Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

panitan/stock.adobe.com

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ԱՐՇԱՒ

Յիսուս աղքատութեան վերջ պիտի դնէ

Յիսուս աղքատութեան վերջ պիտի դնէ

 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս խոր սէր ցոյց տուաւ մարդոց հանդէպ, մա՛նաւանդ աղքատներուն եւ նեղութիւն քաշողներուն հանդէպ (Մատթէոս 9։36)։ Ան նոյնիսկ իր կեանքը զոհեց՝ ուրիշներու օգտին համար (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 15։13)։ Մօտ օրէն, Յիսուս մարդոց հանդէպ իր սէրը նորէ՛ն ցոյց պիտի տայ, երբ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր աղքատութեան վերջ դնէ՝ ամբո՛ղջ աշխարհի մէջ։

 Գեղեցիկ խօսքով, Աստուածաշունչը կը նկարագրէ թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ.

  •    «Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, տնանկին զաւակները պիտի ազատէ» (Սաղմոս 72։4

 Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ շնորհակա՛լ ենք այն բոլոր բաներուն համար, որոնք Յիսուս ըրած է եւ դե՛ռ պիտի ընէ։ Ղուկաս 22։19–ին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր մահը յիշեն։ Անոր համար, ամէն տարի, Յիսուսի մահուան օրը, Եհովայի վկաները ասիկա ընելու համար քով–քովի կը հաւաքուին։ Քեզ կը հրաւիրենք որ դուն ալ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլաս՝ կիրակի, 24 մարտ 2024–ին։

Յիշատակատօնի մը ժամն ու վայրը գիտցիր