Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Աստուածաշունչէն զատ, ուրիշ ապացոյց կա՞յ, որ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ ստրուկներ էին։

Աստուածաշունչը կը պատմէ որ Յովսէփ մադիանացիներու կողմէ Եգիպտոս տարուելէ ետք, Յակոբ նահապետ եւ իր ընտանիքը Քանանի երկրէն փոխադրուեցան Եգիպտոս։ Անոնք հաստատուեցան Նեղոսի տելթայի մէջ գտնուող Գեսեմ շրջանին մէջ (Ծն. 47։1, 6)։ Իսրայէլացիները «շատցան ու խիստ զօրացան»։ Անոր համար, եգիպտացիները սկսան իսրայէլացիներէն վախնալ եւ զանոնք ստրկութեան ենթարկեցին (Ել. 1։7-14

Կարգ մը արդի քննադատներ ծաղրած են Աստուածաշունչի վերոնշեալ արձանագրութիւնը, ըսելով թէ ատիկա առասպել է։ Սակայն ապացոյցներ կա՛ն, որ սեմականներ * որպէս ստրուկ ապրեցան հին Եգիպտոսի մէջ։

Օրինակ, հնագէտներ բնակեցուած հողատարածքներ յայտնաբերած են Եգիպտոսի հիւսիսը։ Աստուածաշունչի ուսումնական դոկտ. Ճոն Պիմսըն կը տեղեկագրէ, թէ փաստեր կան որ այդ շրջանին մէջ 20 կամ աւելի սեմական բնակավայրեր գոյութիւն ունեցած են։ Ասկէ զատ, եգիպտաբան Ճէյմզ Ք. Հաֆմայեր կ’ըսէ. «Շուրջ Ք.Ա. 1800–էն մինչեւ Ք.Ա. 1540, արեւմտեան Ասիոյ մէջ սեմական լեզուներ խօսող մարդոց համար Եգիպտոսը գրաւիչ գաղթավայր մըն էր»։ Ան կ’աւելցնէ. «Այս ժամանակամիջոցը կը զուգադիպի աւանդական ‘Նահապետներու շրջանին’, եւ հետեւաբար կը համապատասխանէ Ծննդոց գրքին մէջ նկարագրուած ժամանակաշրջանին եւ պարագաներուն»։

Եգիպտոսի հարաւէն ալ կայ յաւելեալ ապացոյց։ Միջին Թագաւորութեան (շուրջ Ք.Ա. 2000-1600) շրջանին պատկանող պապիրոս մը կը բովանդակէ ստրուկներու անուններ, որոնք Եգիպտոսի հարաւը ապրող ընտանիքի մը քով կ’աշխատէին։ Անուններուն աւելի քան 40–ը սեմական են։ Այս ստրուկները, կամ ծառաները, կ’աշխատէին որպէս՝ խոհարարներ, կտաւագործներ կամ բանուորներ։ Հաֆմայեր կը նշէ. «Եթէ Թեբայիդի [Եգիպտոսի հարաւը] միայն այս մէկ կալուածին մէջ կային աւելի քան քառասուն սեմականներ, ուրեմն Եգիպտոսի տարածքին, մանաւանդ Տելթայի շրջանը, անոնց թիւը բաւական մեծ ըլլալու էր»։

Հնագէտ Տէյվիտ Ռոլ կը գրէ, որ ստրուկներու անուններէն ոմանք կը նմանին «Սուրբ Գիրքի էջերուն վրայ գտնուող անուններուն»։ Օրինակ, պատառիկներուն վրայ կը գտնուին անուններ, որոնք կը նմանին այսպիսի անուններու՝ Իսաքար, Ասեր եւ Սեփրա (Ել. 1։3, 4, 15)։ «Ասիկա իրապէս կը փաստէ, որ իսրայէլացիները այդ ժամանակ ստրուկներ էին Եգիպտոսի մէջ», կ’եզրակացնէ Ռոլ։

Դոկտ. Պիմսըն կը նշէ. «Եգիպտոսի մէջ ստրկութեան մասին եւ Եգիպտոսէն իսրայէլացիներուն ելքին մասին սուրբգրային աւանդութիւնները, պատմական հաստատ հիմ ունին»։

^ պարբ. 4 «Սեմական» անունը յառաջ եկաւ Սէմի անունէն, որ Նոյի երեք տղաներէն մէկն էր։ Սէմի սերունդը հաւանաբար պարփակեց՝ եղամացիները, ասորեստանցիները, առաջին քաղդէացիները, եբրայեցիները, ասորիները եւ զանազան արաբական տոհմեր։