Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն

Եհովայի վկաները Յիսուսին կը հաւատա՞ն

 Այո՛, մենք կը հաւատանք Յիսուսին, որ ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Կը հաւատանք, որ Յիսուս երկնքէն երկիր եկաւ եւ իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհելով՝ մարդկութեան համար փրկանք տուաւ (Մատթէոս 20։28)։ Իր մահն ու յարութիւնը կարելի կը դարձնեն, որ բոլոր իրեն հաւատացողները յաւիտենական կեանք ձեռք ձգեն (Յովհաննէս 3։16)։ Նաեւ կը հաւատանք, որ Յիսուս այժմ Թագաւորն է Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան, որ շուտով ամբողջ երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի բերէ (Յայտնութիւն 11։15)։ Բայց եւ այնպէս լուրջի կ’առնենք Յիսուսի այս խօսքը. «Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28)։ Անոր համար զինք չենք պաշտեր, քանի որ ան Ամենակալ Աստուածը չէ։