Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՏԻՄՈԹԷՈՍ

«Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս»

«Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս»

ՏԻՄՈԹԷՈՍ հաստատ մեծ քայլերով իր տունէն կը հեռանար. անոր աչքերը կեդրոնացած էին գալիք բաներուն վրայ։ Իր ընկերակիցները իր առջեւէն կ’երթային դաշտերու մէջէն, որոնց Տիմոթէոս քաջածանօթ էր։ Անոնք կամաց–կամաց կը հեռանային Լիւստրայէն, որ տափարակ հովիտի մը մէջ պզտիկ բլուրի մը վրայ նստած քաղաք մըն էր։ Տիմոթէոս ժպտաց երբ մտածեց իր մօր ու մեծ–մօր մասին, որոնք պարծանքով լեցուած էին եւ իրենց արցունքները կը պահէին, մինչ իր հեռանալը կը դիտէին։ Արդեօք վերջին անգամ ըլլալով Տիմոթէոս ետեւ պիտի նայէ՞ր։

Ատեն–ատեն Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին կը նայէր ու կը ժպտար որ զինք քաջալերէ։ Ան գիտէր թէ Տիմոթէոս տակաւին որոշ չափով իր ամչկոտութիւնը յաղթահարելու կարիքը ունէր, բայց երիտասարդին խանդավառութիւնը Պօղոսը կ’ուրախացնէր։ Տիմոթէոս տակաւին իր պատանեկութեան տարիքի վերջաւորութեան կամ քսանական տարիքին սկիզբն էր, եւ շատ խոր յարգանք ու խանդաղատանք ունէր Պօղոսի հանդէպ։ Այժմ Տիմոթէոս կը հետեւէր այս եռանդուն եւ հաւատարիմ տղամարդուն՝ ճամբորդութեան մը մէջ, որ զինք իր տունէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու պիտի տանէր։ Անոնք պիտի ճամբորդէին ոտքով եւ նաւով, դիմագրաւելով անհամար վտանգներ։ Իրականութեան մէջ Տիմոթէոս չէր գիտեր, թէ իր հայրենիքը դարձեալ պիտի տեսնէր կամ ոչ։

Ի՞նչ բան այս երիտասարդը մղեց որ այսպիսի ընթացքի մը հետեւի։ Ի՞նչ էին այն վարձատրութիւնները, որոնց համար կ’արժէր այսպիսի զոհողութիւններ ընել։ Եւ Տիմոթէոսի հաւատքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեր հաւատքին։

‘ՄԱՆԿՈՒԹԵՆԷՆ Ի ՎԵՐ’

Երկու կամ երեք տարի ետեւ երթանք եւ ենթադրենք որ Լիւստրան Տիմոթէոսի ծննդավայրն է,– ինչ որ հաւանական կը թուի ըլլալ։ Անիկա պզտիկ գիւղաքաղաք մըն էր մեկուսացած ու ջրառատ հովիտի մը մէջ։ Այդ տեղի բնակիչները թերեւս յունարէն լեզուն կը հասկնային, բայց տակաւին տեղական լեզուն՝ լիկայոներէն կը խօսէին։ Օր մը հանդարտ քաղաքը աղմուկով լեցուեցաւ։ Երկու քրիստոնեայ միսիոնարներ՝ Պօղոս առաքեալ եւ իր ուղեկիցը՝ Բառնաբաս, Իկոնիոնէն,– մօտակայքը գտնուող մեծ քաղաք մը,– Լիւստրա հասան։ Մինչ անոնք հանրապէս կը քարոզէին, Պօղոս նկատեց անդամալոյծ մարդ մը, որ իսկական հաւատք ցուցաբերեց։ Ուստի Պօղոս հրաշքով մը այդ տղամարդը բուժեց (Գործք 14։5-10

Բացայայտօրէն Լիւստրայի մարդոցմէ շատեր կը հաւատային տեղական առասպելներու, որոնք կը նշէին թէ անցեալին աստուածներ մարդու կերպարանք կ’առնէին եւ շրջանը կ’այցելէին։ Ուստի մարդիկ կարծեցին թէ Պօղոսը Հերմէսն է, իսկ Բառնաբասը՝ Զեւսը։ Երկու խոնարհ քրիստոնեաները հազիւ կրցան մարդիկը ետ պահել իրենց համար զոհ մատուցանելէ (Գործք 14։11-18

Սակայն Լիւստրայի մէջ կային անհատներ, որոնց համար այդ այցելութիւնը առասպելական հեթանոս աստուածներու կողմէ այցելութիւն մը չէր, հապա իրողութիւն մը՝ որուն անձկագին կը սպասէին։ Օրինակ՝ Եւնիկէն,– հրեայ կին մը որ ամուսնացած էր անհաւատ յոյն տղամարդու մը հետ *,– եւ իր մայրը՝ Լաւոդիան, անկասկած մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ մտիկ ըրին Պօղոսին եւ Բառնաբասին։ Վերջապէս կար լուր մը, որ իւրաքանչիւր հաւատարիմ հրեայ կը տենչար լսել. Մեսիան եկած էր եւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ իր մասին գրուած շատ մը մարգարէութիւններ կատարած էր։

Երեւակայէ թէ Տիմոթէոս ինչպէ՛ս ազդուեցաւ Պօղոսի այցելութենէն։ Տիմոթէոս ‘մանկութենէն ի վեր’ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները կը սիրէր (Բ. Տիմոթէոս 3։15)։ Իր մօր եւ մեծ մօր նման, ան կրնար տեսնել թէ Պօղոս ու Բառնաբաս Մեսիայի մասին ճշմարտութիւնը կը խօսէին։ Նաեւ մտածէ Պօղոսի բուժած անդամալոյծ տղամարդուն մասին։ Տիմոթէոս հաւանաբար իր մանկութենէն ի վեր շատ անգամներ տեսած էր այդ մարդը Լիւստրայի թաղերուն մէջ։ Իսկ հիմա Տիմոթէոս կը տեսնէր թէ ան առաջին անգամ ըլլալով կը քալէ։ Ուստի չենք զարմանար որ Եւնիկէն եւ Լաւոդիան քրիստոնեաներ դարձան, ինչպէս որ Տիմոթէոս ալ քրիստոնեայ դարձաւ։ Մինչեւ օրս մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր եւ ծնողներ շա՛տ բան կրնան սորվիլ Լաւոդիայէն ու Եւնիկէէն։ Դուն ալ կրնա՞ս երիտասարդներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն ձգել։

«ՇԱՏ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵԼՈՎ»

Անոնք՝ որոնք Լիւստրայի մէջ քրիստոնեայ աշակերտներ դարձան, Քրիստոսի հետեւորդներուն տրուած յոյսին մասին գիտնալով շատ ուրախացած ըլլալու էին։ Անոնք նաեւ գիտակցեցան թէ աշակերտ ըլլալը դիւրին չէր։ Իկոնիոնէն եւ Անտիոքէն մոլեռանդ հրեայ հակառակորդներ Լիւստրա եկան եւ ժողովուրդը դրդեցին Պօղոսին ու Բառնաբասին դէմ։ Շատ չանցած ամբոխ մը Պօղոսը քարկոծելու եկաւ։ Կրկին անգամ հարուած ստանալով ան գետին ինկաւ։ Ամբոխը զինք քաղաքէն դուրս քաշկռտեց, կարծելով որ մեռած է (Գործք 14։18)

Սակայն Լիւստրայի մէջ գտնուող աշակերտները գացին ու Պօղոսը շրջապատեցին։ Անոնք որքա՜ն մխիթարուած ըլլալու էին, երբ Պօղոս դժուարաւ ոտքի ելաւ եւ ապա քաջաբար Լիւստրա վերադարձաւ։ Յաջորդ օրը ինք ու Բառնաբաս Դերբէ գիւղաքաղաքը գացին, որպէսզի իրենց քարոզչութիւնը շարունակեն։ Հոն ալ նոր աշակերտներ ընելէ ետք, անոնք դարձեալ վտանգը աչքերնին առած՝ վերադարձան Լիւստրա։ Ինչո՞ւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ թէ անոնք գացին, որպէսզի ‘աշակերտներուն սրտերը հաստատեն եւ յորդորեն, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ’։ Երեւակայէ թէ Տիմոթէոս ինչպէ՛ս աչքերը լայն բացած մտիկ կ’ընէր, մինչ Պօղոս ու Բառնաբաս քրիստոնեաներուն կ’ըսէին, թէ ապագային նկատմամբ իրենց փառաւոր յոյսին հասնելու համար կ’արժէ՛ր ներկայիս սուղ գին վճարել։ Անոնք ըսին. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել» (Գործք 14։19-21

Տիմոթէոս իր սիրտը բացաւ Պօղոս առաքեալի ուսուցումներուն

Տիմոթէոս իր աչքերով տեսած էր, թէ Պօղոս այդ խօսքերուն համաձայն կ’ապրէր,– քաջաբար նեղութիւններ դիմագրաւել, բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնելու համար։ Ուստի Տիմոթէոս գիտէր որ եթէ Պօղոսի օրինակին հետեւէր, Լիւստրայի ժողովուրդը իրեն պիտի հակառակէր. թերեւս իր հայրն ալ։ Բայց Տիմոթէոս թոյլ պիտի չտար, որ այսպիսի ճնշումներ ազդէին Աստուծոյ ծառայելու նկատմամբ իր որոշումին։ Ներկայիս, Տիմոթէոսի նման շատ երիտասարդներ կան։ Անոնք իմաստութեամբ կ’ընտրեն զօրաւոր հաւատք ունեցող բարեկամներ, որոնք զիրենք պիտի քաջալերեն եւ զօրացնեն։ Եւ անոնք թոյլ չեն տար որ հակառակութիւնը զիրենք ետ պահէ ճշմարիտ Աստուծոյն ծառայելէ։

‘ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԷՆ ԲԱՐԻ ՎԿԱՅՈՒԱԾ ԷՐ’

Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, Պօղոս հաւանաբար երկու կամ երեք տարի ետք դարձեալ Լիւստրա այցելեց։ Պատկերացուր թէ Տիմոթէոսի ընտանիքը որքա՜ն հրճուեցաւ երբ Պօղոս եկաւ, այս անգամ Շիղային հետ։ Անկասկած Պօղոս ալ ուրախ էր իր հոն ըլլալուն համար։ Ան կրնար տեսնել թէ Լիւստրայի մէջ իր ցանած ճշմարտութեան սերմերը ի՛նչ արդիւնք տուած էին։ Լաւոդիան եւ իր աղջիկը՝ Եւնիկէն, այժմ հաւատարիմ քրիստոնեաներ դարձած էին, որոնք լեցուած էին «անկեղծ հաւատք»ով։ Եւ Պօղոս հիացաւ անոնց ունեցած հաւատքին վրայ (Բ. Տիմոթէոս 1։5)։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել երիտասարդ Տիմոթէոսի մասին։

Պօղոս իմացաւ թէ իր անցեալ այցելութենէն ետք այս երիտասարդը հասուն անձ մը դարձած էր։ Տիմոթէոս ո՛չ միայն Լիւստրայի, հապա 32 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Իկոնիոնի «եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր» (Գործք 16։2)։ Անիկա ինչպէ՞ս այսպիսի համբաւ վաստկած էր։

Տիմոթէոսի մայրն ու մեծ մայրը իր «մանկութենէն ի վեր» իրեն սորվեցուցած էին «սուրբ գրքերը», որոնք կը պարփակէին երիտասարդներու համար գործնական խրատներ (Բ. Տիմոթէոս 3։15)։ Ահա օրինակ մը. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» (Ժողովող 12։1)։ Տիմոթէոս քրիստոնէութիւնը որդեգրելէ ետք, այս խօսքերը իրեն համար աւելի խոր իմաստ մը ունեցան։ Ան տեսաւ թէ իր Ստեղծիչը յիշելու լաւագոյն կերպերէն մէկն էր՝ Անոր Որդւոյն, Քրիստոսին մասին բարի լուրը ուրիշներու խօսիլ։ Տիմոթէոս կամաց–կամաց վարժուեցաւ յաղթահարել իր ամչկոտութիւնը, որ զինք ետ կը պահէր Յիսուս Քրիստոսի մասին բարի լուրը համարձակօրէն խօսելէ։

Ժողովքներուն մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրները Տիմոթէոսի յառաջդիմութիւնը նկատեցին։ Անկասկած, անոնք լաւ տպաւորուեցան տեսնելով թէ այս երիտասարդը ինչպէ՛ս իր շուրջինները կը շինէր ու կը քաջալերէր։ Սակայն ամենակարեւորն այն է որ Եհովան Տիմոթէոսը նկատեց։ Աստուած անոր մասին կարգ մը մարգարէութիւններ ներշնչեց,– թերեւս ակնարկելով այն ծառայութեան, որ օր մը օրանց պիտի կատարէր շատ մը ժողովքներու համար։ Երբ Պօղոս քաղաքը այցելեց, ան տեսաւ թէ Տիմոթէոս կրնար իր միսիոնարական շրջապտոյտներուն մէջ օգտակար ճամբորդակից մը ըլլալ։ Լիւստրայի եղբայրները ասոր համաձայն գտնուեցան եւ իրենց ձեռքերը այս երիտասարդին վրայ դրին,– նշան մը որ ցոյց կու տար թէ իրեն տրուած էր Եհովա Աստուծոյ ծառայութեան մէջ յատուկ նշանակում մը (Ա. Տիմոթէոս 1։18. 4։14

Կրնա՛նք երեւակայել թէ Տիմոթէոս այս մեծ վստահութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ստանալը պատիւ սեպեց եւ խոնարհ կեցուածք ունեցաւ։ Ան պատրաստ էր երթալու *։ Սակայն Տիմոթէոսի անհաւատ հայրը ինչպէ՞ս հակազդեց իր որդիին այս նոր նշանակումին՝ որպէս շրջագայող քրիստոնեայ ծառայ։ Ան հաւանաբար իր զաւկին ապագային համար ուրիշ բաներ ի մտի ունէր։ Ի՞նչ կարելի է ըսել Տիմոթէոսի մօր ու մեծ մօր մասին։ Անոնք թերեւս պարծանքով լեցուեցան, մինչ կը փորձէին երիտասարդին ապահովութեան նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը պահել։

Ստոյգ գիտենք թէ Տիմոթէոս գնաց։ Այս յօդուածին սկիզբը նշուած առաւօտուն, ան Պօղոս առաքեալին հետ շրջագայելու սկսաւ։ Մինչ Լիւստրայէն կը հեռանար, իր առած իւրաքանչիւր քայլը կը նշանակէր թէ ան իր տունէն կը հեռանար եւ կ’ուղղուէր դէպի անորոշութիւն։ Ամբողջ օրը քալելէ ետք, երեք տղամարդիկը Իկոնիոն հասան։ Ապա Տիմոթէոս սկսաւ նկատել թէ Պօղոս ու Շիղա ինչպէ՛ս Երուսաղէմի մէջ գտնուող կառավարիչ մարմինին վերջին ուղղութիւններուն կը հետեւէին եւ կ’աշխատէին Իկոնիոնի հաւատացեալներուն հաւատքը կերտելու (Գործք 16։4, 5)։ Բայց ասիկա միայն սկիզբն էր։

Գաղատիայի ժողովքները այցելելէ ետք, միսիոնարները հռոմէական ընդարձակ ու քարայատակ ճամբաները ձգելով քալեցին հարիւրաւոր մղոններ. անցան Փռիւգիայի հսկայ լեռնադաշտերուն քովէն, ուղղուելով դէպի հիւսիս եւ ապա դէպի արեւմուտք։ Անոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիին ուղղութեան հետեւելով Տրովադա գացին, նաւ մը առին եւ գացին Մակեդոնիա (Գործք 16։6-12)։ Մինչ այդ Պօղոս նկատած էր թէ Տիմոթէոս որքա՛ն օգտակար անձ մըն էր։ Ուստի Պօղոս Տիմոթէոսը Շիղային հետ ձգեց Բերիայի մէջ (Գործք 17։14)։ Ան նոյնիսկ այս երիտասարդը առանձնաբար ղրկեց Թեսաղոնիկէ։ Տիմոթէոս իր ուշի–ուշով դիտած օրինակներուն հետեւեցաւ եւ Թեսաղոնիկէի հաւատարիմ քրիստոնեաներուն հաւատքը կերտեց (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։1-3

Յետագային Պօղոս Տիմոթէոսին մասին գրեց. «Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի» (Փիլիպպեցիս 2։20)։ Այդ համբաւը դիպուածով չեկաւ։ Տիմոթէոս զայն շահեցաւ ծանր աշխատելով, խոնարհաբար ծառայելով եւ դժուար մարտահրաւէրներու հաւատարմօրէն տոկալով։ Ասիկա այժմու երիտասարդներուն համար ի՜նչ ուշագրաւ օրինակ մըն է։ Բնաւ մի՛ մոռնար թէ համբաւդ մեծաւ մասամբ քու ձեռքդ է։ Եթէ երիտասարդ ես, հոյակապ պատեհութիւն ունիս անուն մը շինելու՝ Եհովա Աստուած կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնելով եւ ուրիշներուն հետ ազնուութեամբ եւ յարգանքով վարուելով։

«ՋԱՆԱ՛ ՇՈՒՏՈՎ ԻՆԾԻ ԳԱԼ»

Տիմոթէոս իր երիտասարդ տարիքին իր կեանքը նուիրեց քրիստոնէական ծառայութեան

Գրեթէ 14 տարուան ընթացքին, Տիմոթէոս իր բարեկամին՝ Պօղոս առաքեալին հետ ծառայելով շատ ժամանակ անցուց։ Ան ծառայութեան մէջ Պօղոսի դիմագրաւած վտանգները, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրախութիւնները բաժնեց (Բ. Կորնթացիս 11։24-27)։ Ատեն մը Տիմոթէոս նոյնիսկ իր հաւատքին համար բանտարկուեցաւ (Եբրայեցիս 13։23)։ Ան Պօղոսի նման խոր ու սրտագին սէր ունէր իր քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ եւ անոնցմով հետաքրքրուած էր։ Ուստի Պօղոս իրեն գրեց թէ ‘իր միտքը կը բերէր անոր արցունքները’ (Բ. Տիմոթէոս 1։4)։ Այնպէս կը թուի թէ Տիմոթէոս սորվեցաւ Պօղոսի նման ‘լացողներուն հետ լալ’, անոնց կարեկցելով, որպէսզի կարենար աւելի լաւ կերպով զանոնք քաջալերել ու մխիթարել (Հռովմայեցիս 12։15)։ Թող որ իւրաքանչիւրս սորվինք նոյնը ընել։

Զարմանալի չէ, որ Տիմոթէոս ժամանակի ընթացքին բացառիկ քրիստոնեայ տեսուչ մը դարձաւ։ Պօղոս ո՛չ միայն իրեն վստահեցաւ ժողովքները այցելելու եւ զանոնք զօրացնելու եւ քաջալերելու պատասխանատուութիւնը, այլեւ՝ որակեալ տղամարդիկ որպէս ժողովքի երէցներ եւ օգնական ծառաներ նշանակելու պատասխանատուութիւնը (Ա. Տիմոթէոս 5։22

Պօղոս Տիմոթէոսը շա՛տ կը սիրէր, եւ անոր կու տար շատ մը օգտակար ուղղութիւններ եւ հայրական խրատներ։ Ան Տիմոթէոսը յորդորեց որ իր հոգեւոր տաղանդները մշակէ եւ շարունակէ յառաջդիմել (Ա. Տիմոթէոս 4։15, 16)։ Ան Տիմոթէոսը քաջալերեց որ թոյլ չտայ որ իր երիտասարդութիւնը,– եւ թերեւս որոշ երկչոտութիւն,– իրեն արգելք հանդիսանայ ճիշդ բաներու կողքին հաստատ դիրք բռնելու, երբ կարիքը ստեղծուի (Ա. Տիմոթէոս 1։3. 4։6, 7, 11, 12)։ Պօղոս նոյնիսկ իրեն խորհուրդ տուաւ ինչպէ՛ս գլուխ ելլել իր յաճախակի հիւանդութեան հետ,– հաւանաբար ստամոքսի անհանգստութիւն (Ա. Տիմոթէոս 5։23

Ժամանակը հասաւ, երբ Պօղոս գիտցաւ թէ մօտ ատենէն իր կեանքին վերջ պիտի դրուէր. բացայայտօրէն ան շուտով մահապատիժի պիտի ենթարկուէր։ Ան վերջին անգամ ըլլալով Տիմոթէոսին ներշնչեալ նամակ մը ուղարկեց։ Անիկա սա ազդեցիկ խօսքերը կը պարունակէր. «Ջանա՛ շուտով ինծի գալ» (Բ. Տիմոթէոս 4։9)։ Պօղոս Տիմոթէոսը իրապէս շա՛տ կը սիրէր. ան զինք կոչեց «Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս» (Ա. Կորնթացիս 4։17, ՆԹ)։ Արդարեւ, ան կ’ուզէր որ իր բարեկամը իրեն մօտ ըլլար, մինչ իր մահը կը մօտենար։ Իւրաքանչիւրս կրնանք հարց տալ. ‘Արդեօք մարդիկ երբ խնդիրներ դիմագրաւեն որպէս մխիթարութեան աղբիւր զիս կը փնտռե՞ն’։

Արդեօք Տիմոթէոս կրցա՞ւ ատենին Պօղոսին հասնիլ։ Այդ մէկը չենք գիտեր։ Բայց գիտենք որ ան միշտ իր կարելին ըրաւ որ Պօղոսը եւ ուրիշներ մխիթարէ ու քաջալերէ։ Տիմոթէոս իր անուան համաձայն ապրեցաւ, որ կը նշանակէ «Ան որ Աստուած կը պատուէ»։ Եւ ան մեզի հաւատքի հոյակապ օրինակ մը ձգեց, ըլլանք երիտասարդներ թէ տարեցներ։

^ պարբ. 9 Տե՛ս «Գիտէի՞ր» յօդուածը այս թիւին մէջ։

^ պարբ. 20 Տիմոթէոս նոյնիսկ յօժարեցաւ Պօղոսի խնդրանքին ընդառաջել եւ թլփատուիլ,– ո՛չ թէ քանի որ թլփատուիլը քրիստոնեաներէն պահանջուած էր, այլ քանի որ Պօղոս չէր ուզեր որեւէ պատճառ տալ իրենց քարոզած հրեաներուն, որ մերժեն հեթանոս հայր ունեցող այս երիտասարդին ներկայութիւնը (Գործք 16։3