Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որպէս երեխայ ընտրեցի քամպոտիացիներուն օգնել

Որպէս երեխայ ընտրեցի քամպոտիացիներուն օգնել

Երբ տղեկ էի

1985–ին, միայն տասը տարեկան էի երբ Քամպոտիայէն երեխաներ եկան դպրոցս՝ Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ (ԱՄՆ)։ Տղոցմէ մէկը անգլերէն քանի մը բառ գիտէր։ Գծագրութիւններու օգնութեամբ, ան սկսաւ սարսափելի պատմութիւններ պատմել չարչարանքի, սպանութիւններու եւ ազատումներու մասին։ Գիշերը այս երեխաներուն մասին մտածելով կու լայի։ Ուզեցի անոնց պատմել Դրախտին եւ յարութեան յոյսին մասին, բայց անոնք լեզուս չէին հասկնար։ Թէեւ միայն տղեկ մըն էի, բայց որոշեցի քամպոտերէն սորվիլ, որպէսզի կարենամ դպրոցակիցներուս խօսիլ Եհովային մասին։ Այդ ժամանակ չէի գիտեր թէ այս որոշումս որքա՛ն պիտի ազդէր ապագայիս։

Քամպոտերէն սորվիլը դժուար էր։ Երկու անգամ որոշեցի յանձնուիլ, բայց Եհովան ծնողքիս միջոցաւ զիս քաջալերեց։ Ժամանակի ընթացքին, ուսուցիչներս եւ դասընկերներս սկսան զիս յորդորել, որ շահաբեր ասպարէզ մը հետապնդեմ։ Բայց ես ուզեցի ռահվիրայ ըլլալ, անոր համար ընտրեցի բարձրագոյն վարժարանի դասընթացքներ, որոնք ինծի պիտի օգնէին մասնակի ժամով գործ գտնելու, որպէսզի նպատակակէտիս հասնիմ։ Դպրոցէն ետք, յաճախ կարգ մը ռահվիրաներու հետ կը տեսակցէի եւ անոնց հետ ծառայութեան կը մասնակցէի։ Նաեւ որոշեցի դասեր տալ կարգ մը աշակերտներու, որոնց երկրորդ լեզուն անգլերէնն էր, ինչ որ յետագային ինծի շատ օգտեց։

Երբ 16 տարեկան էի, լսեցի թէ քամպոտերէն խօսող խումբ մը կար Լոնկ Պիչի մէջ, Քալիֆորնիա (ԱՄՆ)։ Այդ խումբին այցելեցի, եւ քամպոտերէն կարդալ սորվեցայ։ Դպրոցը աւարտելէ անմիջապէս ետք, ռահվիրայութեան ձեռնարկեցի եւ մեր տան մօտ գտնուող քամպոտիացիներուն շարունակեցի քարոզել։ Երբ 18 տարեկան էի, մտածեցի Քամպոտիա փոխադրուիլ։ Անիկա տակաւին վտանգաւոր երկիր մըն էր, բայց գիտէի թէ անոր 10 միլիոն բնակիչներէն միայն քիչեր Թագաւորութեան բարի լուրը լսած էին։ Այդ ատեն, ամբողջ երկրին մէջ կար միայն մէկ ժողովք, որ 13 հրատարակիչ ունէր։ 19 տարեկանիս, առաջին անգամ ըլլալով Քամպոտիա այցելեցի։ Երկու տարի ետք, որոշեցի երթալ ու հոն ապրիլ։ Անձնական ծախսերս հանելու համար, մասնակի ժամով գործ գտայ. թարգմանութիւն եւ անգլերէն ուսուցանել։ Ժամանակ մը ետք, ամուսնացայ կնոջ մը հետ, որ իմ նոյն նպատակակէտերս ունէր։ Միասնաբար, ուրախութեամբ շատ մը քամպոտիացիներու օգնած ենք որ իրենց կեանքը Աստուծոյ նուիրեն։

Եհովան ‘սրտիս խնդրուածքները’ ինծի շնորհած է (Սաղ. 37։4)։ Աշակերտելը գոհունակութիւն տուող լաւագոյն գործն է։ Այժմ 16 տարի է որ Քամպոտիոյ մէջ եմ, եւ այդ 13 հրատարակիչներուն թիւը աւելնալով՝ ունինք 12 ժողովք եւ 4 մեկուսացած խումբ (կը պատմէ Ճէյսըն Պլէքուէլ)։