Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՎԵՐՋԸ ՄՕ՞Տ Է

«Վերջը» ի՞նչ կը նշանակէ

«Վերջը» ի՞նչ կը նշանակէ

«Վերջը մօ՛տ է»։ Երբ այս խօսքը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Մոլեռանդ քարոզի՞չ մը, որ Սուրբ Գիրքը ձեռքը բռնած՝ թատերական շարժուձեւերով բարձրաձայն կը խօսի ամպիոնին վրայ։ Թաղին ծայրը կանգնած մօրուքաւոր ծերունի՞ մը, որ երկար պատմուճան մը հագած եւ մէջքը պարան մը կապած՝ դատաստանական պատգամագիր մը կը կրէ։ Նման տեսարաններ մտապատկերելով, ոմանք կը մտահոգուին, մինչդեռ ուրիշներ կը կասկածին կամ նոյնիսկ կը զուարճանան։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ՛ որ «վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14)։ Այդ դէպքը նաեւ կոչուած է՝ «Աստուծոյ այն մեծ օրը» եւ «Արմագեդոն» (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Ճիշդ է որ հարցին շուրջ բազմաթիւ կրօնական խառնաշփոթութիւններ կան եւ տարօրինակ ու մռայլ գաղափարները կը շատնան, սակայն Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ, թէ վերջը ի՛նչ է եւ ի՛նչ չէ։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կ’օգնէ, որ «վերջ»ին մօտ կամ հեռու ըլլալը յստակօրէն գիտնանք։ Եւ ամէն բանէ աւելի, Սուրբ Գիրքը կը յայտնէ՛ մեզի, թէ ինչպէս կրնանք վերապրիլ։ Բայց նա՛խ յստակացնենք կարգ մը թիւրիմացութիւններ եւ բացատրութիւն մը տանք «վերջը» արտայայտութեան։ Ըստ Աստուածաշունչին, «վերջը» իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ։

ՎԵՐՋԸ Ի՛ՆՉ ՉԷ

  1. ՎԵՐՋԸ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ՀՍԿԱՅԱԾԱՒԱԼ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ ՉԷ։

    Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (Սաղմոս 104։5)։ Այս եւ այլ համարներ մեզի կը վստահեցնեն, թէ Աստուած երկրագունդը ո՛չ պիտի կործանէ, ոչ ալ թոյլ պիտի տայ որ կործանուի,– յաւիտեա՛ն (Ժողովող 1։4. Եսայի 45։18

  2. ՎԵՐՋԸ ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ԵՒ ՉՅԱՅՏԱԳՐՈՒԱԾ ԴԷՊՔ ՄԸ ՉԷ։

    Աստուածաշունչը կը նշէ թէ վերջը յայտագրուա՛ծ է,– Աստուած որոշ ժամանակ մը որոշած է։ Կը կարդանք. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։ Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է» (Մարկոս 13։32, 33)։ Յստակ է որ Աստուած («Հայրը») որոշած է այն «ատենը», երբ վերջը պիտի բերէ։

  3. ՎԵՐՋԸ ՄԱՐԴՈՑ ՁԵՌՔՈՎ ՍԿԻԶԲ ՊԻՏԻ ՉԱՌՆԷ, ՈՉ ԱԼ ԵՐԿՆԱՔԱՐՈՎ։

    Վերջը ինչո՞վ պիտի սկսի։ Յայտնութիւն 19։11–ը կ’ըսէ. «Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի»։ 19–րդ համարը կը շարունակէ. «Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ» (Յայտնութիւն 19։11-21)։ Թէեւ այս համարներուն մեծ մասը այլաբանական ոճով գրուած է, բայց կրնանք դիւրութեամբ հետեւեալը ըմբռնել. Աստուած հրեշտակներու զօրքեր պիտի ղրկէ, որ իր թշնամիները բնաջնջէ։

«Վերջ»ին նկատմամբ Աստուածաշունչին պատգամը ուրա՛խ լուր է, քան թէ՝ գէշ լուր

ՎԵՐՋԸ Ի՛ՆՉ Է

  1. ՎԵՐՋ ՄԸ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՁԱԽՈՂ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։

    Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն [կառավարութիւն] մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։ Ինչպէս որ նախապէս նշուեցաւ, 3–րդ կէտին մէջ, պիտի բնաջնջուի՛ն «երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը», որոնք «մէկտեղ հաւաքուած [պիտի ըլլան] պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ» (Յայտնութիւն 19։19

  2. ՎԵՐՋ ՄԸ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ, ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ։

    «[Աստուած] պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (Սաղմոս 46։9)։ «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին» (Առակաց 2։21, 22)։ «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» (Յայտնութիւն 21։4, 5

  3. ՎԵՐՋ ՄԸ ԱՅՆ ԿՐՕՆՔՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՐԱԾ ԵՆ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՐԴԻԿ։

    «Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն, քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։ . . .Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի» (Երեմիա 5։31)։ «Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (Մատթէոս 7։21-23

  4. ՎԵՐՋ ՄԸ ԱՅՆ ՄԱՐԴՈՑ, ՈՐՈՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆԵՐԿԱՅ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԹԻԿՈՒՆՔ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆ։

    Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին» (Յովհաննէս 3։19)։ Սուրբ Գիրքը կը խօսի աշխարհածաւալ կործանումի մը մասին, որ անցեալին պատահեցաւ, հաւատարիմ Նոյի օրերուն։ «Հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետրոս 3։5-7

Նշմարէ որ Աստուածաշունչը գալիք «դատաստանին ու. . . կորստեան օրը» կը համեմատէ Նոյի օրուան «աշխարհ»ի կործանման հետ։ Արդեօք ի՞նչ բան կործանուեցաւ։ Երկիր մոլորա՞կը։ Անշուշտ որ ոչ։ «Աշխարհ» բառը հոս կ’ակնարկէ «ամբարիշտ մարդոց»,– Աստուծոյ թշնամիներուն,– որոնք «կորսուեցա[ն]»։ Աստուծոյ գալիք «դատաստանին. . . օրը», անոնք որոնք ընտրած են Աստուծոյ դէմ թշնամանալ, նոյնպէս պիտի կորսուին։ Իսկ Աստուծոյ բարեկամները պիտի վերապրին, Նոյին ու անոր ընտանիքին պէս (Մատթէոս 24։37-42

Երեւակայէ թէ ի՜նչ հոյակապ վայր մը պիտի դառնայ մեր երկրագունդը, երբ Աստուած ամէն չարութիւն մէջտեղէն վերցնէ։ Ակնյայտ է որ «վերջ»ին նկատմամբ Աստուածաշունչին պատգամը ուրա՛խ լուր է, քան թէ՝ գէշ լուր։ Ասով հանդերձ, թերեւս հարց տաս. «Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՞ թէ վերջը ե՛րբ պիտի գայ։ Արդեօք մօ՞տ է։ Ինչպէ՞ս կրնամ վերապրիլ»։