Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ իրենց դէմ եղած ամբաստանութիւններուն չեն պատասխաներ

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ իրենց դէմ եղած ամբաստանութիւններուն չեն պատասխաներ

 Եհովայի վկաները կը հետեւին Աստուածաշունչի պատուէրին, որ կ’ըսէ թէ պէտք չէ պատասխանել բոլոր ամբաստանութիւններուն, ծաղրանքներուն եւ արհամարհական խօսքերուն։ Օրինակ, սուրբգրային առակներէն մէկը կ’ըսէ. «Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք... կը վաստկի» (Առակաց 9։7, 8. 26։4)։ Փոխանակ մարդոց հետ վիճաբանութիւններու մէջ մտնելու սուտ ամբաստանութիւններու պատճառով, մենք կը կեդրոնանանք Աստուած հաճեցնելու վրայ (Սաղմոս 119։69

 Անշուշտ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ (Ժողովող 3։7)։ Մենք կը պատասխանենք անկեղծ մարդոց, որոնք ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած են, բայց անիմաստ վիճաբանութիւններու մէջ չենք մտներ։ Այսպէս, կը հետեւինք Յիսուսին եւ առաջին դարու քրիստոնեաներուն սորվեցուցածներուն եւ օրինակին։

  •   Յիսուս պատասխան չտուաւ երբ մարդիկ իրեն դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ըրին Պիղատոսին առջեւ (Մատթէոս 27։11-14. Ա. Պետրոս 2։21-23)։ Ան նաեւ չպատասխանեց երբ իրեն համար ըսին որ գինեմոլ եւ որկրամոլ է։ Փոխարէն, ան ձգեց որ իր գործերը իր տեղը խօսին եւ այսպիսով ան վարուեցաւ այս սկզբունքին համաձայն. «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն» կամ գործերէն (Մատթէոս 11։19)։ Բայց երբ տեղին էր, ան համարձակօրէն պատասխանեց զինք զրպարտողներուն (Մատթէոս 15։1-3. Մարկոս 3։22-30

     Յիսուս իր հետեւորդներուն խրատ տուաւ որ չվհատին սուտ ամբաստանութիւններու պատճառով։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար» (Մատթէոս 5։11, 12)։ Բայց եթէ այս տեսակ ամբաստանութիւններ վկայութեան դուռ բանային, ան իր հետեւորդներուն խոստացաւ. «Ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները» (Ղուկաս 21։12-15

  •   Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները խրատեց որ հակառակորդներուն հետ անիմաստ վիճաբանութիւններու մէջ չմտնեն եւ ըսաւ որ այդ վիճաբանութիւնները «անօգուտ են ու սնոտի» (Տիտոս 3։9. Հռովմայեցիս 16։17, 18

  •   Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ երբ առիթ ունենան, իրենց հաւատքը պաշտպանեն (Ա. Պետրոս 3։15)։ Բայց ան ըսաւ, որ աւելի լաւ է այս մէկը ընել գործով եւ ոչ թէ խօսքով։ Ան գրեց որ քրիստոնեաները կրնան ‘բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնել’ (Ա. Պետրոս 2։12-15