Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 12

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ

1. Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ։

Աստուած ամէն տեսակ մարդիկ կը հրաւիրէ որ աղօթքով իրեն մօտենան (Սաղմոս 65։2)։ Այսուհանդերձ, ան բոլոր աղօթքները չի լսեր կամ չ’ընդունիր։ Օրինակ, իր կնոջ հետ գէշ կերպով վարուող մարդուն աղօթքները կրնան ընդհատուիլ (Ա. Պետրոս 3։7)։ Նաեւ, երբ իսրայէլացիները շարունակեցին չարութիւն ընել, Աստուած մերժեց անոնց աղօթքները լսել։ Յստակ է որ աղօթքը առանձնաշնորհում մըն է։ Բայց եւ այնպէս, Աստուած պիտի ընդունի նոյնիսկ լուրջ մեղքեր գործողներուն աղօթքները, եթէ անոնք զղջան։ —‏ Կարդա՛ Եսայի 1։15. 55։7։

Դիտէ այս վիտէոն՝ Աստուած բոլո՞ր աղօթքները կը լսէ

2. Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք։

Աղօթքը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է, ուստի պէտք է միայն մեր Ստեղծիչին՝ Եհովային՝ աղօթենք (Մատթէոս 4։10. 6։9)։ Նաեւ, անկատար ըլլալով, մենք պէտք է Յիսուսին անունով աղօթենք, քանի որ ան մեր մեղքերուն համար մեռաւ (Յովհաննէս 14։6)։ Եհովան չ’ուզեր որ գոց սորված կամ գրի առնուած աղօթքներ կրկնենք, այլ՝ սրտանց աղօթենք։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 6։7. Փիլիպպեցիս 4։6, 7։

Մեր Ստեղծիչը կրնայ նո՛յնիսկ լռելեայն աղօթքները լսել (Ա. Թագաւորաց 1։12, 13)։ Ան մեզ կը հրաւիրէ որ ամէն առիթով աղօթենք, ինչպէս՝ օրուան սկիզբը եւ վերջաւորութեան, ճաշի ժամանակ եւ երբ խնդիրներ կը դիմագրաւենք։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 55։22. Մատթէոս 15։36։

3. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կը ժողվուին։

Աստուծոյ մօտենալը դիւրին բան չէ, քանի որ շրջապատուած ենք մարդոցմով՝ որոնք Աստուծոյ չեն հաւատար եւ կը ծաղրեն համաշխարհային խաղաղութեան իր խոստումը (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 4. Բ. Պետրոս 3։3, 13)։ Ուստի մեր հաւատակիցներուն քաջալերական ընկերակցութեան պէտք ունինք, եւ իրենք ալ մեզի պէտք ունին։ —‏ Կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25։

Աստուածասէր անհատներու հետ ընկերակցիլը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ մօտենալու։ Եհովայի վկաներու ժողովները ուրիշներուն հաւատքէն օգտուելու լաւ պատեհութիւններ կ’ընծայեն։ —‏ Կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12։

4. Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ մօտենալ։

Կրնաս Եհովայի մօտենալ, խոկալով իր Խօսքէն սորվածներուդ վրայ։ Խորհրդածէ՛ իր գործունէութիւններուն, խրատներուն եւ խոստումներուն մասին։ Աղօթքով խոկալը, Աստուծոյ սիրոյն եւ իմաստութեան հանդէպ սրտագին գնահատութիւն կը կերտէ։ —‏ Կարդա՛ Յեսու 1։8. Սաղմոս 1։1-3։

Աստուծոյ կրնաս մօտենալ, միայն եթէ իրեն կը վստահիս, եթէ իրեն հանդէպ հաւատք ունիս։ Բայց հաւատքը էակի մը նման է, որ սնուցանուելու կարիք ունի։ Հաւատքդ յարատեւաբար պէտք է սնուցանես, վերաքաղ ընելով հաւատալիքներուդ հիմը։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 4։4. Եբրայեցիս 11։1, 6։

5. Աստուծոյ մօտենալը ինչպէ՞ս քեզի պիտի օգտէ։

Եհովան բոլոր զինք սիրողներուն հոգ կը տանի։ Ան կրնայ զանոնք պաշտպանել որեւէ բանէ, որ իրենց հաւատքը եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը կրնայ վտանգել (Սաղմոս 91։1, 2, 7-10)։ Ան մեզ կը զգուշացնէ ապրելակերպերէ, որոնք մեր առողջութեան եւ ուրախութեան կը սպառնան։ Եհովան մեզի լաւագոյն կենցաղակերպը կը սորվեցնէ։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 73։27, 28. Յակոբոս 4։4, 8։