Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ե՞րբ կանխադատութիւնը վերջ պիտի գտնէ

Ե՞րբ կանխադատութիւնը վերջ պիտի գտնէ

ՅԻՍՈՒՆ տարի առաջ, 28 օգոստոս 1963–ին, ամերիկեան քաղաքացիական իրաւունքներու առաջնորդ՝ Մարթին Լուտեր Քինկ կրտսեր, հանրածանօթ դասախօսութեան մը ընթացքին ըսաւ. «Երազ մը ունիմ»։ Այս հրապուրիչ արտայայտութիւնը կրկնելով, Քինկ նշեց թէ կը յուսար որ օր մը մարդիկ ցեղային խտրականութենէ զերծ կեանք մը վայելեն։ Թէեւ անոր խօսքը ամերիկացիներուն ուղղուեցաւ, բայց բազմաթիւ երկիրներու մէջ մարդիկ անոր երազին էութիւնը որդեգրած են։

Մարթին Լուտեր Քինկ կրտսեր մինչ քաղաքացիական իրաւունքներու իր ճառը կը ներկայացնէ

Քինկի դասախօսութենէն երեք ամիս ետք, 20 նոյեմբեր 1963–ին, աւելի քան 100 երկիրներ որդեգրեցին Միացեալ ազգերու յայտարարութիւնը՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր տեսակները չքացնելու մասին։ Համաշխարհային այլ նախաձեռնութիւններ ալ որդեգրուեցան յաջորդող տասնամեակներուն։ Այս լուրջ ջանքերուն արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

21 մարտ 2012–ին, ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղար՝ Պան Քի–Մուն նշեց. «Բազմաթիւ արժէքաւոր դաշինքներ եւ միջոցներ կան,– ինչպէս նաեւ համաշխարհային օրակարգ,– արգիլելու եւ արմատախիլ ընելու ցեղապաշտութիւնը, ցեղային խտրականութիւնը, օտարատեացութիւնը եւ յարակից անհանդուրժողութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ցեղապաշտութիւնը կը շարունակէ աշխարհի տարածքին տառապանք պատճառել միլիոնաւորներու»։

Նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր ցեղային եւ ա՛յլ տեսակի կանխադատութեան դէմ դնելու մէջ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, տակաւին սա հարցումը կը ծագի. այդ բարելաւումները արդեօք իրապէս մարդոց սրտին մէջէն հանա՞ծ են կանխադատութեան խոր զգացումները, թէ ոչ պարզապէս այդպիսի զգացումներու դրսեւորումը սանձած են։ Ոմանք կը հաւատան, որ այսպիսի բարելաւումներ կրնան միայն խտրականութեան արգելք հանդիսանալ, բայց չեն կրնար կանխադատութիւնը արմատախիլ ընել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ խտրականութիւնը արարք մըն է որ կը տեսնուի եւ օրէնքին կողմէ կը պատժուի, մինչդեռ կանխադատութիւնը կապ ունի մարդոց ներքին մտածումներուն եւ զգացումներուն հետ, որոնք չեն հսկուիր։

Ուստի, կանխադատութիւնը բնաջնջելու որեւէ ջանք պէտք չէ պարզապէս խտրական արարքներ սանձէ, այլեւ՝ պէտք է ուրիշ խումբի պատկանող մարդոց հանդէպ անհատի մը ունեցած մտածումներն ու զգացումները փոխէ։ Արդեօք այս մէկը կարելի՞ է։ Եթէ այո՛, ինչպէ՞ս։ Նկատի առնենք իրական կեանքէ առնուած պարագաներ, որոնք մեզի պիտի օգնեն տեսնելու թէ ոչ միայն կարելի՛ է որ մարդիկ այդ փոփոխութիւնը ընեն, այլեւ՝ կայ բան մը, որ կրնայ անոնց օգնել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԱՆՈՆՑ ՕԳՆԵՑ ՈՐ Ա՛Լ ՉԿԱՆԽԱԴԱՏԵՆ

«Կը զգամ թէ կանխադատութենէ ձերբազատուած եմ» (Լինտա)։

Լինտա։ Ծնած եմ Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Բոլոր հարաւային ափրիկեցիները, որոնց մորթի գոյնը ճերմակ չէ, կը նկատէի ստորադաս, անուս, անվստահելի եւ ճերմակամորթներու ծառայ։ Կանխադատութեան ծուղակին մէջ ինկած էի եւ նոյնիսկ չէի գիտակցեր։ Սակայն այս կեցուածքը փոխուեցաւ, երբ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Սորվեցայ որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», եւ թէ սիրտը աւելի կարեւոր է, քան՝ մեր մորթին գոյնը կամ խօսած լեզուն (Գործք 10։34, 35. Առակաց 17։3Փիլիպպեցիս 2։3–ը ինծի օգնեց, որ ըմբռնեմ թէ երբ բոլոր մարդիկը ինձմէ գերադաս նկատեմ, պիտի կարենամ կանխադատութեան ճիրաններէն ազատիլ։ Այսպիսի աստուածաշնչական սկզբունքներու համաձայն ապրիլը ինծի օգնեց, որ ուրիշներով հետաքրքրուիմ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց մորթի գոյնը։ Այժմ կը զգամ թէ կանխադատութենէ ձերբազատուած եմ։

«Սորվեցայ թէ Աստուած մարդիկը ինչպէ՛ս կը նկատէ» (Մայքլ)։

Մայքլ։ Մեծցած եմ շրջանի մը մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը ճերմակամորթ աւստրալիացիներ են. եւ սաստիկ կանխադատութիւն զարգացուցած էի ասիացիներու՝ մասնաւորաբար չինացիներու հանդէպ։ Ինքնաշարժ քշած ատեն, եթէ նշմարէի ասիացի մը, գլուխս պատուհանէն դուրս հանելով՝ փողոցային արտայայտութիւններ կ’ընէի, ինչպէս՝ «Ասիացի՛, երկիրդ վերադարձի՛ր»։ Յետագային, երբ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, սորվեցայ թէ Աստուած մարդիկը ինչպէ՛ս կը նկատէ. ան զանոնք կը սիրէ՝ ի՛նչ ենթահող կամ ի՛նչ դրսերեւոյթ ալ ունենան։ Այս սէրը ինծի խորապէս ազդեց եւ ունեցած ատելութիւնս սիրով փոխարինուեցաւ։ Այսպիսի հսկայական փոփոխութեան ենթարկուիլը հոյակապ բան է։ Այժմ հաճոյք կը զգամ տարբեր երկիրներու ու ենթահողերու պատկանող անհատներու հետ ընկերակցելէն։ Այս մէկը կեանքի հանդէպ իմ տեսակէտս փոխած է եւ զիս մեծապէս ուրախացուցած է։

‘Մտածելակերպս ճշդեցի եւ մտքի խաղաղութիւն ունեցայ’ (Սանտրա)։

Սանտրա։ Մայրս Նիկերիոյ Տելթա նահանգին Ումունետէ գիւղաքաղաքէն էր։ Իսկ հօրս ընտանիքը Էտօ նահանգէն է եւ էսան լեզուն կը խօսի։ Այս տարբերութիւններուն պատճառաւ, մայրս մինչեւ իր մահը հօրս ընտանիքին կողմէ միշտ կանխադատութեան զոհը գնաց։ Ուստի, ուխտ ըրի որ կապ պիտի չունենամ անոնց հետ՝ որոնք էսան լեզուն կը խօսին եւ բնա՛ւ պիտի չամուսնանամ մէկու մը հետ, որ Էտօ նահանգէն է։ Բայց երբ Աստուածաշունչը սկսայ ուսումնասիրել, սկսայ հարցերը տարբեր անկիւնէ դիտել։ Քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած անաչառ է եւ թէ բոլոր իրմէ վախցողները իր աչքին ընդունելի են, մտածեցի թէ ես ո՞վ եմ որ մարդիկ ատեմ իրենց տոհմին կամ լեզուին պատճառաւ։ Մտածելակերպս ճշդեցի եւ հօրս ընտանիքին հետ փոխյարաբերութիւնս բարելաւեցի։ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը զիս ուրախացուցած է եւ մտքի խաղաղութիւն տուած է։ Ատիկա նաեւ ինծի օգնած է որ ուրիշներու հետ հեշտութեամբ վարուիմ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ենթահողը, ցեղը, լեզուն կամ ազգութիւնը։ Իսկ ամուսի՞նս. ան Էտօ նահանգէն է եւ էսան լեզուն կը խօսի։

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կրցած է ասոնց եւ ուրիշ շատերու օգնել, որ ատելավառ հոգիէ եւ կանխադատութենէ ձերբազատուին։ Քանի որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Ատիկա զօրութիւն ունի մարդու մտածելակերպը եւ ուրիշներու հանդէպ անոր զգացումները փոխելու։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ամէն տեսակի կանխադատութեան վերջ դնելու համար, յաւելեալ ի՛նչ բանի կարիք կայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԴՆԷ

Մինչ Աստուածաշունչի գիտութիւնը կրնայ օգնել զօրաւոր զգացումները զսպելու կամ արմատախիլ ընելու, երկու ա՛յլ բաներ կան, որոնք պէտք է ձեռք առնուին առաջ որ կանխադատութիւնը ամբողջովին վերացուի։ Առաջինը՝ մեղքն ու մարդկային անկատարութիւնն է։ Աստուածաշունչը պարզօրէն կը նշէ. «Մեղք չգործող մարդ չկայ» (Գ. Թագաւորաց 8։46)։ Ուստի, որքա՛ն ալ ջանք թափենք, Պօղոս առաքեալի նոյն ներքին մաքառումը ունինք, որ գրեց. «Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ» (Հռովմայեցիս 7։21)։ Հետեւաբար, ատենէ–ատեն մեր անկատար սիրտը պիտի վերադառնայ այն «չար խորհուրդներ»ուն, որոնք կրնան կանխադատութեան առաջնորդել (Մարկոս 7։21

Երկրորդը՝ Բանսարկու Սատանային ազդեցութիւնն է։ Աստուածաշունչը զինք կը նկարագրէ որպէս «մարդասպան», որ «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց» (Յովհաննէս 8։44. Յայտնութիւն 12։9)։ Ասիկա կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կանխադատութիւնը այսքան համատարած է, եւ ինչո՛ւ մարդկութեան համար անկարելի է արմատախիլ ընել մոլեռանդութիւնը, խտրականութիւնը, ցեղասպանութիւնը եւ ա՛յլ տեսակի ցեղային, կրօնական եւ ընկերային անհանդուրժողութիւնը։

Ուրեմն, կանխադատութիւնը բոլորովին բնաջնջուելէ առաջ, պէտք է մարդկային մեղքն ու անկատարութիւնը եւ Բանսարկու Սատանային ազդեցութիւնը վերացուին։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ճիշդ ասիկա է որ պիտի ընէ։

Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ բոլոր անարդարութիւնները,– ներառեալ ամէն տեսակի անհանդուրժողութիւն եւ կանխադատութիւն,– վերջ պիտի գտնեն։

Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ եւ երկրագունդին վրայ տիրէ, Սատանան պիտի ‘կապուի’, կամ ամբողջովին արգելափակուի, «որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը» (Յայտնութիւն 20։2, 3)։ Ապա «նոր երկիր», կամ մարդկային ընկերութիւն, պիտի ըլլայ՝ որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։13) *։

Այդ արդար մարդկային ընկերութեան մէջ ապրողները կատարելութեան պիտի հասնին եւ մեղքէն ձերբազատուին (Հռովմայեցիս 8։21)։ Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ, «անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Եսայի 11։9)։ Այդ ժամանակ, ամբողջ մարդկութիւնը Եհովա Աստուծոյ ճամբաները պիտի սորվի եւ իր սիրալիր անձնաւորութիւնը պիտի ընդօրինակէ։ Ասիկա իրապէս ամէն տեսակի կանխադատութեան վախճանը պիտի ըլլայ, քանի որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (Հռովմայեցիս 2։11

^ պարբ. 17 Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր իրագործելիք բաներուն նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3, 8 եւ 9–րդ գլուխները, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։