Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

[Ձախէն աջ] Մարսէլոն, Եոմարան եւ Հիվըրը։ Ամէն մէկը բռնած է սպաներէն պրայլ լեզուով Նոր աշխարհի թարգմանութեան հատոր մը

Անոնք ժողովքին սէրը զգացին

Անոնք ժողովքին սէրը զգացին

ԵՈՄԱՐԱՆ եւ իր եղբայրները՝ Մարսէլոն եւ Հիվըրը, կ’ապրէին Կուաթեմալայի մէջ գտնուող պզտիկ գիւղի մը մէջ։ Եոմարան Սուրբ Գիրքը սերտելու սկսաւ Վկաներուն հետ, եւ ժամանակ մը ետք եղբայրներն ալ սերտելու սկսան։ Բայց խնդիր մը կար. այս երեքը կոյր էին եւ չէին կրնար պրայլ լեզուն կարդալ։ Անոր համար իրենց հետ սերտողը իրենց կը կարդար դասը եւ անոր մէջի համարները։

Ուրիշ խնդիր մըն ալ կար. ժողովները։ Իրենց ամենամօտիկ Թագաւորութեան սրահը 40 վայրկեան հեռու էր։ Եւ անոնք չէին կրնար առանձին հոն երթալ։ Անոր համար ժողովքին եղբայրները կարգադրութիւններ ըրին, որպէսզի զիրենք հասցնեն բոլոր ժողովներուն։ Եւ երբ անոնք երեքն ալ սկսան աշակերտական բաժիններ տալ միջշաբաթային ժողովին, եղբայրները անոնց օգնեցին որ իրենց բաժինները գոց սորվին։

Մայիս 2019–ին, այդ գիւղին մէջ ժողովներ սկսան տեղի ունենալ։ Այն ատեն կանոնաւոր ռահվիրայ զոյգ մը այդ գիւղը փոխադրուած էր։ Անոնք նպատակ դրին որ այս երեքին սորվեցնեն պրայլ լեզուն գրել եւ կարդալ, հակառակ որ իրենք ալ չէին գիտեր այդ լեզուն։ Անոր համար գրադարան գացին եւ բերին գիրքեր, որոնք այդ լեզուն կը սորվեցնեն, որպէսզի թէ՛ իրենք սորվին եւ թէ անոնց սորվեցնեն։

Մարսէլոն պատասխան կու տայ ժողովի մը մէջ

Քանի մը ամսուան մէջ, երեքն ալ սկսան դիւրութեամբ կարդալ պրայլ լեզուն, եւ ասիկա իրենց օգնեց որ հոգեւորապէս աւելի յառաջդիմեն a։ Հիմա Եոմարան, Մարսէլոն եւ Հիվըրը կանոնաւոր ռահվիրաներ են։ Մարսէլոն օգնական ծառայ է։ Անոնք ամբողջ շաբաթը զբաղուած կ’ըլլան Եհովային ծառայելով։ Եւ իրենց այս խանդավառութիւնը ուրիշները կը վարակէ։

Անոնք երեքն ալ շնորհակալ են ժողովքին եղբայրներուն, որ իրենց սրտանց օգնեցին։ Եոմարան կ’ըսէ. «Առաջին օրէն որ ծանօթացանք Վկաներուն, անոնք իրական քրիստոնէական սէր ցոյց տուին»։ Մարսէլոն կ’ըսէ. «Աղուոր ընկերներ ունինք մեր ժողովքին մէջ եւ ունինք համաշխարհային ընտանիք մը, որ սիրով միացած է»։ Եոմարան եւ իր եղբայրները անհամբեր կը սպասեն, որ երկրին դրախտ դառնալը տեսնեն (Սաղ. 37։10, 11. Եսա. 35։5

a Պրայլ կարդալ սորվէ՛ գրքոյկը պատրաստուած է օգնելու մէկու մը, որ կոյր է կամ տեսողութեան հարցեր ունի, որպէսզի սորվի պրայլ լեզուն կարդալ եւ գրել։