Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ԴԵԲՕՐԱ

«Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»

«Ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»

ԴԵԲՕՐԱ կը դիտէ իսրայէլացի զինուորները, որոնք Թաբօր լերան գագաթը հաւաքուած են։ Շա՛տ քաջալերական է զանոնք հոն տեսնել։ Արշալոյսին, ան կը մտածէ անոնց քաջութեան եւ անոնց առաջնորդին՝ Բարակին հաւատքին մասին։ Թէեւ զինուորները 10,000 կտրիճներ էին, բայց այդ օր անոնց քաջութիւնն ու հաւատքը մեծ փորձի պիտի ենթարկուէին։ Անոնք վայրագ թշնամիի մը դէմ պիտի պատերազմէին, եւ թիւով շատ քիչ էին ու լաւ չէին զինուած։ Ասով հանդերձ, անոնք եկած էին պատերազմելու,– գլխաւորաբար, քանի որ Դեբօրան զիրենք քաջալերած էր։

Մտապատկերէ որ Դեբօրան եւ Բարակը Թաբօր լերան վրայ կանգնած՝ ամբողջ տեսարանը կը դիտեն, մինչ մեղմ հովը Դեբօրային հագուստները կը խշխշացնէ։ Թաբօր լերան տափակ գագաթէն կարելի էր տեսնել Յեզրայէլի դաշտը, որ անկէ շուրջ 400 մեթր ցած էր եւ անոր հարաւ–արեւմուտքը կը գտնուէր։ Դաշտին արօտավայրէն կ’անցնէր Կիսոն գետը, հասնելով մինչեւ Մեծ ծով, Կարմեղոս լերան մօտ։ Այդ առաւօտ, այդ ընդարձակ դաշտին մէջ բան մը կը փայլէր. անիկա գետը չէր, քանի որ գետը ցամքած էր։ Սիսարային բանակը դէպի իրենց կը սուրար։ Այդ բանակը կազմուած էր Սիսարային լաւագոյն զինուորներէն,– շուրջ 900 կառքեր, որոնց անիւներու առանցքներէն թերեւս դուրս ցցուած էին մանգաղաձեւ երկաթէ ձողեր։ Սիսարան մտադրած էր տկար կերպով զինուած իսրայէլացիները ջարդել, գարի հնձելու պէս։

Դեբօրան գիտէր թէ Բարակ եւ անոր տղամարդիկը իրմէ խօսքի մը կամ նշանի մը կը սպասէին։ Արդեօք ան հոն գտնուող միակ կի՞նն էր։ Այսպիսի պարագայի տակ ան այս մեծ պատասխանատուութիւնը ստանձնելով ի՞նչ կը զգար։ Արդեօք ան հարց տուա՞ւ թէ հոն ինք ինչ կ’ընէր։ Բացայայտօրէն ո՛չ, քանի որ Եհովա՛ն, իր Աստուածը, իրեն ըսած էր որ այդ պատերազմը սկսի։ Ան նաեւ յայտնած էր, թէ կի՛ն մը վերջ պիտի դնէր այդ պատերազմին (Դատաւորաց 4։9)։ Դեբօրայէն եւ այդ քաջ զինուորներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ հաւատքի մասին։

«ԳՆԱ՛, ԹԱԲՕՐ ԼԵՌԸ ԵԼԻ՛Ր»

Երբ Աստուածաշունչը առաջին անգամ ըլլալով Դեբօրային մասին կը խօսի, անոր կ’ակնարկէ որպէս «մարգարէուհի»։ Այդ տիտղոսը Դեբօրան յատուկ անձ մը կը դարձնէ Աստուածաշունչին մէջ. բայց ինք միակ մարգարէուհին չէր *։ Դեբօրան այլ պատասխանատուութիւն մըն ալ ունէր։ Բացայայտ է որ ան նաեւ վէճերու վերջ կը դնէր, Եհովային պատասխանը հաղորդելով որպէս լուծում (Դատաւորաց 4։4, 5

Դեբօրան կ’ապրէր Եփրեմի լեռնային շրջանը, Բեթէլ եւ Ռամա քաղաքներուն միջեւ։ Հոն, ան արմաւենիի ծառի մը տակ կը նստէր եւ ժողովուրդին ծառայութիւն կ’ընէր ինչպէս Եհովան կ’ուղղէր։ Վստահաբար, Դեբօրային նշանակումը դժուար էր, բայց ան թոյլ չտուաւ որ այդ մէկը զինք վհատեցնէ։ Իր ծառայութիւններուն մե՛ծ կարիք կար։ Ան յետագային բաժին բերաւ ներշնչեալ երգ մը յօրինելու մէջ, ուր իր անհաւատարիմ ժողովուրդին մասին հետեւեալ խօսքը կը նշուի. «Նոր աստուածներ ընտրեցին. այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ» (Դատաւորաց 5։8)։ Քանի որ իսրայէլացիները Եհովան լքելով ուրիշ աստուածներ պաշտեցին, Եհովան ալ զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեց։ Քանանացի Յաբին թագաւորը անոնց վրայ կ’իշխէր։ Յաբինի զօրեղ զօրավարն էր Սիսարան։

Սիսարայի անունն անգամ Իսրայէլի մէջ ահ ու սարսափ կը պատճառէր։ Քանանացիներուն կրօնքն ու մշակոյթը վայրագ էին, պարփակելով մանուկներու ողջակիզում եւ տաճարին մէջ պոռնկութիւն։ Ի՞նչ իրավիճակ գոյութիւն կ’ունենար երկրի մը մէջ, ուր քանանացի զօրավար մը եւ իր բանակը կը տիրէին։ Դեբօրային երգը կը յայտնէ թէ երկրին մէջ գրեթէ անկարելի էր շրջիլ եւ այլեւս ո՛չ ոք գիւղերուն մէջ կ’ապրէր (Դատաւորաց 5։6, 7)։ Կրնանք երեւակայել թէ ինչպէ՛ս անտառներուն մէջ եւ բլուրներուն վրայ մարդիկ կը վախնան հողագործութիւն ընելու կամ անպարիսպ գիւղերու մէջ ապրելու, կը սարսափին բացօթեայ ճամբաներու ընդմէջէն երթալ–գալու եւ կը վախնան որ թշնամին յարձակի, իրենց զաւակները խլէ եւ իրենց կիները բռնաբարէ *։

Այս սարսափը 20 տարի տեւեց, մինչեւ որ Եհովան տեսաւ թէ իր կամակոր ժողովուրդը պատրաստ էր փոխուելու, կամ ինչպէս որ Դեբօրային եւ Բարակին ներշնչեալ երգը կ’ըսէ, «մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ, մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու»։ Չենք գիտեր թէ Դեբօրան, Ղաբիդօթ անունով մարդու մը կինը, բառացի մայր մըն էր կամ ոչ, բայց այս արտայայտութիւնը այլաբանական նշանակութիւն ունէր։ Իրականութեան մէջ Եհովան Դեբօրան նշանակեց որ իսրայէլ ազգին մայրական պաշտպանութիւն տայ։ Ան զինք յանձնարարեց որ իրեն քով կանչէ զօրաւոր հաւատքի տէր մարդ մը՝ Բարակ դատաւորը, եւ իրեն ուղղէ որ Սիսարային դէմ ելլէ (Դատաւորաց 4։3, 6, 7. 5։7

Դեբօրան Բարակը քաջալերեց որ Աստուծոյ ժողովուրդը ազատագրէ

Եհովան Դեբօրային միջոցաւ հրամայեց. «Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր»։ Բարակ պէտք էր որ 10,000 տղամարդ հաւաքէր Իսրայէլի երկու ցեղերէն։ Դեբօրան Բարակին յայտնեց, որ Եհովան կը խոստանայ թէ իրենք զօրեղ Սիսարան եւ անոր 900 կառքերը պիտի նուաճէին։ Վստահաբար Բարակ ապշեցաւ։ Իսրայէլը բանակ չունէր եւ գրեթէ զինամթերք ալ չունէր։ Բայց եւ այնպէս Բարակ ընդունեց պատերազմիլ, պայմանաւ որ Դեբօրան ալ իրեն հետ Թաբօր լեռը երթար (Դատաւորաց 4։6-8. 5։6-8

Շատեր կը խորհին թէ Բարակին այս խնդրանքը ցոյց կու տայ որ ան հաւատք չունէր. բայց ասիկա ճիշդ չէ։ Բարակը Աստուծմէ յաւելեալ զէնքեր չխնդրեց։ Փոխարէն, Բարակ հաւատքի տէր մարդ ըլլալով, կարեւոր սեպեց որ Եհովային ներկայացուցիչը հոն գտնուի, որպէսզի զինք ու իր տղամարդիկը զօրացնէ (Եբրայեցիս 11։32, 33)։ Եհովան անոր խնդրանքին ընդառաջեց։ Ան թոյլ տուաւ Դեբօրային որ անոր հետ երթայ։ Բայց եւ այնպէս Եհովան նաեւ Դեբօրան ներշնչեց որ մարգարէանայ, թէ պատերազմին վերջնական յաղթանակը տղամարդու մը ձեռքով պիտի չտարուէր (Դատաւորաց 4։9)։ Աստուած որոշած էր որ չար Սիսարան կնոջ մը ձեռքով մեռցուէր։

Ներկայիս, կիներ մեծապէս անարդարութեան, բռնութեան ու չարաշահումի զոհը կ’երթան։ Հազուագիւտ է որ անոնց տրուի այն պատիւը, որ Աստուած կ’ուզէ որ անոնք ստանան։ Սակայն Աստուծոյ քով կիներն ու տղամարդիկը նոյն արժէքը ունին, եւ բոլորն ալ կրնան իր հաճութիւնը շահիլ (Հռովմայեցիս 2։11. Գաղատացիս 3։28)։ Դեբօրային օրինակը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած նաեւ կ’օրհնէ կիները անոնց տալով առանձնաշնորհումներ, ինչպէս նաեւ՝ իր վստահութիւնն ու հաճութիւնը։ Կարեւոր է որ բնա՛ւ չորդեգրենք այս աշխարհի ծայրայեղ հոգին։

«ԵՐԿԻՐԸ ՇԱՐԺԵՑԱՒ, ԵՐԿԻՆՔԸ ԱՆՁՐԵՒ ՏԵՂԱՑ»

Բարակ գնաց իր բանակը կազմելու։ Ան հաւաքեց 10,000 տղամարդիկ, որոնք բաւարար քաջութիւն ունէին Սիսարային զօրեղ բանակին դէմ ելլելու։ Մինչ Բարակ իր տղամարդիկը դէպի Թաբօր լեռ կ’առաջնորդէր, ան ուրախ էր որ անոնց քաջութիւնը աւելցնելու կերպ մը ունէր։ Կը կարդանք. «Դեբօրա ալ անոր հետ ելաւ» (Դատաւորաց 4։10)։ Երեւակայէ թէ զինուորները որքա՜ն քաջալերուեցան տեսնելով այդ քաջ կինը իրենց կ’ընկերակցի, պատրաստ ըլլալով իրենց պէս իր կեանքը վտանգի տակ դնելու, քանի որ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունէր։

Երբ Սիսարան տեղեկացաւ թէ Իսրայէլը համարձակած էր իրեն դէմ բանակ կազմել, ան շուտով գործի լծուեցաւ։ Քանանացի քանի մը թագաւորներ իրենց զօրքերը միացուցին Յաբին թագաւորի զօրքին։ Կրնայ ըլլալ որ Յաբին թագաւորը ամէնէն զօրեղն էր անոնց մէջ։ Ապա Սիսարայի բազմաթիւ կառքերը պատճառ դարձան որ երկիրը շարժի, մինչ անոնք դղրդալով դաշտը լեցուցին։ Քանանացիները վստահ էին որ Իսրայէլի խղճալի բանակին շա՛տ դիւրութեամբ պիտի յաղթէին (Դատաւորաց 4։12, 13. 5։19

Մինչ թշնամին կը մօտենար, Բարակն ու Դեբօրան ի՞նչ պիտի ընէին։ Եթէ Թաբօր լերան լանջերուն վրայ մնային, թերեւս ա՛լ աւելի առաւելութիւն ունենային քանանացիներու յառաջացող զօրքերուն յաղթելու, քանի որ անոնց կառքերը ազդու կերպով գործածուելու համար տափարակ եւ բացօթեայ տեղի պէտք ունէին։ Բայց Բարակ պիտի կռուէր ինչպէս որ Եհովան ուղղէր, անոր համար ան Դեբօրային խօսքին սպասեց։ Ի վերջոյ Դեբօրան ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, քանզի Տէրը այսօր Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ չելա՞ւ»։ Ապա կը կարդանք. «Բարակ Թաբօր լեռնէն իջաւ եւ իրեն հետ տասը հազար մարդ կար» (Դատաւորաց 4։14) *։

Իսրայէլի բանակը լեռնէն վար իջնելով ուղղուեցաւ դէպի թշնամի բանակ։ Արդեօք Եհովան իրենց առջեւէն կ’երթա՞ր, ինչպէս որ Դեբօրան խոստացած էր։ Պատասխանը շուտով յայտնի եղաւ։ Կը կարդանք. «Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը անձրեւ տեղաց»։ Սիսարային հպարտ զօրքերը շփոթութեան մատնուեցան։ Այնպէս կը թուի թէ անձրեւը ա՛յնքան տեղատարափ էր, որ գետինը շուտով ճահիճ դարձաւ։ Շատ չանցած, այդ երկաթեայ ծանր կառքերը յաղթանակի նպաստելու փոխարէն պարտութիւն պատճառեցին. անոնք ցեխին մէջ մխրճուեցան (Դատաւորաց 4։14, 15. 5։4

Փոթորիկն ու անձրեւը չմտահոգեցին Բարակն ու իր տղամարդիկը։ Անոնք գիտէին թէ ո՛վ էր զանոնք պատճառողը։ Անոնք անմիջապէս վազեցին դէպի քանանացիներուն զօրքերը։ Որպէս Աստուծոյ դահիճներ իսրայէլացիները Սիսարային բանակէն մէկը ողջ չձգեցին։ Կիսոն գետը բարձրացաւ եւ յորդեցաւ, դիակները քշելով դէպի Մեծ ծով (Դատաւորաց 4։16. 5։21

Ինչպէս Դեբօրան մարգարէացաւ, Եհովան իր ժողովուրդին համար պատերազմեցաւ, պարտութեան մատնելով Սիսարային զօրքերը

Ներկայիս, Եհովան այլեւս իր ծառաները բառացի պատերազմներու չի ղրկեր։ Բայց ան իր ժողովուրդէն կը խնդրէ որ հոգեւոր պատերազմ տանին (Մատթէոս 26։52. Բ. Կորնթացիս 10։4)։ Եթէ ջանանք Աստուծոյ հնազանդիլ, այդ պատերազմին մէջ իր կողմը դիրք բռնած կ’ըլլանք։ Պէտք ունինք քաջութեան, քանի որ անոնք, որոնք Աստուծոյ կողմը դիրք կը բռնեն, թերեւս բիրտ հալածանքի ենթարկուին։ Բայց Եհովան չէ փոխուած։ Ան տակաւին կը պաշտպանէ անոնք, որոնք իրեն հանդէպ հաւատք եւ վստահութիւն կը ցուցաբերեն, ինչպէս որ վաղեմի Իսրայէլի մէջ Դեբօրան, Բարակը եւ քաջ զինուորները ցուցաբերեցին։

«ԿԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՄԵՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՕՐՀՆԵԱԼ»

Քանանացի գլխաւոր թշնամին՝ Աստուծոյ ժողովուրդին մեծ հալածիչը՝ Սիսարան, հետիոտն պատերազմի դաշտէն փախաւ։ Թոյլ տալով որ իր տղամարդիկը ցեխին մէջ մեռնին, ան իսրայէլացի զինուորներէն փախչելով գնաց իր այն դաշնակիցներուն քով, որոնք պատերազմի վայրին մօտ կը գտնուէին։ Աճապարանքով հեռանալով բացօթեայ դաշտէն եւ սարսափելով որ իսրայէլացի զինուորները զինք գտնեն, Սիսարան ուղղուեցաւ դէպի Քաբերին վրանները։ Քաբեր կենեցի մըն էր, որ իր թափառական ժողովուրդէն զատուելով գացած էր դէպի հարաւ եւ Յաբին թագաւորին հետ դաշինք մը կնքած էր (Դատաւորաց 4։11, 17

Սիսարան ուժաթափ վիճակի մէջ հասաւ Քաբերի վրանները։ Ան տեսաւ թէ Քաբեր հոն չէր։ Բայց անոր կինը՝ Յայէլ ներկայ էր։ Այնպէս կը թուի թէ Սիսարան ենթադրեց, որ Յայէլ պիտի յարգէր այն դաշինքը, որ իր ամուսինը Յաբին թագաւորին հետ կնքած էր։ Թերեւս Սիսարային համար անըմբռնելի էր, թէ կին մը կրնար իր ամուսինէն տարբեր կերպով գործել կամ նոյնիսկ տարբեր կերպով մտածել։ Յստակ է թէ Սիսարան Յայէլը չէր ճանչնար։ Յայէլ քանանացիներու բռնութիւնը կը տեսնէր. հաւանաբար ան նաեւ կը գիտակցէր թէ ընտրութեան մը առջեւ կը գտնուէր։ Ան կրնար կա՛մ այս չար մարդուն օգնել կամ ալ Եհովային կողմը դիրք բռնել եւ հարուածել Անոր ժողովուրդին այս թշնամին։ Բայց ան ի՞նչ պիտի ընէր։ Կին մը ինչպէ՞ս պիտի կարենար պարտութեան մատնել այսպիսի զօրաւոր եւ պատերազմատենչ տղամարդ մը։

Յայէլ պէտք էր արագ մտածէր։ Ան Սիսարային հանգստանալու տեղ մը տուաւ։ Սիսարան իրեն պատուիրեց որ իր ներկայութիւնը չյայտնէր որեւէ տղամարդու որ կու գար զինք փնտռելու։ Յայէլ զինք վերմակով մը ծածկեց եւ երբ ան Յայէլէն ջուր խնդրեց, ան իրեն կաթ տուաւ։ Շատ չանցած Սիսարան խո՜ր քունի մէջ մտաւ։ Ապա Յայէլ առաւ այն գործիքները, որոնք կիները յաճախակի կերպով եւ հմտաբար կը գործածէին,– վրանի ցից եւ մեծ մուրճ մը։ Սիսարային գլխուն քով ծռելով, ան այժմ վախազդու գործ մը պիտի կատարէր. գործել որպէս Եհովային դահիճը։ Եթէ միայն վայրկեան մը տատամսէր, աղէտ մը կրնար պատահիլ։ Ի՞նչ բան կինը մղեց որ այս քայլը առնէ։ Արդեօք ան մտածեց այս մարդուն ձեռքով Աստուծոյ ժողովուրդին տարիներով չարչարուելո՞ւն մասին, թէ ոչ Եհովային կողմը դիրք բռնելու իր առանձնաշնորհումին մասին։ Արձանագրութիւնը չ’ըսեր։ Միայն գիտենք թէ ան այդ գործը շուտով կատարեց։ Սիսարան մեռաւ (Դատաւորաց 4։18-21. 5։24-27

Ետքը Բարակ եկաւ իր որսը փնտռելու։ Երբ Յայէլ իրեն ցոյց տուաւ դիակը, որուն քունքը վրանի ցիցով քամուած էր, ան անդրադարձաւ թէ Դեբօրային մարգարէութիւնը կատարուած էր. կի՛ն մը մեռցուցած էր զօրեղ պատերազմիկ Սիսարան։ Այժմու քննադատներն ու սկեպտիկները Յայէլը ամէն տեսակի նուաստ անուններով կոչած են։ Բայց Բարակն ու Դեբօրան ներշնչուելով իրենց երգին մէջ Յայէլը պատուեցին որպէս «կիներուն մէջ ամենէն աւելի օրհնեալ»ը, իր քաջարի արարքին համար (Դատաւորաց 4։22. 5։24)։ Նկատի առ Դեբօրային վեհանձն հոգին։ Ան Յայէլին դժկամութեամբ պատիւ չտուաւ, փոխարէն իրեն համար կարեւորը այն էր որ Եհովային խօսքը կատարուած էր։

Հիմա որ Սիսարան մեռաւ, Յաբին թագաւորը այլեւս իսրայէլացիներուն սպառնալիք մը չէր։ Վերջապէս քանանացիներուն բռնութիւնը վերջ գտաւ։ 40 տարի խաղաղութիւն տիրեց (Դատաւորաց 4։24. 5։31)։ Դեբօրան, Բարակը եւ Յայէլը Եհովա Աստուծոյ հաւատալով որքա՜ն օրհնուեցան։ Եթէ Դեբօրային հաւատքը ընդօրինակենք, քաջութեամբ Եհովային կողմը դիրք բռնելով եւ ուրիշները քաջալերելով որ նոյնը ընեն, Եհովան մեզի ալ պիտի շնորհէ յաղթանակներ եւ մնայուն խաղաղութիւն։

^ պարբ. 7 Այլ մարգարէուհիներ էին՝ Մարիամ, Ողդա եւ Եսայիին կինը (Ել. 15։20. Դ. Թագ. 22։14. Եսա. 8։3

^ պարբ. 9 Դեբօրային երգը կը յայտնէ, թէ Սիսարան յաճախ իր տարած պատերազմներէն կը վերադառնար աւարով, որ կը պարփակէր աղջիկներ. երբեմն իւրաքանչիւր զինուորի համար աւելի քան մէկ աղջիկ (Դատաւորաց 5։30)։ Այդ համարին մէջ «աղջիկ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «արգանդ»։ Այս արտայայտութիւնը մեր միտքը կը բերէ թէ այդ կիները կ’արժեւորուէին գլխաւորաբար իրենց սեռային գործարաններուն համար։ Բռնաբարումը հաւանաբար համատարած էր։

^ պարբ. 17 Այս պատերազմը Աստուածաշունչին մէջ երկու անգամ նկարագրուած է,– Դատաւորաց 4–րդ գլխուն մէջ որպէս պատմական արձանագրութիւն եւ 5–րդ գլխուն մէջ՝ Դեբօրային ու Բարակին երգին մէջ։ Երկու արձանագրութիւնները զիրար կ’ամբողջացնեն, իւրաքանչիւրը տալով մանրամասնութիւններ, որոնք միւսը չի նշեր։