Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Տէրոջ ընթրիքը միւս կրօնքներէն տարբեր կը տօնեն

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Տէրոջ ընթրիքը միւս կրօնքներէն տարբեր կը տօնեն

 Մենք ուղղակի Աստուածաշունչին կը հետեւինք երբ կը տօնակատարենք Տէրունական ընթրիքը, որ նաեւ կը կոչուի՝ Տէրոջ ընթրիքը, Վերջին ընթրիքը եւ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը (Ա. Կորնթացիս 11։20)։ Մինչդեռ այս տօնակատարութեան նկատմամբ ուրիշ յարանուանութիւններու շատ մը հաւատալիքներն ու սովորութիւնները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած չեն։

Նպատակ

 Տէրունական ընթրիքին նպատակն է Յիսուսը յիշել եւ մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալ իր զոհին հանդէպ (Մատթէոս 20։28. Ա. Կորնթացիս 11։24)։ Տօնակատարութիւնը հաղորդութեան արարողութիւն չէ, ո՛չ ալ կրօնական սովորութիւն մը, որուն միջոցաւ շնորհք կամ մեղքերու թողութիւն կը տրուի a։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ կարելի է որ մեր մեղքերը ներուին ո՛չ թէ կրօնական ծէսերու միջոցաւ, այլ՝ Յիսուսի հաւատք ընծայելով (Հռովմայեցիս 3։25. Ա. Յովհաննէս 2։1, 2

Որքա՞ն յաճախ

 Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ Տէրունական ընթրիքը տօնեն, բայց ան չըսաւ՝ որքա՛ն յաճախ (Ղուկաս 22։19)։ Ոմանք կը կարծեն թէ Տէրոջ ընթրիքը պէտք է տօնուի ամէն ամիս, մինչ ուրիշներ զայն կը տօնեն ամէն շաբաթ, ամէն օր, օրը քանի մը անգամ կամ որքան յաճախ որ անհատը յարմար կը տեսնէ b։ Սակայն պէտք է որ կարգ մը կէտեր նկատի առնենք։

 Յիսուս Տէրունական ընթրիքը հաստատեց հրէական Պասեքին օրը, եւ այդ օրուան վերջաւորութեան մեռաւ (Մատթէոս 26։1, 2)։ Ասիկա զուգադիպութիւն չէր։ Աստուածաշունչը Յիսուսի զոհը կը համեմատէ զատիկին [«Պասեքի գառ»ին, ՆԱ] հետ (Ա. Կորնթացիս 5։7, 8)։ Պասեքը տարին անգամ մը կը տօնակատարուէր (Ելից 12։1-6. Ղեւտացւոց 23։5)։ Նմանապէս առաջին դարու քրիստոնեաները Յիսուսի մահը կը յիշատակէին տարին անգամ մը, եւ Եհովայի վկաները աստուածաշնչական այդ օրինակին կը հետեւին c։

Թուական եւ ժամանակ

 Յիսուսի ձգած օրինակը կ’օգնէ որոշելու թէ Յիշատակատօնը որքա՛ն յաճախ պէտք է տօնուի, ինչպէս նաեւ՝ թուականը եւ ժամանակը։ Ան տօնակատարութիւնը հաստատեց Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ին, արեւամուտէն ետք, ըստ Աստուածաշունչին լուսնական օրացոյցին (Մատթէոս 26։18-20, 26)։ Մենք ամէն տարի Յիշատակատօնը կը տօնենք այդ թուականին, հետեւելով առաջին դարու քրիստոնեաներուն օրինակին d։

 Թէեւ Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ը ուրբաթ օր էր, բայց ամէն տարի այդ թուականը կրնայ զուգադիպիլ տարբեր օրուան։ Գիտնալու համար թէ ամէն տարի նիսան 14–ը ո՛ր օրուան կը զուգադիպի, մենք կը գործածենք Յիսուսի օրերուն գործածուած մեթոտը, եւ ոչ թէ՝ արդի հրէական օրացոյցին օգտագործածը e։

Հաց եւ գինի

 Նոր տօնակատարութեան համար Յիսուս գործածեց Պասեքի ընթրիքէն մնացած անխմոր հաց ու կարմիր գինի (Մատթէոս 26։26-28)։ Իր օրինակին հետեւելով, մենք կը գործածենք թթխմորէ կամ համեմներէ զերծ հաց եւ զուտ կարմիր գինի,– եւ ո՛չ թէ խաղողի հիւթ կամ գինի, որուն վրայ շաքար, ալքոլ կամ համեմ աւելցուած է։

 Կարգ մը յարանուանութիւններ թթխմորով պատրաստուած հաց կը գործածեն։ Բայց թթխմորը յաճախ Աստուածաշունչին մէջ կը գործածուի որպէս մեղքի կամ փտածութեան խորհրդանիշ (Ղուկաս 12։1. Ա. Կորնթացիս 5։6-8. Գաղատացիս 5։7-9)։ Ուստի միայն անխմոր հացը, որուն մէջ ուրիշ համեմներ չեն աւելցուած, կրնայ Քրիստոսի անմեղ արեան խորհրդանիշ համարուիլ (Ա. Պետրոս 2։22)։ Անդին, եկեղեցիներէն ոմանք սովորութիւն ունին գինիի տեղ չմակարդուած խաղողի հիւթ գործածել, քանի որ ըստ իրենց ալքոլի գործածութիւնը արգիլուած է։ Բայց Աստուածաշունչը այսպիսի բան չի նշեր (Ա. Տիմոթէոս 5։23

Խորհրդանիշներ եւ ոչ թէ բառացի մարմին եւ արիւն

 Յիշատակատօնին հրամցուած անխմոր հացը եւ կարմիր գինին Քրիստոսի մարմնին եւ արեան խորհրդանիշներն են։ Անոնք հրաշքով չեն փոխուիր անոր մարմնին եւ արեան կամ խառնուիր անոնց հետ, ինչպէս ոմանք կը խորհին։ Նկատի առ այս հասկացողութեան աստուածաշնչական հիմը։

  •   Եթէ Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրած ըլլար որ իր արիւնը խմեն, ան կարծես թէ անոնց ըսած պիտի ըլլար որ արեան գործածութեան շուրջ Աստուծոյ օրէնքը բեկանեն (Ծննդոց 9։4. Գործք 15։28, 29)։ Բայց այս չէր պարագան, քանի որ Յիսուս բնա՛ւ պիտի չյանձնարարէր որ մարդիկ արեան սրբութեան նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքը բեկանէին (Յովհաննէս 8։28, 29

  •   Եթէ առաքեալները բառացիօրէն Յիսուսի արիւնը խմած ըլլային, ան անոնց պիտի չըսէր որ իր արիւնը «պիտի թափուի», ցոյց տալով որ իր զոհը տակաւին չէր եղած (Մատթէոս 26։28

  •   Յիսուսի զոհը եղաւ «մէկ անգամ» (Եբրայեցիս 9։25, 26)։ Սակայն, եթէ Տէրունական ընթրիքին ժամանակ հացն ու գինին իր մարմնին եւ արեան վերածուէին, այն ատեն անոնց մասնակցողները այդ զոհը կրկնած պիտի ըլլային։

  •   Յիսուս ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար», եւ ոչ թէ «զիս զոհելու համար» (Ա. Կորնթացիս 11։24

 Անոնք՝ որոնք կը հաւատան գոյափոխութեան,– թէ հացը եւ գինին կը փոխուին Յիսուսի բառացի մարմինին ու արեան,– իրենց հաւատալիքը կը հիմնեն Աստուածաշունչի կարգ մը համարներու բառերուն վրայ։ Օրինակ, Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններու մէջ, Յիսուսի խօսքը թարգմանուած է. «Ասիկա է իմ արիւնս» (Մատթէոս 26։28)։ Բայց անիկա նաեւ կարելի է թարգմանել. «Ասիկա կը նշանակէ իմ արիւնս», «Ասիկա կը ներկայացնէ իմ արիւնս» կամ «Ասիկա կը խորհրդանշէ իմ արիւնս» f։ Ինչպէս յաճախ, Յիսուս հոս փոխաբերական խօսքերով կը սորվեցնէր (Մատթէոս 13։34, 35

Խորհրդանիշներուն որո՞նք կը մասնակցին

 Երբ մենք՝ Եհովայի վկաներս, Տէրունական ընթրիքը կը տօնենք, մեզմէ շատ քիչեր հացին ու գինիին կը մասնակցին։ Ինչո՞ւ։

 Յիսուսի թափած արիւնով հաստատուեցաւ «նոր ուխտ» մը, որ փոխարինեց Եհովա Աստուծոյ եւ վաղեմի իսրայէլ ազգին միջեւ եղած ուխտը (Եբրայեցիս 8։10-13)։ Անոնք՝ որոնք այդ նոր ուխտին մաս կը կազմեն, Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցին։ Բոլոր քրիստոնեաները չեն մասնակցիր, այլ միայն անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կողմէ յատուկ կերպով «հրաւիրուած» են (Եբրայեցիս 9։15. Ղուկաս 22։20)։ Անոնք Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ պիտի թագաւորեն. եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ միայն 144,000 անհատներ այս առանձնաշնորհումը կը ստանան (Ղուկաս 22։28-30. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3

 Քրիստոսի հետ իշխելու կանչուած այս «պզտիկ հօտ»ին հակառակը, մեր մեծամասնութիւնը կը յուսայ մաս կազմել ‘մեծ բազմութեան’, որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունի (Ղուկաս 12։32. Յայտնութիւն 7։9, 10)։ Թէեւ երկրային յոյս ունեցողները Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն չեն մասնակցիր, բայց ներկայ կը գտնուին երախտագիտութիւն յայտնելու Յիսուսի զոհին հանդէպ, որ բոլորին համար ըրաւ (Ա. Յովհաննէս 2։2

a Համայնագիտարան մը կը նշէ. «Հաղորդութիւն բառը Նոր Կտակարանին մէջ գոյութիւն չունի. ո՛չ ալ յունարէն μυστήριον [մայ.սթիրի.ոն] բառը կը կիրարկուի մկրտութեան կամ Տէրոջ ընթրիքին, կամ որեւէ այլ արարողութեան» (McClintock and Strong’s Cyclopedia, հատոր 9, էջ 212)։

b Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ Տէրոջ ընթրիքին ակնարկելու համար կը գործածեն «քանի անգամ որ» արտայայտութիւնը, որ ցոյց կու տայ թէ Տէրունական ընթրիքը որքա՛ն յաճախ պէտք է յիշատակուի։ Սակայն բնագիր լեզուին մէջ այս արտայայտութեան ճիշդ իմաստն է՝ «երբոր» կամ «ամէն անգամ որ» (Ա. Կորնթացիս 11։25, 26

c Տե՛ս The New Schaff-Herzog Encyclopedia of Religious Knowledge, հատոր 4, էջ 43-44 եւ McClintock and Strong’s Cyclopedia, հատոր 8, էջ 836։

d Տե՛ս The New Cambridge History of the Bible, հատոր 1, էջ 841։

e Հրէական արդի օրացոյցը նիսան ամսուն սկիզբը կ’որոշէ ըստ աստղագիտական նոր լուսինին. բայց առաջին դարուն այս մեթոտը չէր գործածուեր։ Հապա ամիսը կը սկսէր երբ նոր լուսինը նախ տեսանելի կ’ըլլար Երուսաղէմէն. եւ այդ օրը կրնայ աստղագիտական նոր լուսինէն մէկ օր կամ աւելի ետք ըլլալ։ Այս տարբերութիւնը պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ Եհովայի վկաներուն Յիշատակատօնին թուականը միշտ չի զուգադիպիր այժմու հրեաներուն Պասեքի թուականին։

f Տե՛ս Ճէյմս Մոֆաթի A New Translation of the Bible Աստուածաշունչը, Չարլզ Պ. Ուլիամզի The New Testament—A Translation in the Language of the People Նոր Կտակարանը եւ Հիու Ճ. Շոնֆիլտի The Original New Testament Նոր Կտակարանը։