Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնուրաց ծառայողներ. Նորվեկիա

Անձնուրաց ծառայողներ. Նորվեկիա

ՔԱՆԻ մը տարի առաջ, Ռուալն ու Էլսէպեթը, որոնք 40–ական տարիքի վերջաւորութեան էին, հանգստաւէտ կեանք մը կը վարէին Նորվեկիոյ երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Պերկենի մէջ։ Իրենց աղջկան եւ որդւոյն՝ Իսապէլին եւ Ֆապիանին հետ միասին, անոնք հաւատարմօրէն կը մասնակցէին ժողովքին գործունէութիւններուն։ Ռուալը որպէս երէց կը ծառայէր, իսկ Էլսէպեթը՝ որպէս ռահվիրայ, մինչ իրենց զաւակները լաւ հրատարակիչներ էին։

Սակայն, սեպտեմբեր 2009–ին, ընտանիքը որոշեց տարբեր բան մը ընել,– մէկ շաբաթ՝ մեկուսացած վայր մը քարոզել։ Ուստի Ռուալն ու Էլսէպեթը իրենց տղուն՝ 18 ամեայ Ֆապիանին հետ, ուղղուեցան դէպի Նորտքին, Ֆինմարքին մէջ գտնուող մէկ թերակղզին, Բեւեռային շրջագծէն վերեւ։ Այդտեղ, Խոյլուֆճուռ գիւղաքաղաքին մէջ, անոնք ուս–ուսի քարոզեցին ա՛յլ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որոնք ե՛ւս եկած էին այդ մեկուսացած վայրը քարոզելու։ Ռուալը կը մտաբերէ. «Այդ շաբթուան սկիզբը, ես շատ գոհունակ զգացի, քանի որ կրցայ գործերս կարգի դնել, որպէսզի լման շաբաթ մը մասնակցիմ այս մասնաւոր գործունէութեան»։ Սակայն այդ նոյն շաբթուան վերջաւորութեան, Ռուալ անհանգիստ զգաց։ Ի՞նչ պատահեցաւ արդեօք։

ՅԱՆԿԱՐԾԱԿԻ ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ

Ռուալ կը պատմէ. «Ֆինմարքին մէջ ծառայող ռահվիրայ մը՝ Մարիոն, յանկարծ մեզի հարց տուաւ, որ յօժար պիտի ըլլայի՞նք Լաքսելվ քաղաքը տեղափոխուելու, 23 հրատարակիչներէ բաղկացած ժողովքին օգնելու համար»։ Այս հարցումը զարմացուց Ռուալը։ Ան կը բացատրէ. «Ես ու կինս մտածած էինք թէ հաւանական է որ ծառայենք հո՛ն ուր աւելի մեծ կարիք կայ,– բայց այս բանը ապագային համար կը մտածէինք, երբ մեր զաւակները տունը ձգեն»։ Բայց եւ այնպէս, միայն քանի մը օր այդ մեկուսացած վայրը քարոզելով, Ռուալը տեսաւ թէ մարդիկ յօժա՛ր էին Եհովային մասին սորվելու։ Անոնք կ’ուզէին հի՛մա սորվիլ եւ ոչ թէ ապագային։ «Հարցումը խղճիս դպաւ եւ մինչեւ անգամ քունս փախցուց քանի մը գիշեր», կը մտաբերէ ան։ Ապա, Մարիոն Ռուալն ու անոր ընտանիքը ինքնաշարժով Լաքսելվ տարաւ, Խոյլուֆճուռէն մօտ 240 քմ դէպի հարաւ։ Ան ուզեց որ այցելուները իրենց աչքովը տեսնեն այդտեղի պզտիկ ժողովքը։

Լաքսելվի մէջ գտնուող երկու երէցներէն մէկը՝ Անտրէասը, այցելուներուն ցուցուց շրջանն ու Թագաւորութեան սրահը։ Ժողովքի անդամները ջերմօրէն ողջունեցին զանոնք եւ Ռուալին ու Էլսէպեթին ըսին, թէ շատ կ’ուզեն որ իրենց ընտանիքը հոն տեղափոխուի՝ Թագաւորութեան գործին մէջ օգնութեան ձեռքեր ըլլալու։ Ժպտադէմ Անտրէասը ըսաւ թէ արդէն իսկ գործի մը տեսակցութիւն կարգադրած էր Ռուալին եւ Ֆապիանին համար։ Այցելուները ի՞նչ պիտի ընէին։

Ի՞ՆՉ ՈՐՈՇԵԼ

Ֆապիանին առաջին հակազդեցութիւնն էր՝ «Չեմ ուզեր հոս տեղափոխուիլ»։ Ան չհաւնեցաւ այն միտքը, թէ պիտի ձգէր իր ժողովքի մանկութեան ընկերները եւ ապրէր պզտիկ քաղաքի մը մէջ։ Ասկէ զատ, ան դեռ չէր աւարտած իր դասընթացքը՝ ելեկտրագէտ մը դառնալու։ Բայց իր 21 ամեայ քոյրը՝ Իսապէլը, ուրիշ կարծիքի էր։ Երբ ան այս գաղափարը լսեց, բացագանչեց. «Ես ճիշդ ա՛յս է որ միշտ կը փափաքէի ընել»։ Բայց ետքը ըսաւ. «Երբ ասոր մասին աւելի խորը մտածեցի, հարց տուի. ‘Ասիկա իրա՞ւ լաւ գաղափար մըն է։ Պիտի չկարօտնա՞մ իմ ընկերուհիներս։ Պէտք չէ՞ իմ ժողովքիս մէջ մնամ, ուր ամէն բան յստակ ու կարգի է’»։ Իսկ Էլսէպեթի՞ն հակազդեցութիւնը ինչ էր։ «Զգացի թէ Եհովան մեր ընտանիքին նշանակում մը տուած էր», կ’ըսէ ան։ «Բայց նաեւ կը մտածէի վերջերս նորոգուած մեր տան վրայ, եւ անոր բոլոր կահկարասիներուն վրայ, որոնք ձեռք բերինք վերջին 25 տարիներուն»։

Էլսէպեթն ու Իսապէլը

Երբ մասնաւոր շաբաթը վերջացաւ, Ռուալն ու անոր ընտանիքը Պերկեն վերադարձան. բայց չդադրեցան մտածելէ Լաքսելվի եղբայրներուն եւ քոյրերուն մասին, շուրջ 2100 քմ անդին։ Էլսէպեթ կ’ըսէ. «Ես շատ անգամ Եհովային աղօթեցի, եւ կապ պահեցի մեր նոր բարեկամներուն հետ՝ նկարներ եւ փորձառութիւններ փոխանակելով»։ Ռուալ կ’ըսէ. «Ժամանակի պէտք ունէի, մինչեւ որ տեղափոխուելու գաղափարը մտքիս մէջ տեղաւորուէր։ Նաեւ, պէտք է որ նկատի առնէի, թէ այս ծրագիրը պիտի յաջողի՛ գործնական գետնի վրայ կամ ոչ։ Մենք մեզի ինչպէ՞ս հոգ պիտի տանէինք։ Ես Եհովային բազմիցս աղօթեցի եւ ընտանիքիս ու փորձառու եղբայրներուն կարծիքը առի»։ Ֆապիանը կը մտաբերէ. «Որքան աւելի խորհէի այս մասին, այնքան աւելի կ’անդրադառնայի, թէ խորքին մէջ վաւերական պատճառ մը չունէի ո՛չ ըսելու։ Ես յաճախ Եհովային աղօթեցի, եւ տեղափոխուելու փափաքս հետզհետէ զօրացաւ»։ Իսապէ՞լն ինչ ըրաւ։ Ինքզինք պատրաստեց այս ծրագրին համար, իր ծննդավայրը ռահվիրայութիւն ընելով։ Ռահվիրայութեամբ եւ անձնական ուսումնասիրութեամբ լեցուն վեց ամիսներէ ետք, ան զգաց թէ պատրա՛ստ էր այս մեծ փոփոխութեան համար։

ՔԱՅԼԵՐ ԱՌԻՆ, ԻՐԵՆՑ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մինչ ընտանիքը սկսաւ աւելի՛ փափաքիլ ծառայել հո՛ն ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ, անոնք քայլեր առին՝ իրենց նպատակին հասնելու համար։ Հաճելի եւ վարձահատոյց գործ մը ունենալով հանդերձ, Ռուալն իր վարպետէն խնդրեց որ մէկ տարի գործէն բացակայի։ Բայց վարպետը սա կարգադրութիւնը ըրաւ,– երկու շաբաթ աշխատիլ, վեց շաբաթ բացակայիլ։ «Եկամուտս մեծապէս իջաւ, բայց անօթի չմնացինք», կ’ըսէ Ռուալը։

Էլսէպեթը կը պատմէ. «Ամուսինս ինձմէ խնդրեց, որ Լաքսելվի մէջ տուն գտնել փորձեմ, իսկ Պերկենի մեր տունը վարձու տանք։ Շատ ժամանակ եւ կորով պահանջեց, բայց ի վերջոյ յաջողեցանք։ Ատեն մը ետք, զաւակները մասնաժամով գործեր գտան եւ մեզի կ’օգնեն որ կերակուրի եւ փոխադրամիջոցի ծախսերը գոցենք»։

Իսապէլ կ’ըսէ. «Որո՛վհետեւ մեր տեղափոխուած քաղաքը պզտիկ է եւ ես ռահվիրայ մըն եմ, ապրուստ ճարելու համար գործ գտնելը իմ մեծագոյն մարտահրաւէրս եղաւ։ Ատեն–ատեն, յուսահատ կ’ըլլայի»։ Ասով հանդերձ, Իսապէլ կրցա՛ւ իր ծախսերը հոգալ՝ անխոնջօրէն մասնաժամով գործեր փնտռելով. ան առաջին տարին 9 գործ գտաւ։ Ֆապիա՞նը ինչ ըրաւ։ «Ելեկտրագիտութեան դասընթացքս աւարտելու համար, հարկ էր որ տակաւին մէկու մը ձեռքին տակ աշխատէի, եւ ճիշդ այդպէս ըրի Լաքսելվի մէջ։ Յետագային, քննութիւն տուի, յաջողեցայ եւ մասնաժամով գործ մը գտայ որպէս ելեկտրագէտ»։

ՈՒՐԻՇՆԵ՛Ր ԻՆՉՊԷՍ ԸՆԴԱՐՁԱԿԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Մարիլիասն ու Քիսիան սաամի կնոջ մը վկայութիւն կու տան Նորվեկիոյ մէջ

Մարիլիասն ու իր կինը՝ Քիսիան, նո՛յնպէս ուզեցին ծառայել հո՛ն ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Մարիլիասը, որ այժմ 29 տարեկան է, կ’ըսէ. «Համաժողովներու ընթացքին եղած ռահվիրայութեան վերաբերող դասախօսութիւններն ու հարցազրոյցները զիս մղեցին որ ծառայութիւնս ընդարձակելու մասին մտածեմ»։ Միւս կողմէ, Քիսիան, որ այժմ 26 տարեկան է, իր ընտանիքէն հեռու ըլլալու գաղափարը չէր կրնար դիւրաւ ընդունիլ։ «Ես կը սարսափէի այն գաղափարէն, թէ սիրելիներէս հեռու պիտի ապրիմ», կ’ըսէ ան։ Աւելին, Մարիլիասը լիաժամ կ’աշխատէր՝ իրենց տան գրաւականը վճարելու համար։ Ան կ’ըսէ. «Եհովային շատ աղօթեցինք որ մեզի կարողութիւնը տայ շարք մը փոփոխութիւններ ընելու, եւ իր օգնութեամբ, կրցա՛նք տեղափոխուիլ»։ Նախ, անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան աւելի՛ ժամանակ յատկացուցին։ Ետքը, զոյգը իրենց տունը ծախեցին, գործերնին ձգեցին եւ օգոստոս 2011–ին տեղափոխուեցան Ալթա քաղաքը, Նորվեկիոյ հիւսիսային կողմը։ Որպէս ռահվիրայ իրենց ծախսերը հոգալու համար, Մարիլիասը հաշուապահ կ’աշխատի, իսկ Քիսիան խանութի մը մէջ պաշտօնեայ է։

Քնաթն ու Լիսպեթը, որոնք իրենց 30–ականներուն կիսուն են, տպաւորուած էին Տարեգիրք–ի այն անհատներու փորձառութիւններով, որոնք կը ծառայեն հո՛ն ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ «Այս փորձառութիւնները մեզի մտածել տուին, որ օտար երկրի մը մէջ ծառայենք», կ’ըսէ Լիսպեթը։ «Բայց ես երկմտեցայ, կասկածելով թէ արդեօք պիտի կարենա՛մ զայն իրագործել կամ ոչ»։ Ամենայն դէպս, անոնք քայլեր առին իրենց նպատակին հասնելու համար։ Քնաթ կ’ըսէ. «Մենք մեր յարկաբաժինը ծախեցինք եւ մօրս քով տեղափոխուեցանք՝ դրամ չվատնելու համար։ Յետագային, որպէսզի գիտնանք թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլայ օտար թաղամասի մը մէջ ծառայելը, մէկ տարի ընկերակցեցանք անգլիախօս ժողովքի մը հետ Պերկենի մէջ, ուր Լիսպեթին մօր հետ մնացինք»։ Շատ չանցած, Քնաթն ու Լիսպեթը զգացին թէ պատրաստ են տեղափոխուելու հեռաւոր երկիր մը՝ Ուկանտա։ Անոնք տարին երկու ամիս Նորվեկիա կը վերադառնան աշխատելու համար։ Այս կերպով, անոնք բաւարարաչափ դրամ կ’ունենան՝ տարուան մնացեալ ամիսներուն Ուկանտայի մէջ լիաժամ քարոզելու համար։

«ՃԱՇԱԿԵՑԷ՛Ք ՈՒ ՏԵՍԷՔ ԹԷ ՏԷՐԸ ԲԱՐԻ Է»

«Մեր ընտանիքը իրարու աւելի մօտեցած է» (Ռուալ)

Այս յօժարակամ ծառայողներու կեանքը ինչպէ՞ս ընթացաւ։ Ռուալ կ’ըսէ. «Մենք այս մեկուսացած վայրին մէջ ընտանեօք շատ աւելի ժամանակ կ’անցընենք, քան երբ Պերկենի մէջ էինք։ Մեր ընտանիքը իրարու աւելի մօտեցած է։ Մեր զաւակներուն հոգեւոր յառաջդիմութիւնը տեսնելը իսկական օրհնութիւն եղած է»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ասկէ զատ, մենք նիւթական ստացուածքներու նկատմամբ աւելի ողջամիտ կեցուածք մը ունինք։ Ատոնք այնքան մեծ արժէք չունին, որքան որ կը կարծէինք»։

Էլսէպեթ կարիքը տեսաւ ուրիշ լեզու մը սորվելու։ Ինչո՞ւ։ Լաքսելվ ժողովքին թաղամասը կը պարփակէ Քարըսեօք գիւղը, սաամիներու համայնքը։ Սաամիները Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Ռուսիոյ հիւսիսային շրջաններու բնիկ ժողովուրդն են։ Ուստի այս բնիկ ժողովուրդին դիւրութեամբ քարոզելու համար, Էլսէպեթը սաամի լեզուի դասընթացք մը առաւ։ Ան այժմ կարող է պարզ զրոյց մը վարել այդ լեզուով։ Ան արդեօք հաճոյք կ’առնէ՞ իր նոր թաղամասէն։ Իր երեսէն ուրախութիւն կը թափի. ան կ’ըսէ. «Ես Աստուածաշունչի վեց ուսումնասիրութիւն կը վարեմ եւ շա՛տ ուրախ եմ հոս ծառայելով»։

Ֆապիանը որ այժմ ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ է, կը պատմէ թէ ինքն ու իր քոյրը՝ Իսապէլը, իրենց նոր ժողովքին մէջ երեք պատանիներու օգնեցին եւ քաջալերեցին, որ ժողովքային գործունէութիւններու մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցնեն։ Երեք պատանիներն ալ այժմ նախանձախնդիր քարոզիչներ են։ Անոնցմէ երկուքը մկրտուած են եւ մարտ 2012–ին ծառայեցին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Անոնցմէ մէկը, որ ճշմարտութենէն սկսած էր շեղիլ, շնորհակալութի՛ւն յայտնեց Ֆապիանին եւ Իսապէլին՝ «ճշմարտութեան մէջ վերահաստատուելուն համար»։ Ֆապիանը կ’ըսէ. «Ես իր այդ խօսքերէն շատ ազդուեցայ։ Իսկապէս կ’ուրախանաս երբ անհատի մը կ’օգնես»։ Իսապէլ կը նշէ. «Այս նշանակումին մէջ, ես ի՛րապէս ‘ճաշակեցի ու տեսայ թէ Եհովան բարի է’» (Սաղ. 34։8)։ Ան կ’աւելցնէ. «Ասկէ զատ, այս վայրը ծառայելը շատ հաճելի՛ է»։

Մարիլիասն ու Քիսիան այժմ աւելի պարզ բայց աւելի ճոխ կեանք մը կը վարեն։ Ալթայի ժողովքը, ուր սկսան յաճախել, այժմ 41 հրատարակիչ ունի։ Մարիլիասը կ’ըսէ. «Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, մեծապէս կը քաջալերուինք երբ կը տեսնենք թէ մեր կեանքը ի՛նչ փոփոխութիւններէ անցաւ։ Շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ կրնանք հոս իրեն ծառայել որպէս ռահվիրաներ։ Այս նշանակումը իրապէս իրագործման մեծ զգացում մը կու տայ»։ Քիսիան կ’աւելցնէ. «Ես սորվեցայ Եհովային ա՛լ աւելի վստահիլ, եւ ան իրապէս հոգ տարա՛ծ է մեզի։ Նաեւ նկատեցի, թէ հարազատներէս հեռու ապրիլը ինծի կ’օգնէ որ ա՛լ աւելի արժեւորեմ այն պահերը, որ իրարու հետ կ’անցընենք։ Ես բնաւ չեմ զղջացած մեր որոշումին վրայ»։

Իսկ Քնաթն ու Լիսպէ՞թը ինչպէս կ’անցընեն իրենց օրերը Ուկանտայի մէջ։ Քնաթը կը պատմէ. «Ժամանակ առաւ մինչեւ որ մեր նոր միջավայրին եւ մշակոյթին վարժուինք։ Ճիշդ է որ հոս ատեն–ատեն ջուրի, ելեկտրականութեան եւ ստամոքսի խնդիրներ կը դիմագրաւենք, բայց կրնանք մեր ուզածի՛ն չափ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել»։ Լիսպէթը կ’ըսէ. «Եթէ մեր բնակավայրէն միայն կէս ժամ ճամբայ կտրենք, կը գտնենք թաղամասեր որոնք բնաւ չեն լսած բարի լուրը։ Բայց երբ հոն կ’երթանք, կը հանդիպինք մարդոց, որոնք Աստուածաշունչը կը կարդան եւ մեզմէ կը խնդրեն որ իրենց սորվեցնենք։ Այդպիսի խոնարհ մարդոց ճշմարտութիւնը սորվեցնելը ի՛րապէս անբաղդատելի ուրախութիւն է»։

Քնաթն ու Լիսպեթը ընտանիքի մը հետ կը սերտեն Ուկանտայի մէջ

Որքա՜ն ուրախ ըլլալու է մեր Առաջնորդը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որ երկնքէն կը դիտէ թէ իր սկիզբ տուած քարոզչութիւնը ինչպէ՛ս կ’ընդարձակուի երկրագունդի տարածքին, յաւելեալ շրջաններու մէջ։ Այո, Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին համար, սրտագին ուրախութիւն է յօժարակամօրէն եւ անձնուրացօրէն կատարել Յիսուսի սա պատուէրը. «Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք» (Մատ. 28։19, 20