ԵՍԱՅԵԱՅ 2։1-22

2  Յուդայի եւ Երուսաղէմի նկատմամբ տրուած պատգամը, որ Աստուած իմացուց Ամովսի որդիին Եսայիին.   «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռըԼեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի,Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ,Բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։   Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն.«Եկէ՛ք, Եհովային լեռը,Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք,Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէՈւ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։Վասն զի օրէնքը՝ ՍիօնէնՈւ Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ.   Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէԵւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։Անոնք իրենց սուրերէն խոփերԵւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէԵւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։   Ո՛վ Յակոբի տուն,Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք։ ՅՈԽՈՐՏԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ   Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբին տունը թողուցիր,Վասն զի արեւելքի կախարդներովը լեցուեցանԵւ Փղշտացիներու պէս հմայութիւն կ’ընենՈւ օտարներու որդիներուն հետ դաշնակից եղան։   Անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւՈւ անոնց գանձերը անթիւ եղան։Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւԵւ անոնց կառքերը անհաշիւ են։   Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը։Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն կ’ընեն,Անոնց՝ որոնք իրենց մատները շինեցին։   Ռամիկ մարդը ծռեցաւ,Ազնուականը խոնարհեցաւ։Անոնց մի՛ ներեր։ 10  Տէրոջը վախէնԵւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէնՎէմին մէջ մտի՛ր ու հողին մէջ պահուըտէ՛։ 11  Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին,Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։ 12  Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրըԲոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներունԵւ բոլոր հպարտներուն պիտի հակառակի։ 13  Լիբանանի բոլոր բարձրացած ու վերացած եղեւիններուն վրայՈւ Բասանի բոլոր կաղնիներուն վրայ, 14  Բոլոր բարձր լեռներուն վրայՈւ բոլոր բարձրացած բլուրներուն վրայ 15  Եւ բոլոր բարձր աշտարակներուն վրայՈւ բոլոր ամուր պարիսպներուն վրայ 16  Եւ Թարսիսի բոլոր նաւերուն վրայՈւ բոլոր հաճելի երեւցած բաներուն վրայ պիտի բարձրանայ։ 17  Մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ,Մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։ 18  Կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան։ 19  Քարայրներու մէջՈւ երկրին խոռոչները պիտի մտնենՏէրոջը վախէնԵւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն,Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ։ 20  Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէԻր արծաթեղէն կուռքերն ու իր ոսկեղէն կուռքերը,Որոնք շիներ էին երկրպագելու համար, 21  Որպէս զի Տէրոջը վախէնՈւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէնԱպառաժներուն՝ ծակերըՈւ վէմերուն ծերպերը մտնէ,Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ։ 22  Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է.Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան»։

Ստորանիշներ