Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ անունը ի՞նչ է

Աստուծոյ անունը ի՞նչ է

Երբ կ’ուզես մէկու մը ծանօթանալ, սովորաբար նախ կը հարցնես. «Անունդ ի՞նչ է»։ Եթէ այս հարցումը Աստուծո՛յ հարցնէիր, քեզի ի՞նչ պիտի ըսէր։

«Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8

Թերեւս այդ անունը նոր է քեզի համար, քանի որ Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանիչներ Աստուծոյ անունը շատ քիչ կը գործածեն. թերեւս ալ բնա՛ւ չեն գործածեր։ Անոնք ընդհանրապէս այդ անունին փոխարէն կը գրեն «ՏԷՐ» տիտղոսը։ Բայց իրականութեան մէջ, Աստուծոյ անունը շուրջ 7000 անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ։ Անունը կը բաղկանայ չորս եբրայերէն բաղաձայններէ՝ ԵՀՎՀ, եւ արեւմտահայերէնով ճանչցուած է որպէս «Եհովա»։

Աստուծոյ անունը կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններուն եւ շատ մը թարգմանութիւններու մէջ

Սաղմոսաց գիրքի Մեռեալ ծովու մագաղաթը Ք.Ե. առաջին դար, ԵԲՐԱՅԵՐԷՆ

Թինտէյլի թարգմանութիւն 1530, ԱՆԳԼԵՐԷՆ

Ռենա–Վալերա Աստուածաշունչ 1602, ՍՊԱՆԵՐԷՆ

Միացեալ թարգմանութիւն 1919, ՉԻՆԱՐԷՆ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ ԳԻՏՆԱԼ

Անունը կարեւոր է Աստուծոյ համար։ Աստուած ի՛նք զատեց իր անունը։ Ան ըսաւ. «Իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է» (Ելից 3։15)։ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ անունը շատ աւելի կ’երեւնայ քան՝ իր տիտղոսներէն որեւէ մէկը, ինչպէս՝ Ամենակալ, Հայր, Տէր կամ Աստուած, եւ շատ աւելի քան՝ ոեւէ մէկու մը անունը, ինչպէս՝ Աբրահամ, Մովսէս, Դաւիթ կամ Յիսուս։ Ասկէ զատ, Եհովան կ’ուզէ՛ որ իր անունը ճանչցուի։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «[Թող] գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18

Անունը կարեւոր է Յիսուսին համար։ «Հայր մեր»ին կամ «Տէրունական աղօթք»ին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ Աստուծոյ աղօթեն. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9)։ Յիսուս անձամբ Աստուծոյ աղօթեց. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ» (Յովհաննէս 12։28)։ Ան Աստուծոյ անունը փառաւորելը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դրաւ, եւ այս պատճառով կրցաւ աղօթքի մը մէջ ըսել. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ» (Յովհաննէս 17։26

Անունը կարեւոր է անոնց համար՝ որոնք Աստուած կը ճանչնան։ Անցեալին, Աստուծոյ ժողովուրդը հասկցաւ որ պիտի պաշտպանուէր եւ փրկուէր, եթէ Աստուծոյ յատուկ անունը գիտնար եւ գործածէր։ «Տէրոջը [Եհովային] անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ» (Առակաց 18։10)։ «Ամէն ով որ Տէրոջը [Եհովային] անունը կանչէ, պիտի ազատի» (Յովէլ 2։32)։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ ծառաները իր անունով պիտի բնորոշուէին։ «Բոլոր ժողովուրդները՝ ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր [Եհովա] Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք» (Միքիա 4։5. Գործք 15։14

ԱՆՈՒՆԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Անունը աննման կերպով Աստուծոյ ինքնութիւնը կը յայտնէ։ Շատ մը ուսումնականներ կ’եզրակացնեն, որ Եհովա անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Եհովա Աստուած իր անուան իմաստը յստակացուց, երբ Մովսէսի հետ խօսած ատեն ինքն իր մասին ըսաւ. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ» (Ելից 3։14)։ Բնագրին մէջ, այս խօսքին եբրայերէն արտայայտութիւնը կարելի է թարգմանել՝ «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ»։ Ուրեմն Աստուծոյ անունը միայն չ’ակնարկեր իր դերին որպէս ամէն բանի Ստեղծիչը, հապա նաեւ կը յայտնէ, որ Եհովան կարողութիւնը ունի պատճառ դառնալու որ ինք եւ իր ստեղծագործութիւնը ըլլան ի՛նչ որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակը իրագործելու համար։ Ճիշդ է որ Աստուծոյ տիտղոսները կը նկարագրեն իր դիրքը, հեղինակութիւնը կամ զօրութիւնը, բայց միայն Եհովա անունը լման գաղափար կու տայ, թէ Աստուած ո՛վ է եւ ի՛նչ կրնայ ըլլալ։

Անունը կը յայտնէ որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։ Աստուծոյ անուան իմաստը ցոյց կու տայ, որ միշտ իր ստեղծագործութեան հոգ կը տանի,– մէջը ըլլալով մենք։ Ասկէ զատ, քանի որ Աստուած իր անունը մեզի ըսած է, ուրեմն կ’ուզէ՛ որ զինք ճանչնանք։ Վերջ ի վերջոյ, ի՛նք նախաքայլը առաւ որ մեզի գիտցնէ իր անունը։ Յստակ է որ Աստուած չ’ուզեր որ կարծենք, թէ մեզմէ շատ հեռու է եւ անկարելի է որ զինք հասկնանք։ Հապա կ’ուզէ որ զինք նկատենք իրական Անձ մը, որուն կրնանք մօտենալ (Սաղմոս 73։28

Աստուծոյ անունը գործածելով կը յայտնենք, որ իրմով հետաքրքրուած ենք։ Օրինակ, թերեւս մէկու մը կ’ուզես բարեկամանալ եւ իրմէ կը խնդրես, որ քեզ քու անունովդ կանչէ։ Ի՞նչ կը զգաս եթէ միշտ մերժէ անունդ գործածել։ Ժամանակի ընթացքին թերեւս մտածես որ ան չ’ուզեր քեզի հետ մտերմանալ։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ։ Ան մարդոց ըսած է իր անունը եւ կը քաջալերէ որ զայն գործածեն։ Երբ Աստուծոյ անունը գործածենք, ցոյց կու տանք թէ կ’ուզենք իրեն հետ մտերմանալ։ Իրականութեան մէջ, ան կը նկատէ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք ‘իր անուան վրայ կը մտածեն’ (Մաղաքիա 3։16

Աստուծոյ անունը գիտնալը առաջին քայլն է զինք ճանչնալու։ Բայց պէտք չէ այսքանով բաւարարուինք։ Պէտք է որ այդ անուան ետին եղող Անձը մօտէն ճանչնանք, իր յատկութիւննե՛րը լաւ գիտնալով։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Այս անունը աննման կերպով իր ինքնութիւնը կը յայտնէ որպէս Անձ մը, որ կրնայ իր նպատակը իրագործել