի շինեն» եւ «ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Եսայի 2։4

  2.   Առ ի հնազանդութիւն Յիսուսի։ Յիսուս Պետրոս առաքեալին ըսաւ. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին» (Մատթէոս 26։52)։ Այսպիսով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ իր հետեւորդները պատերազմական զէնքեր պիտի չկրէին։

     Յիսուսի աշակերտները կը հնազանդին ‘այս աշխարհէն չըլլալու’ իր պատուէրին՝ քաղաքական հարցերու մէջ բացարձակապէս չէզոք մնալով (Յովհաննէս 15։19)։ Անոնք պատերազմական գործողութիւններու դէմ չեն բողոքեր, ոչ ալ արգելք կը հանդիսանան անոնց՝ որոնք կ’ուզեն զինուորական ծառայութեան մասնակցիլ։

  3.   Ուրիշներու հանդէպ սէր։ Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց, որ ‘մէկզմէկ սիրեն’ (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Այսպէս, անոնք պիտի կազմէին միջազգային եղբայրութիւն մը, որուն անդամները իրարու դէմ բնաւ պիտի չպատերազմէին (Ա. Յովհաննէս 3։10-12

  4.   Նախկին քրիստոնեաներուն օրինակը։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Յիսուսի առաջին հետեւորդները մերժեցին պատերազմի եւ զինուորական ծառայութեան մասնակցիլ», զանոնք նկատելով «աններդաշնակ՝ Յիսուսի ցուցաբերած սիրոյն, եւ թշնամիները սիրելու անոր տուած պատուէրին» (Encyclopedia of Religion and War)։ Նմանապէս, գերմանացի աստուածաբան Փիթըր Մայնհոլթ Յիսուսի առաջին աշակերտներուն մասին ըսաւ. «Միաժամանակ քրիստոնեայ ու զինուոր ըլլալը հակասական էր»։

Մեր դերը համայնքին մէջ

 Եհովայի վկաները մարդոցմով հետաքրքրուած են եւ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ ապահովութեան չեն սպառնար։ Մենք կառավարական հեղինակութիւնները կը յարգենք՝ Աստուածաշունչի հետեւեալ պատուէրներուն հնազանդելով.

  •   «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի» (Հռովմայեցիս 13։1

  •   «Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մատթէոս 22։21

 Այսպիսով, օրէնքին կը հնազանդինք, մեր տուրքերը կը վճարենք եւ կառավարութիւններուն հետ կը համագործակցինք՝ համայնքին ի նպաստ անոնց թափած ջանքերուն աջակցելով։