Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պըտելին Աստուածաշունչը. պզտիկ քայլ մը՝ Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնալու

Պըտելին Աստուածաշունչը. պզտիկ քայլ մը՝ Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնալու

ՈՒԻԼԻԱՄ Պըտել անունով անգլիացի կղերականը 1627–ին Իրլանտա գնաց։ Բողոքական Բրիտանիան կ’իշխէր Իրլանտայի վրայ, որ գլխաւորապէս կաթողիկէ երկիր մըն էր։ Եւրոպայի տարածքին, բողոքական բարեկարգիչները արդէն իսկ Աստուածաշունչը թարգմանած էին տեղական լեզուներով, սակայն ո՛չ մէկը կը մտածէր Աստուածաշունչը իրլանտերէն լեզուով թարգմանել։

Պըտել մեծապէս համոզուեցաւ, թէ իրլանտացիները «պէտք չէ անտեսուած ըլլան այնքան ատեն որ անգլերէն չեն գիտեր»։ Ան ծրագրեց իրլանտերէնով Աստուածաշունչ մէջտեղ բերել։ Բայց ան շատ մեծ հակառակութիւն դիմագրաւեց, մասնաւորապէս բողոքականներէն։ Ինչո՞ւ։

ԻՐԼԱՆՏԵՐԷՆԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱՆԱԼ

Պըտել անձամբ ջանաց իրլանտերէն սորվիլ։ Երբ Տապլինի Երրորդութիւն քոլէճին տնօրէնը եղաւ, եւ յետագային՝ Քիլմորի եպիսկոպոսը, ան աշակերտները քաջալերեց որ իրլանտերէն խօսին։ Իրականութեան մէջ, երբ Էլիզապէթ Ա. թագուհին Երրորդութիւն քոլէճը հիմնեց, իր նպատակն էր որ մէջտեղ գան քարոզիչներ, որոնք Աստուածաշունչին պատգամը կրնան իր հպատակներուն սորվեցնել իրենց մայրենի լեզուով։ Պըտել այս նպատակով գործի լծուեցաւ։

Քիլմորի թեմին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը իրլանտերէն կը խօսէր։ Ուստի Պըտել ամէն գնով ուզեց իրլանտերէն խօսող քարոզիչներ ունենալ։ Անոր կեցուածքը Պօղոս առաքեալի կեցուածքին պէս էր, որ Ա. Կորնթացիս 14։19–ի մէջ ըսաւ. «Եկեղեցիին մէջ կ’ուզեմ հինգ խօսք մտառութեամբ խօսիլ, որպէս զի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան թէ բիւրաւոր խօսքեր՝ օտար լեզուով», որ քիչ հասկնալի է։

Բայց մեծ հեղինակութիւն ունեցող անձեր ամէն ջանք թափեցին որ զինք կեցնեն։ Ըստ պատմաբաններու, ոմանք պնդեցին թէ իրլանտերէն խօսիլը «պետութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ», իսկ ուրիշներ թելադրեցին որ ատիկա «կառավարութեան շահերուն հակառակ է»։ Ոմանք խորհեցան որ իրլանտացիները տգիտութեան մէջ պահելը Անգլիոյ հաշւոյն կ’երթայ։ Նաեւ դրուեցան օրէնքներ, որոնք իրլանտացիներէն կը պահանջէին որ իրենց լեզուէն ու սովորութիւններէն վազ անցնելով անգլերէն սորվին եւ անգլիական սովորութիւններուն հետեւին։

ՊԸՏԵԼԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Պըտել այսպիսի դիկտատորական տեսակէտներէ վախնալով ետ չկեցաւ։ 1630–ականներու սկիզբը, ան սկսաւ իրլանտերէնի թարգմանել վերջերս հրատարակուած անգլերէն Աստուածաշունչը (1611–ի Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը)։ Ան կ’ուզէր մէջտեղ բերել Աստուածաշունչ մը, զոր կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ կրնային հասկնալ։ Ան շատ համոզուած էր, թէ մինչեւ այն ատեն որ Աստուածաշունչը «կղպուած» գիրք մըն էր աղքատներուն համար, անոնք պիտի չկրնային զայն սերտելով յաւիտենական կեանքի ճամբան գտնել (Յովհաննէս 17։3

Պըտել մինակը չէր որ այս մէկը նկատեց։ Շուրջ 30 տարի առաջ, Ուիլիամ Տանիէլ անունով ուրիշ եպիսկոպոս մը տեսած էր, թէ որքա՜ն դժուար է որ մէկը Աստուածաշունչին սորվեցուցածը գիտնայ, երբ ատիկա «անծանօթ լեզուի մը շուքին տակն է»։ Ան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները թարգմանած էր իրլանտերէնի։ Այժմ Պըտել իր վրայ առաւ Եբրայերէն Գրութիւններուն թարգմանութիւնը։ Այն Աստուածաշունչը որ ճանչցուած է որպէս Պըտելի Աստուածաշունչ, կը բովանդակէ թէ՛ Պըտելի եւ թէ Ուիլիամ Տանիէլի գործերը։ Պըտելի Աստուածաշունչը, որ իրլանտերէն լեզուով առաջին ամբողջական Աստուածաշունչն է, միակ իրլանտերէն Աստուածաշունչը մնաց յաջորդ 300 տարիներուն։

Պըտել, որ եբրայերէն լեզուի որակեալ ուսումնական էր, երկու անձ գործածեց, որոնց մայրենի լեզուն իրլանտերէն էր, որպէսզի օգնեն անգլերէնէն իրլանտերէնի թարգմանելու։ Մինչ անոնք կ’աշխատէին, Պըտել եւ իրեն հետ երկու վստահելի օգնականներ, ամենայն բծախնդրութեամբ ստուգեցին իւրաքանչիւր համար։ Անոնք օգտագործեցին զուիցերիացի աստուածաբան Ճիովաննի Տիոտաթիի իտալերէն Աստուածաշունչը, ինչպէս նաեւ յունարէն Եօթանասնից թարգմանութիւնը եւ հին ու արժէքաւոր եբրայերէն ձեռագիր մը։

Խումբը Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչ–ին թարգմանիչներուն հետեւելով (որոնցմէ շատեր Պըտել թերեւս անձամբ կը ճանչնար), Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անձնական անունը զանազան տեղեր նշեցին։ Օրինակ՝ Ելից 6։3–ի մէջ անոնք Աստուծոյ անունը գրեցին «Iehovah» ձեւով։ Պըտելի բուն ձեռագիրը Մարշի գրադարանին մէջ պահպանուած է, Տապլին, Իրլանտա (տե՛ս «Պըտելի գործը կը գնահատուի» շրջանակը)։

ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԿԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԻ

Պըտել իր ծրագիրը ամբողջացուց շուրջ 1640–ին, բայց չկրցաւ անմիջապէս զայն հրատարակել։ Ինչո՞ւ։ Նախ՝ քանի որ տակաւին մեծ հակառակութիւն կը դիմագրաւէր։ Չարախօս մարդիկ նախատեցին Պըտելի գլխաւոր թարգմանիչը, յուսալով որ իր գործը անվստահելի դարձնեն։ Անոնք նոյնիսկ չարամտութեամբ կարգադրեցին որ Պըտել ձերբակալուի եւ բանտարկուի։ Ասիկա չէր բաւեր, 1641–ին Անգլիոյ դէմ արիւնոտ ըմբոստութիւն մը սկսաւ։ Տեղացի իրլանտացի մարդիկ որոշ ժամանակ մը Պըտելը պաշտպանեցին՝ հակառակ որ անգլիացի էր, քանի որ գիտէին թէ ան իրենցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած էր։ Ի վերջոյ, ըմբոստ զինուորները զինք բանտարկեցին շատ գէշ պայմաններու մէջ։ Անկասկած ասիկա արագացուց իր մահը, որ տեղի ունեցաւ 1642–ին։ Ան բնա՛ւ չտեսաւ իր Աստուածաշունչին հրատարակուիլը։

Պըտելի բուն ձեռագրին անուանաէջը, շուրջ 1640, եւ հրատարակուած Աստուածաշունչը, 1685

Երբ Պըտելի տունը խուզարկուեցաւ եւ կործանուեցաւ, քիչ մնաց որ իր գործը ամբողջութեամբ ոչնչացուէր։ Բարեբախտաբար, մօտիկ բարեկամ մը կրցաւ թարգմանուած բոլոր թուղթերը ազատել։ Յետագային, ատոնք Նարկիս Մարշի ձեռքը անցան, որ Արմայի եպիսկոպոսը եւ Իրլանտայի եկեղեցիին գահերէցը եղաւ։ Ան նիւթական օգնութիւն ստացաւ գիտնական Ռապըրթ Պոյլէն եւ 1685–ին Պըտելի Աստուածաշունչը քաջաբար հրատարակեց։

ՊԶՏԻԿ ԲԱՅՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔԱՅԼ ՄԸ ԴԷՊԻ ԱՌՋԵՒ

Պըտելի Աստուածաշունչը աշխարհահռչակ չդարձաւ։ Սակայն ատիկա պզտիկ, եւ նոյն ատեն կարեւոր, քայլ մըն էր Աստուածաշունչը աւելի լաւ հասկնալու, նամանաւանդ ի շահ այն մարդոց, որոնք իրլանտերէն կը խօսէին ոչ միայն Իրլանտայի մէջ, այլեւ՝ Սկովտիայի մէջ եւ շատ մը ուրիշ տեղեր։ Անոնք այժմ կրնային Աստուծոյ Խօսքը իրենց մայրենի լեզուով կարդալով իրենց հոգեւոր կարիքը գոհացնել (Մատթէոս 5։3, 6

«Երբ Պըտելի Աստուածաշունչը կարդացինք, Աստուածաշունչին խօսքերը մեր մայրենի լեզուով լսեցինք։ Ասիկա կարեւոր ազդակ մըն էր, որ թոյլ տուաւ որ ես ու ընտանիքս Աստուածաշունչին մէջի հոյակապ ճշմարտութիւնները սորվինք»

Պըտելի Աստուածաշունչը մինչեւ օրս կ’օգնէ ճշմարտութիւնը սիրողներուն, որ իրենց հոգեւոր կարիքը գոհացնեն։ Իրլանտերէն խօսող մը, որ համեմատաբար վերջերս սորվեցաւ Աստուածաշունչի ճշգրիտ ուսուցումները, կ’ըսէ. «Երբ Պըտելի Աստուածաշունչը կարդացինք, Աստուածաշունչին խօսքերը մեր մայրենի լեզուով լսեցինք։ Ասիկա կարեւոր ազդակ մըն էր, որ թոյլ տուաւ որ ես ու ընտանիքս Աստուածաշունչին մէջի հոյակապ ճշմարտութիւնները սորվինք»։