Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պիրիայի անտառը Գալիլիոյ մէջ

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Վաղեմի Իսրայէլը Աստուածաշունչի նկարագրածին պէս անտառաշա՞տ էր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ կը նշէ, որ Աւետեաց երկրին կարգ մը շրջաններու մէջ ծառերու «շատութիւն» կար (Գ. Թագ. 10։27. Յես. 17։15, 18.)։ Բայց քանի որ այժմ երկրին մեծ մասը անտառազուրկ է, սկեպտիկներ թերեւս ասոր շուրջ կասկածներ յարուցանեն։

Մոլաթուզի մեծ ողկոյզ մը

Գիրք մը կը բացատրէ, թէ «վաղեմի Իսրայէլի անտառները հիմակուընէ շատ աւելի էին» (Life in Biblical Israel)։ Բարձրագաւառները ընդհանրապէս ծածկուած էին Հալէպի սոճիներով (Pinus halepensis), փշակաղնիներով (Quercus calliprinos) եւ բեւեկնիներով (Pistacia palaestina)։ Կեդրոնական լեռնաշղթային եւ Միջերկրական ծովու ափին միջեւ ինկած բլրաշատ տարածքը, որ Շեֆելա կը կոչուի, նաեւ առատ էր մոլաթզենիով։

Ուրիշ գիրք մը կը նշէ, թէ այսօր Իսրայէլի շրջաններէն ոմանք բոլորովին ծառազուրկ են (Plants of the Bible)։ Ի՞նչ բան ասոր առաջնորդեց։ Գիրքը կը բացատրէ որ ասիկա աստիճանաբար տեղի ունեցաւ, ըսելով. «Մարդս յարատեւօրէն միջամտած է բնական բուսականութեան, գլխաւորապէս իր երկրագործութիւնը եւ արօտավայրը ընդարձակելու, ինչպէս նաեւ՝ շինանիւթ ու վառելանիւթ ձեռք ձգելու համար»։