Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները իրենց կրօնքին պատկանող նախկին անդամներէն հեռու կը կենա՞ն

Եհովայի վկաները իրենց կրօնքին պատկանող նախկին անդամներէն հեռու կը կենա՞ն

 Մենք չենք հեռանար այն մկրտուած Եհովայի վկաներէն, որոնք ա՛լ քարոզչութեան չեն մասնակցիր կամ թերեւս մեզի հետ չեն ընկերակցիր։ Իրականութեան մէջ, ամէն ջանք կը թափենք անոնց օգնելու, որ դարձեալ հոգեւոր բաները գնահատեն։

 Մենք ինքնաբերաբար չենք վտարեր մկրտուած Վկայ մը, որ լուրջ մեղք մը կը գործէ։ Բայց եթէ ան Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները խախտելը սովորութիւն դարձնէ եւ չի զղջայ, ա՛լ մեր ընկերակցութիւնը չի վայելեր կամ ուրիշ խօսքով՝ կը վտարուի։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կը նշէ. «Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք» (Ա. Կորնթացիս 5։13

 Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել այն վտարուած տղամարդուն մասին, որուն կինն ու զաւակները տակաւին Եհովայի վկաներ են։ Անոնց հետ իր ունեցած կրօնական կապը կը փոխուի, բայց ամուսնական կապն ու ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները նոյնը կը մնան։

 Վտարուած անհատները կրնան մեր կրօնական հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլ։ Անոնք նաեւ կրնան ժողովքի երէցներէն հոգեւոր խրատներ ստանալ։ Նպատակն է օգնել իւրաքանչիւր վտարուած անհատի, որ դարձեալ որակեալ ըլլայ Եհովայի վկայ կոչուելու։ Այն վտարուած անհատները, որոնք այլեւս անվայել վարք չունին եւ ցոյց կու տան թէ անկեղծօրէն կը փափաքին Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, միշտ կրնան վերադառնալ եւ դարձեալ ժողովքին մէկ անդամը ըլլալ։