Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Եհովայի վկաներուն տեսակէտը միջդաւանութեան նկատմամբ

Ի՞նչ է Եհովայի վկաներուն տեսակէտը միջդաւանութեան նկատմամբ

 Մենք շատ կ’ուրախանանք երբ տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդոց հետ հոգեւոր նիւթերու մասին խօսինք։ Բայց եւ այնպէս մենք միջդաւանութեան թիկունք չենք կանգնիր. այսինքն՝ Աստուած չենք պաշտեր մարդոց հետ, որոնք տարբեր հաւատալիքներ ունին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ ճշմարիտ քրիստոնեաները «մէկտեղ կազմուած» են կամ ուրիշ խօսքով միութեան մէջ են։ Եւ այս միութեան նպաստող կարեւոր ազդակներէն մէկն է՝ հաւատքի մէջ մէկ մտքի վրայ ըլլալ (Եփեսացիս 4։16. Ա. Կորնթացիս 1։10. Փիլիպպեցիս 2։2)։ Ասիկա չի նշանակեր որ պէտք է միայն ընդունիլ լաւ յատկութիւններու կարեւորութիւնը, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն եւ ներողամտութիւն։ Մեր հաւատալիքները հիմնուած են աստուածաշնչական ճշգրիտ գիտելիքներու վրայ. եւ առանց անոնց, մեր հաւատքը արժէք պիտի չունենար (Հռովմայեցիս 10։2, 3

 Աստուածաշունչը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ ուրիշ կրօնքի պատկանող մարդոց հետ պաշտամունքի մասնակցիլը կը նմանի անհաւասար եւ անյարմար լուծի մը տակ ըլլալուն, ինչ որ վնաս կը հասցնէ քրիստոնեային հաւատքին (Բ. Կորնթացիս 6։14-17)։ Անոր համար, Յիսուս դէմ էր այն գաղափարին որ իր աշակերտները Աստուած պաշտեն անհատներու հետ, որոնք իրենց հաւատալիքները չունէին (Մատթէոս 12։30. Յովհաննէս 14։6)։ Ասկէ զատ, անցեալին, Մովսէսին միջոցաւ տրուած Աստուծոյ Օրէնքը իսրայէլացիները արգիլեց, որ ուրիշ ազգերու հետ Աստուծոյ երկրպագեն (Ելից 34։11-14)։ Յետագային, հաւատարիմ իսրայէլացիները մերժեցին ուրիշ կրօնքի պատկանող մարդոց օգնութիւնը, ինչ որ կրնար պատճառ դառնալ որ կրօնական կապեր հաստատեն անոնց հետ (Եզրաս 4։1-3

Եհովայի վկաները ուրիշ կրօնքներու պատկանող մարդոց հետ սուրբգրային նիւթերու մասին կը խօսի՞ն

 Այո։ Պօղոս առաքեալին պէս, մենք շատ կ’ուզենք հասկնալ ‘կարելի եղածին չափ շատ մարդոց’ (Նոր աշխարհի թարգմանութիւն) մտածելակերպն ու հաւատալիքները (Ա. Կորնթացիս 9։19-22)։ Ասկէ զատ, մարդոց հետ զրուցած ատեն, կը ջանանք Աստուածաշունչին խրատը գործադրել եւ մարդիկը ‘խորապէս յարգել’ (Ա. Պետրոս 3։15, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն