Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ասորերէն Փէշիթա թարգմանութիւնը Աստուածաշունչի նախնական թարգմանութեան վրայ լոյս կը սփռէ

Ասորերէն Փէշիթա թարգմանութիւնը Աստուածաշունչի նախնական թարգմանութեան վրայ լոյս կը սփռէ

1892–ին, երկուորեակ քոյրերը՝ Ագնէս Սմիթ Լուիս եւ Մարկրէթ Տընլափ Կիպսըն, ինը օր անապատին մէջ ուղտով ճամբորդեցին դէպի Սինա լերան ստորոտը գտնուող Ս. Քաթրին վանքը։ 40–ական տարիքի վերջաւորութեան եղող այս երկու կիները, ինչո՞ւ այս ճամբորդութիւնը ըրին այնպիսի ժամանակ մը, երբ Արեւելքի մէջ ճամբորդելը շատ վտանգաւոր էր։ Պատասխանը կրնայ Աստուածաշունչի ճշգրտութեան նկատմամբ համոզումդ զօրացնել։

Ագնէս Սմիթ Լուիս եւ Ս. Քաթրին վանքը

ԵՐԿԻՆՔ չվերադարձած, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց իրեն մասին վկայել «Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։ Աշակերտները ասիկա ըրին նախանձախնդրութեամբ ու քաջութեամբ։ Սակայն Երուսաղէմի մէջ իրենց ծառայութեան դէմ սաստիկ հակառակութիւն ծագեցաւ եւ Ստեփանոս նահատակուեցաւ։ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր ապաստանեցան Սուրիոյ Անտիոքը, հռոմէական կայսրութեան ամենամեծ քաղաքներէն մէկը, որ շուրջ 550 քմ. հեռաւորութեամբ Երուսաղէմին հիւսիսը կը գտնուէր (Գործք 11։19

Անտիոքի մէջ աշակերտները շարունակեցին Յիսուսի մասին բարի լուրը քարոզել, եւ բազմաթիւ ոչ–հրեաներ հաւատացեալներ դարձան (Գործք 11։20, 21)։ Թէեւ յունարէնը Անտիոքի պարիսպներէն ներս հասարակաց լեզուն էր, սակայն քաղաքէն դուրս եւ նահանգին մէջ մարդիկ ասորերէն կը խօսէին։

ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ԱՍՈՐԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ ԿԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԻ

Մինչ երկրորդ դարուն ասորերէն խօսող քրիստոնեաներուն թիւը շատցաւ, հարկ եղաւ որ բարի լուրը իրենց լեզուով թարգմանուի։ Արդ, այնպէս կ’երեւի թէ ասորերէնը, եւ ոչ թէ լատիներէնը, առաջին լեզուն էր՝ որով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն հատուածներ թարգմանուեցան։

Շուրջ Ք.Ե. 170–ին, ասորի գրող Տատիանոս (շուրջ Ք.Ե. 120-173) արդէն իսկ չորս կանոնական Աւետարանները միացուցած էր եւ յունարէնով կամ ասորերէնով արտադրած էր Տիաթեսարոն–ը,– յունարէն բառ մը, որ կը նշանակէ «չորսին ընդմէջէն»։ Յետագային, Եփրեմ ասորի (շուրջ Ք.Ե. 310-373) Տիաթեսարոն–ի մասին մեկնաբանութիւն մը գրեց, այսպիսով հաստատելով անոր ընդարձակ գործածութիւնը ասորի քրիստոնեաներու կողմէ։

Տիաթեսարոն–ը ներկայիս մեզ շատ կը հետաքրքրէ։ Ինչո՞ւ։ 19–րդ դարուն, կարգ մը ուսումնականներ առարկեցին թէ Աւետարանները գրուած էին երկրորդ դարուն (Ք.Ե. 130-170), եւ հետեւաբար չէին կրնար Յիսուսի կեանքին վաւերական արձանագրութիւնները ըլլալ։ Սակայն այժմ Տիաթեսարոն–ի ի յայտ եկած ձեռագիրները փաստած են, թէ չորս Աւետարանները երկրորդ դարու կիսուն արդէն իսկ մեծապէս շրջաբերութեան մէջ էին։ Արդ, անոնք անկէ առաջ գրուած ըլլալու էին։ Ասկէ զատ, որովհետեւ Տատիանոս Տիաթեսարոն–ը կազմելու ատեն հիմնականօրէն գործածեց չորս ընդունուած Աւետարանները, բացայայտ է թէ պարականոն աւետարանները վստահելի կամ կանոնական չէին նկատուեր։

Հնգամատեանի ասորերէն Փէշիթա թարգմանութիւնը, Ք.Ե. 464, Աստուածաշունչի երկրորդ ամենահին թուակիր ձեռագիրը

Հինգերորդ դարուն սկիզբը, Միջագետքի հիւսիսը Աստուածաշունչի ասորերէն թարգմանութիւն մը արդէն սկսած էր ժողովուրդին կողմէ գործածուիլ։ Անիկա հաւանաբար Ք.Ե. երկրորդ կամ երրորդ դարուն պատրաստուած էր։ Այս թարգմանութիւնը Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերը կ’ընդգրկէր, բացի հետեւեալներէն՝ Բ. Պետրոս, Բ. եւ Գ. Յովհաննէս, Յուդա եւ Յայտնութիւն։ Անիկա ճանչցուած է որպէս Փէշիթա, որ կը նշանակէ՝ «Պարզ» կամ «Յստակ», եւ Սուրբ Գրութիւններու նախնական թարգմանութեան ամէնէն հին ու կարեւոր մէկ վկան է։

Հետաքրքրական է որ Փէշիթա թարգմանութեան մէկ ձեռագիրը կը կրէ թուական մը, որ կը համապատասխանէ Ք.Ե. 459/460–ին։ Անիկա Աստուածաշունչի ամենահին թուակիր ձեռագիրն է։ Շուրջ Ք.Ե. 508–ին, Փէշիթա թարգմանութեան վերանայումը լոյս տեսաւ եւ կը պարփակէր այդ հինգ գիրքերը, որոնք պակաս էին։ Անիկա ճանչցուեցաւ որպէս Ֆիլոքսինեան թարգմանութիւն։

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՍՈՐԵՐԷՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԻՆ

Սինայական ասորերէն ձեռագիր կոչուող կրկնագիր մագաղաթը։ Լուսանցքին մէջ Աւետարաններէն գրութիւններ կ’երեւին

Մինչեւ 19–րդ դար, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն գրեթէ բոլոր յունարէն օրինակները կը պատկանէին հինգերորդ դարուն կամ աւելի ուշ։ Այս պատճառով, աստուածաշնչագէտները մասնաւորաբար հետաքրքրուած էին նախնական թարգմանութիւններով, ինչպէս՝ լատիներէն Վուլկաթա եւ ասորերէն Փէշիթա։ Այդ ատեն, ոմանք կը հաւատային թէ Փէշիթա–ն ասորերէն աւելի հին թարգմանութեան մը վերանայումն էր։ Բայց այսպիսի գրութիւն մը անծանօթ էր։ Որովհետեւ ասորերէն Աստուածաշունչը երկրորդ դարէն ծագում կ’առնէ, այդ թարգմանութիւնը միջոց մը պիտի ըլլար գիտնալու Աստուածաշունչի բնագիրը աւելի կանուխ հանգրուանի մէջ, եւ վստահաբար աստուածաշնչագէտներուն համար անգին պիտի ըլլար։ Իսկապէս ասորերէն հին թարգմանութիւն մը գոյութիւն ունէ՞ր։ Անիկա պիտի գտնուէ՞ր։

Արդարեւ այո՛։ Իրականութեան մէջ, այսպիսի երկու թանկագին ասորերէն ձեռագիրներ գտնուեցան։ Առաջինը կը պատկանի հինգերորդ դարուն։ Անիկա այն բազմաթիւ ասորերէն ձեռագիրներուն մէջ էր, որոնք Բրիտանական թանգարանը 1842–ին ձեռք ձգեց վանքէ մը, որ Եգիպտոսի Նաթրուն անապատին մէջ կը գտնուի։ Անիկա կոչուեցաւ Գուրթոնի ասորերէն ձեռագիրը, քանի որ թանգարանին պաշտօնեան՝ Ուիլիամ Գուրթոն զայն յայտնաբերեց ու հրատարակեց։ Այս թանկագին գրութիւնը կը պարունակէ չորս Աւետարանները, սա շարքաւորումով. Մատթէոս, Մարկոս, Յովհաննէս եւ Ղուկաս։

Երկրորդ ձեռագիրը որ մինչեւ օրս վերապրած է՝ Սինայական ասորերէն ձեռագիրն է։ Անոր յայտնաբերումը առնչուած է սկիզբը նշուած երկու արկածախնդիր քոյրերուն։ Թէեւ Ագնէս համալսարանական վկայական չունէր, բայց ան ութ օտար լեզուներ սորված էր, որոնցմէ մէկն էր ասորերէնը։ 1892–ին, Ագնէս Եգիպտոսի Ս. Քաթրին վանքին մէջ յատկանշական յայտնաբերում մը ըրաւ։

Մութ պահարանի մը մէջ, ան ասորերէն ձեռագիր մը գտաւ։ Ան նշեց թէ «անիկա շատ աղտոտ ըլլալով գարշելի երեւոյթ ունէր, եւ թերթիկները գրեթէ իրարու փակած էին, քանի որ չէին թղթատուած» դարերէ ի վեր։ Անիկա կրկնագիր մագաղաթ մըն էր, որուն բնագիրը ջնջուած էր եւ ասորերէնով սրբուհիներու մասին գրուած էր։ Սակայն, Ագնէս նկատեց գրութիւններուն ետին եղող այլ գրութիւններ եւ էջերուն վերեւ սա բառերը՝ «Մատթէոսի», «Մարկոսի» կամ «Ղուկասու»։ Ան բռնած էր չորս Աւետարաններուն ասորերէն ձեռագիր մատեանը։ Այժմ ուսումնականներ կ’ըսեն թէ այս ձեռագիր մատեանը չորրորդ դարուն վերջաւորութեան գրուած է։

Սինայական ասորերէն ձեռագիրը աստուածաշնչական յայտնաբերուած ձեռագիրներուն մէջ կարեւորագոյններէն մէկը կը նկատուի, կարգ մը յունարէն ձեռագիրներու նման, ինչպէս՝ Սինայական ձեռագիր մատեանը եւ Վատիկանեան ձեռագիր մատեանը։ Այժմ ընդհանուր առմամբ կը կարծուի, թէ Գուրթոնի ասորերէն ձեռագիրը եւ Սինայական ձեռագիրը ընդօրինակած են վաղեմի ասորերէն Աւետարանները, որոնք կը պատկանին երկրորդ դարու վերջաւորութեան կամ երրորդ դարու սկիզբին։

«ՄԵՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ ԽՕՍՔԸ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ»

Ներկայիս Աստուածաշունչի աշակերտները այս ձեռագիրներէն կրնա՞ն օգտուիլ։ Անկասկած։ Նկատի առ Մարկոս Աւետարանին այդպէս կոչուած երկար եզրափակումը, որ կարգ մը Աստուածաշունչերու մէջ Մարկոս 16։8–ին կը յաջորդէ։ Անիկա կը տեսնուի հինգերորդ դարու յունարէն Աղեքսանդրեան ձեռագիր մատեանին մէջ, լատիներէն Վուլկաթա–յի մէջ եւ այլուր։ Սակայն, չորրորդ դարու երկու վստահելի յունարէն ձեռագիրներ՝ Սինայական ձեռագիր մատեան եւ Վատիկանեան ձեռագիր մատեան, Մարկոս 16։8–ով վերջ կը գտնեն։ Սինայական ասորերէն ձեռագիրն ալ այս երկար եզրափակումը չունի, յաւելեալ ապացոյց տալով թէ անիկա Մարկոս Աւետարանի բնագրին մաս չէր կազմեր։

Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ 19–րդ դարուն, Աստուածաշունչի գրեթէ բոլոր թարգմանութիւնները Ա. Յովհաննէս 5։7–ին մէջ Երրորդութեան ի նպաստ անհարազատ յաւելում մը ունէին։ Սակայն այս յաւելումը յունարէն ամէնէն հին ձեռագիրներուն մէջ չ’երեւիր։ Անիկա Փէշիթա թարգմանութեան մէջ ալ չի տեսնուիր, այսպիսով ապացուցանելով թէ Ա. Յովհաննէս 5։7–ի յաւելումը իսկապէս Աստուածաշունչի բնագրին աղաւաղում մըն է։

Յստակ է թէ Եհովա Աստուած իր խոստումին համաձայն իր սուրբ Խօսքը պահպանած է։ Անոր մէջ մեզի կը տրուի սա երաշխիքը. «Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ» (Եսայի 40։8. Ա. Պետրոս 1։25Փէշիթա թարգմանութիւնը համեստ բայց կարեւոր դեր կը խաղայ Աստուածաշունչի պատգամը ճշգրտօրէն փոխանցելուն մէջ ամբողջ մարդկութեան։

The Greek word pa·lim’pse·stos means “scraped again.”