Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Ինչո՞ւ կարեւոր է ժողովներուն ներկայ ըլլալ Թագաւորութեան սրահին մէջ

Ինչո՞ւ կարեւոր է ժողովներուն ներկայ ըլլալ Թագաւորութեան սրահին մէջ

Շաբաթը երկու անգամ, Եհովայի վկաները ժողովներ կ’ունենան իրենց պաշտամունքի վայրերուն մէջ, որոնք Թագաւորութեան սրահներ կը կոչուին։ Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ եւ ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ ժողովներէն՝ հոն ներկայ ըլլալով։

 Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ

Թագաւորութեան սրահին մէջ կը սորվինք ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին սորվեցուցածները գործադրել։ Ժողովներուն ընթացքին...

  • Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը սորվինք։

  • տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառները կը հասկնանք։

  • աւելի լաւ անձեր կը դառնանք։

  •   լաւ ընկերներ կը գտնենք։

Գիտէի՞ր։ Եհովայի վկաներու ժողովներու վայրը կը կոչուի Թագաւորութեան սրահ, քանի որ ամէնէն շատ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը խօսուի հոն (Մատթէոս 6։9, 10. 24։14. Ղուկաս 4։44

 Ինչո՞ւ պէտք է հոն ներկայ ըլլաս

Հոն օգտակար տեղեկութիւններ պիտի առնես։ Եհովայի վկաներուն ժողովներուն մէջ նկատի առնուած աստուածաշնչական սկզբունքները քեզի պիտի օգնեն որ ‘իմաստութիւն ստանաս’ (Առակաց 4։5)։ Այսպիսով, կեանքիդ մէջ լաւ որոշումներ պիտի առնես։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կարեւոր հարցումներու պատասխանները կու տայ, ինչպէս՝

Շաբաթավերջի ժողովներուն ընթացքին, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ կը տրուին, ինչպէս՝

  • Ինչո՞ւ առաջնորդուիլ Աստուածաշունչով։

  • Ո՞ւր կրնաս օգնութիւն գտնել նեղութեան ժամանակներուն։

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այժմ ի՞նչ կ’իրագործէ մեզի համար։

«Դասընկերներէս մէկը ժողովներու եկաւ։ Սրահը, մեր ընտանիքին քով նստաւ եւ մեր գիրքերով հետեւեցաւ յայտագիրին։ Ետքը ինծի ըսաւ որ շա՛տ տպաւորուեցաւ ներկաներուն պատասխաններով՝ հարց–պատասխան բաժիններուն ընթացքին։ Եւ ինծի ըսաւ որ եկեղեցիին մէջ մեր սերտած նիւթերը չեն սերտեր» (Պրէնտա)։

Գիտէի՞ր։ Թագաւորութեան սրահին մուտքը ձրի է եւ հոն ափսէ չի դառնար որ մէջը դրամ նետես։

Ընկերակցութիւնները քեզ պիտի քաջալերեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ քրիստոնեաները պէտք է մէկտեղ հաւաքուին որ իրար ‘յորդորեն’, այսինքն՝ քաջալերեն (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Այս անձնակեդրոն աշխարհին մէջ, սրահին մէջ կը հաւաքուինք անհատներու հետ, որոնք Աստուած եւ իրենց ընկեր արարածը կը սիրեն իրենց անձէն աւելի։ Եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ թարմանանք։

«Երկար օրէ մը ետք, երբեմն տխուր եւ յոգնած կը զգամ, բայց Թագաւորութեան սրահին մէջ իմ ընկերներս տրամադրութիւնս բարձր կը պահեն։ Անոր համար, երբ տուն վերադառնամ, ուրախ կը զգամ եւ պատրաստ՝ նոր օրուան մը համար» (Էլիզա)։

Գիտէի՞ր։ Ամբողջ աշխարհի մէջ, աւելի քան 60,000 վայրերու մէջ աւելի քան 120,000 ժողովքներ կան։ Ամէն տարի, միջին հաշուով, մօտ 1500 Թագաւորութեան սրահներ կը կառուցանուին, քանի որ ներկաներուն թիւը երթալով կը շատնայ *։

^ պարբ. 20 Քեզի մօտ ժողով մը գտնելու համար, կրնաս բանալ «Եհովայի վկաներուն ժողովները» էջը եւ սեղմել «Քեզի ամէնէն մօտ վայրը գտիր»ին վրայ։