Անցնիլ բովանդակութեան

Յարութիւնը ի՞նչ է

Յարութիւնը ի՞նչ է

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչին մէջ, «յարութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը ա·նասթա·սիս, կը նշանակէ «կայնիլ» կամ «վերականգնիլ»։ Յարութիւն առնող անձը մեռելներէն ետ կեանքի կու գայ եւ ան նոյն անձն է ինչ որ առաջ էր (Ա. Կորնթացիս 15։12, 13

 Ճիշդ է որ «յարութիւն» բառը չի գտնուիր Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, որոնք ծանօթ են որպէս Հին Կտակարան, բայց յարութեան խոստումը հոն կայ։ Օրինակ Ովսէէ մարգարէին միջոցաւ, Աստուած խոստացաւ. «Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ» (Ովսէէ 13։14. Յոբ 14։13-15. Եսայի 26։19. Դանիէլ 12։2, 13

 Մարդիկ ո՞ւր յարութիւն պիտի առնեն։ Կարգ մը մարդիկ յարութիւն պիտի առնեն՝ երկինքին մէջ ապրելու համար։ Հոն, անոնք Յիսուս Քրիստոսին հետ պիտի թագաւորեն (Բ. Կորնթացիս 5։1. Յայտնութիւն 5։9, 10)։ Աստուածաշունչը այս յարութիւնը կը կոչէ՝ ‘առաջին յարութիւն’ եւ «առաջին» բառը յստակ կը դարձնէ որ ուրիշ յարութիւն մըն ալ պիտի ըլլայ (Յայտնութիւն 20։6)։ Այդ միւս յարութիւնը երկրի վրայ ապրելու համար պիտի ըլլայ եւ մեռելներուն մեծամասնութիւնը այս տեսակ յարութիւն պիտի առնէ (Սաղմոս 37։29

 Մեռելները ինչպէ՞ս յարութիւն կ’առնեն։ Աստուած Յիսուսին տուաւ մեռելներուն յարութիւն տալու զօրութիւնը (Յովհաննէս 11։25)։ Յիսուս կեանքի պիտի բերէ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները», ամէն մէկը իր անցեալի անձնաւորութեամբ, յատկութիւններով եւ յիշատակներով (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Ոմանք՝ յարութիւն պիտի առնեն երկինքի մէջ ապրելու համար, իսկ ուրիշներ յարութիւն պիտի առնեն որ երկրի վրայ ապրին՝ կատարեալ եւ առողջ մարմինով (Եսայի 33։24. 35։5, 6. Ա. Կորնթացիս 15։42-44, 50

 Որո՞նք յարութիւն պիտի առնեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Արդարներուն մէջ կան հաւատարիմ մարդիկ, ինչպէս՝ Նոյ, Սառա եւ Աբրահամ (Ծննդոց 6։9. Եբրայեցիս 11։11. Յակոբոս 2։21)։ Մեղաւորները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ չհնազանդեցան, քանի որ առիթ չունեցան որ Աստուած ճանչնան։

 Բայց կարգ մը մարդիկ ա՛յնքան չար են որ բնաւ պիտի չփոխուին, եւ երբ որ մեռնին՝ յարութիւն պիտի չառնեն (Մատթէոս 23։33. Եբրայեցիս 10։26, 27

 Յարութիւնը ե՞րբ պիտի ըլլայ։ Աստուածաշունչը մարգարէացած էր որ մարդիկ յարութիւն պիտի առնեն՝ երկինքի մէջ ապրելու համար՝ Քրիստոսին ներկայութեան ժամանակ, որ սկսաւ 1914–ին (Ա. Կորնթացիս 15։21-23)։ Իսկ ուրիշներ երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, երբ որ երկիրը դրախտ դառնայ (Ղուկաս 23։43. Յայտնութիւն 20։6, 12, 13

 Ինչո՞ւ կրնաս յարութեան հաւատալ։ Աստուածաշունչը կը խօսի 9 անձերու մասին, որոնք յարութիւն առին եւ ամէն մէկուն պարագային վկաներ կային (Գ. Թագաւորաց 17։17-24. Դ. Թագաւորաց 4։32-37. 13։20, 21. Ղուկաս 7։11-17. 8։40-56. Յովհաննէս 11։38-44. Գործք 9։36-42. 20։7-12. Ա. Կորնթացիս 15։3-6)։ Օրինակ, Յիսուս Ղազարոսին յարութիւն տուաւ անոր մահէն չորս օր ետք եւ ատիկա ըրաւ շատերու աչքին առջեւ (Յովհաննէս 11։39, 42)։ Նոյնիսկ Յիսուսին թշնամիները չկրցան ուրանալ անոր ըրածը։ Անոր համար, անոնք ծրագրեցին թէ՛ Յիսուսը եւ թէ Ղազարոսը մեռցնել (Յովհաննէս 11։47, 53. 12։9-11

 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ Աստուած մեռելները ետ կեանքի բերելու թէ՛ զօրութիւնը ունի եւ թէ փափաքը։ Ան ամէն բան կը յիշէ այն անձին մասին, որուն յարութիւն պիտի տայ իր մեծ զօրութեամբ (Յոբ 37։23. Մատթէոս 10։30. Ղուկաս 20։37, 38)։ Աստուած կրնայ եւ կ’ուզէ մեռելները ետ կեանքի բերել։ Գալիք յարութիւնը նկարագրած ժամանակ, Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս» (Յոբ 14։15, ԱԾ

Յարութեան մասին սխալ կարծիքներ

 Սխալ կարծիք։ Յարութիւնը նորէն կը միացնէ մարմինն ու հոգին։

 Իրողութիւն։ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ երբ մէկը մեռնի, իրմէ մաս մը կամ հոգին կը ձգէ մարմինը եւ կը շարունակէ ապրիլ (Ծննդոց 2։7)։ Երբ մէկը յարութիւն կ’առնէ, ան նորէն կը ստեղծուի Աստուծոյ կողմէ։

 Սխալ կարծիք։ Կարգ մը մարդիկ յարութիւն կ’առնեն եւ ետքը անմիջապէս կը մեռնին։

 Իրողութիւն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութիւն» պիտի առնեն (Յովհաննէս 5։29)։ Բայց անոնք կը դատապարտուին կամ կը դատուին իրենց յարութենէն ետք,– եւ ոչ թէ իրենց յարութենէն առաջ,– ըրած բաներուն հիման վրայ ։ Յիսուս ըսաւ. «Մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին» (Յովհաննէս 5։25)։ Անոնք՝ որոնք «կը լսեն» կամ կը հնազանդին այն բաներուն, որոնք իրենց յարութենէն ետք կը սորվին, իրենց անունը պիտի գրուի «կեանքի գիրք»ին մէջ (Յայտնութիւն 20։12, 13

 Սխալ կարծիք։ Անձ մը յարութիւն կ’առնէ՝ մեռնելէ առաջ իր ունեցած մարմինով։

 Իրողութիւն։ Մեռնելէ ետք, մարդու մը մարմինը կը փճանայ եւ կը կորսուի (Ժողովող 3։19, 20