Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը

Ո՞վ է Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը

Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրել տուաւ մանրամասնութիւններ, որոնք պիտի բնորոշէին այն անձը, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի դառնար։ Այս Կառավարիչը՝

  • Աստուծոյ կողմէ պիտի ընտրուէր։ «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս. . . Խնդրէ՛ ինձմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք» (Սաղմոս 2։6, 8

  • Դաւիթ թագաւորին ժառանգորդը պիտի ըլլար։ «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ. . . Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, որպէս զի. . . արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա» (Եսայի 9։6, 7

  • Բեթլեհէմ պիտի ծնէր։ «Հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի։ Անոնք ալ իրեն ըսին. ‘Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ։ Վասն զի այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով’» (Մատթէոս 2։4, 5

  • Մարդոց կողմէ պիտի մերժուէր ու մահապատիժի ենթարկուէր։ «Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։ Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ» (Եսայի 53։3, 5

  • Յարութիւն պիտի առնէր ու պիտի փառաւորուէր։ «Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։ Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. . . քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան» (Սաղմոս 16։10, 11

Յիսուս Քրիստոս լաւագոյն Կառավարիչն է

Ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ, իտէալ Կառավարիչին նկարագրութիւնը կիրարկուած է միայն մէկ անձի, որ է՝ Յիսուս Քրիստոս։ Իրականութեան մէջ, հրեշտակ մը Յիսուսի մօր՝ Մարիամի, ըսած էր. «Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը. . . Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ» (Ղուկաս 1։31-33

Յիսուս բնա՛ւ կառավարիչ մը չեղաւ երբ երկրի վրայ էր։ Ան երկինքէ՛ն մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը։ Ի՞նչը զինք իտէալ Կառավարիչ կը դարձնէ։ Նկատի առ, թէ ի՛նչ ըրաւ երբ երկրի վրայ էր։

  • Յիսուս մարդոցմով հետաքրքրուած էր։ Ան օգնեց տղամարդոց ու կիներու, երեխաներու եւ տարեցներու, ի՛նչ որ ալ ըլլար անոնց ենթահողը կամ դիրքը (Մատթէոս 9։36. Մարկոս 10։16)։ Երբ բորոտ մը աղաչեց. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել», Յիսուս խղճաց անոր վրայ ու զինք բուժեց (Մարկոս 1։40-42

  • Յիսուս մեզի սորվեցուց ինչպէ՛ս Աստուած հաճեցնել։ Ան ըսաւ. «Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Ան նաեւ ըսաւ, որ պէտք է ուրիշներուն հետ վարուինք այնպէս, ինչպէս որ կ’ուզենք որ անոնք մեզի հետ վարուին. սկզբունք մը, որ այժմ կը կոչուի Ոսկի կանոնը։ Ասկէ զատ, ան ցոյց տուաւ, որ Աստուած հետաքրքրուած է ոչ միայն թէ ի՛նչ կ’ընենք, հապա նաեւ թէ ինչպէ՛ս կը մտածենք ու կը զգանք։ Ուստի, Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք է մեր ամենաներքին զգացումները զսպենք (Մատթէոս 5։28. 6։24. 7։12)։ Յիսուս շեշտեց թէ իրապէս ուրախ ըլլալու համար, պէտք է գիտնանք թէ Աստուած մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք, եւ զայն ընենք (Ղուկաս 11։28

  • Յիսուս սորվեցուց ուրիշները սիրել։ Յիսուսի խօսքերն ու գործերը ազդու էին եւ ունկնդիրներուն սրտին դպան։ «Ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց» (Մատթէոս 7։28, 29)։ Ան անոնց սորվեցուց. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները»։ Ան նոյնիսկ աղօթեց իր մահուան պատասխանատու եղողներէն ոմանց համար, ըսելով. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» (Մատթէոս 5։44. Ղուկաս 23։34

Յիսուս կատարելապէս որակեալ է, որ աշխարհի Կառավարիչը ըլլայ, իշխելով ազդու եւ ազնիւ կերպով։ Բայց ե՞րբ կը սկսի իշխել։