Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է կեանքին իմաստը

Ի՞նչ է կեանքին իմաստը

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Շատեր կ’ուզեն գիտնալ որ կեանքին իմաստը ի՛նչ է։ Անոր համար անոնք հարցումներ կը հարցնեն։ Օրինակ կարգ մը մարդիկ կը հարցնեն. «Ես ինչո՞ւ ծնայ»։ Ուրիշներ կը հարցնեն. «Կեանքս նպատակ ունի՞»։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ մեր կեանքին նպատակը՝ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալն է։ Տեսնենք որ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ ի՛նչ կարեւոր ճշմարտութիւններ կան այս նիւթին մասին։

  •   Աստուած մեր Ստեղծիչն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անիկա [Աստուած] ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք» (Սաղմոս 100։3. Յայտնութիւն 4։10բ

  •   Աստուած իր ստեղծած բոլոր բաներուն համար նպատակ ունի, մէջը ըլլալով մենք (Եսայի 45։18

  •   Աստուած մեզ հոգեւոր պէտքերով ստեղծեց։ Եւ այդ պէտքերէն մէկը այն է որ մենք փափաք ունինք որ մեր կեանքին մէջ իմաստ գտնենք (Մատթէոս 5։3)։ Եւ Աստուած կ’ուզէ որ այդ փափաքը գոհացնենք (Սաղմոս 145։16

  •   Մենք մեր հոգեւոր պէտքերը կը գոհացնենք Աստուծոյ բարեկամը ըլլալով։ Հակառակ անոր որ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու գաղափարը կարգ մը մարդոց համար անկարելի կ’երեւի, բայց Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8. 2։23

  •   Աստուծոյ բարեկամը դառնալու համար, պէտք է ապրինք այնպէս՝ ինչպէս ինք կ’ուզէ։ Եւ այդ նպատակը յիշուած է Աստուածաշունչի Ժողովող գիրքին 12–րդ գլուխին 13–րդ համարին մէջ. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։

  •   Ապագային Աստուծոյ սկիզբի նպատակը լման պիտի իրականանայ, երբ ան չարչարանքը մէջտեղէն վերցնէ եւ իր բարեկամներուն, զինք պաշտողներուն, անվերջ կեանք տայ (Սաղմոս 37։10, 11