Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները «Հին Կտակարան»ին կը հաւատա՞ն

Եհովայի վկաները «Հին Կտակարան»ին կը հաւատա՞ն

 Այո՛։ Եհովայի վկաները կը հաւատան որ Սուրբ Գիրքը ամբողջութեամբ «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Անիկա կը պարփակէ թէ՛ «Հին Կտակարան»ը եւ թէ «Նոր Կտակարան»ը։ Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի այս մասերուն կ’ակնարկեն որպէս՝ «Եբրայերէն Գրութիւններ» եւ «Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ»։ Այսպիսով, կը խուսափինք տալու այն տպաւորութիւնը, թէ Աստուածաշունչին կարգ մը մասերը հին են կամ ոչ ժամանակայարմար։

Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք ունին թէ՛ «Հին Կտակարան»ին եւ թէ «Նոր Կտակարան»ին

 Աստուած Պօղոս առաքեալը ներշնչեց որ գրէ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք» (Հռովմայեցիս 15։4)։ Ուրեմն, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան։ Այլ բաներու կողքին, ատոնք կը պարփակեն օգտակար պատմական արձանագրութիւններ եւ գործնական խրատներ։

  •   Օգտակար պատմական արձանագրութիւններ։ Եբրայերէն Գրութիւնները մանրամասնօրէն կը նկարագրեն թէ Աստուած ինչպէ՛ս ամէն բան ստեղծեց եւ թէ մարդ արարածը ինչպէ՛ս մեղքի մէջ ինկաւ։ Առանց այդ տեղեկութիւններուն, պիտի չկարենայինք գոհացուցիչ պատասխաններ գտնել հետեւեալին նման հարցումներու. ուրկէ՞ եկանք։ Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին (Ծննդոց 2։7, 17)։ Ասկէ զատ, Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ կը կարդանք, թէ Եհովա Աստուած ինչպէ՛ս վարուեցաւ մարդոց հետ, որոնք մեզի պէս ուրախ պահեր վայելեցին եւ դժուար պարագաներ դիմագրաւեցին (Յակոբոս 5։17, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն

  •   Գործնական խրատներ։ Աստուածաշունչի Առակաց եւ Ժողովող գիրքերը, որոնք Եբրայերէն Գրութիւններուն մէկ մասը կը կազմեն, կեանքի վերաբերող այժմէական եւ իմաստուն խորհուրդներ կը պարփակեն։ Հոն կը գտնենք խրատներ, ինչպէ՛ս ընտանեկան ուրախ կեանք վայելելելու (Առակաց 15։17), գործի նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալու (Առակաց 10։4. Ժողովող 4։6) եւ մեր երիտասարդութենէն լաւագոյնս օգտուելու մասին (Ժողովող 11։9–12։1

 Ասկէ զատ, կրնանք օգտուիլ սերտելով Մովսիսական օրէնքը, որ արձանագրուած է Հնգամատեանին մէջ (Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերը)։ Թէեւ քրիստոնեաները այդ Օրէնքին տակ չեն, բայց ատոր արժէքաւոր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել որ ուրախութեամբ ապրինք (Ղեւտացւոց 19։18. Բ. Օրինաց 6։5-7