Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պէ՞տք է Յիսուսին աղօթենք

Պէ՞տք է Յիսուսին աղօթենք

ՀԵՏԱԶՕՏԻՉ մը վերջերս փորձագիտանք մը ըրաւ աւելի քան 800 պատանիներու վրայ, որոնք զանազան յարանուանութիւններու կը պատկանին։ Ան անոնց հարցուց թէ արդեօք կը հաւատա՛ն որ Յիսուս աղօթքներու կը պատասխանէ։ Աւելի քան 60 տոկոսը ըսաւ որ խորապէս համոզուած է թէ ան կը պատասխանէ։ Բայց պատանի մը Յիսուսի անունը ջնջեց եւ անոր տեղ գրեց՝ «Աստուած»։

Ի՞նչ կը խորհիս։ Պէտք է մեր աղօթքները Յիսուսի՞ ուղղենք թէ ոչ Աստուծոյ *։ Պատասխանը գտնելու համար, նախ նկատի առնենք թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՛ս սորվեցուց աղօթել։

ՅԻՍՈՒՍ ՄԵԶԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑ ՈՐՈ՞ՒՆ ԱՂՕԹԵԼ

Յիսուս մեզի թէ՛ սորվեցուց եւ թէ ցոյց տուաւ որո՛ւն աղօթել։

Իր երկնաւոր Հօր աղօթելով՝ Յիսուս բոլորին լաւ օրինակ հանդիսացաւ

ԻՐ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ։ Երբ Յիսուսի աշակերտներէն մէկը իրեն հարցուց. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր», Յիսուս պատասխանեց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. ‘Ով Հայր’» (Ղուկաս 11։1, 2)։ Ասկէ զատ, իր հռչակաւոր Լերան քարոզին մէջ Յիսուս իր ունկնդիրները յորդորեց որ աղօթեն։ Ան ըսաւ. «Աղօթք ըրէ քու Հօրդ»։ Ան նաեւ իրենց վստահեցուց ըսելով. «Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած» (Մատթէոս 6։6, 8)։ Իր մարդկային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի» (Յովհաննէս 16։23)։ Ուստի Յիսուս սորվեցուց որ աղօթենք Եհովա Աստուծոյ, որ թէ՛ իր եւ թէ մեր Հայրն է (Յովհաննէս 20։17

ԻՐ ՕՐԻՆԱԿԸ։ Յիսուս իր սորվեցուցածին համաձայն աղօթեց. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի» (Ղուկաս 10։21)։ Ուրիշ առիթով, «Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր’» (Յովհաննէս 11։41)։ Եւ երբ մահամերձ էր, ան աղօթեց. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս» (Ղուկաս 23։46)։ Իր երկնաւոր Հօր,– ‘երկնի եւ երկրի Տէրոջ’,– աղօթելով՝ Յիսուս բոլորին լաւ օրինակ հանդիսացաւ (Մատթէոս 11։25. 26։41, 42. Ա. Յովհաննէս 2։6)։ Յիսուսի նախկին աշակերտները հասկցա՞ն թէ իրենց աղօթքները պէտք էր ուղղուէին Եհովա Աստուծոյ։

ՆԱԽԿԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ԱՂՕԹԵՑԻՆ

Յիսուսի երկինք վերադառնալուն յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին, իր աշակերտները իրենց հակառակորդներուն կողմէ կը տառապէին եւ սպառնալիք կը դիմագրաւէին (Գործք 4։18)։ Վստահաբար, անոնք աղօթքով օգնութիւն խնդրեցին, բայց որմէ՞։ Անոնք «միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին», աղօթելով որ շարունակէ իրենց օգնել իր «սուրբ Որդիի[ն] Յիսուսին անունովը» (Գործք 4։24, 30)։ Ուստի աշակերտները աղօթքի շուրջ Յիսուսի տուած ցուցմունքներուն հետեւեցան։ Անոնք Աստուծո՛յ աղօթեցին եւ ոչ թէ Յիսուսին։

Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ նկարագրեց իր եւ իր հաւատակիցներուն աղօթելու կերպը։ Հաւատակիցներուն գրելով, ան ըսաւ. «Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն» (Կողոսացիս 1։3)։ Պօղոս նաեւ իր հաւատակիցներուն գրեց, որ ‘ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը’ (Եփեսացիս 5։20)։ Այս խօսքերէն կը տեսնենք թէ Պօղոս ուրիշները քաջալերեց, որ «ամէն բանի համար. . . Աստուծոյ ու Հօրը» աղօթեն,– բայց անշուշտ Յիսուսին անունով (Կողոսացիս 3։17

Նախկին քրիստոնեաներուն նման կրնանք Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ, աղօթքի շուրջ իր խրատին անսալով (Յովհաննէս 14։15)։ Մինչ մեր երկնաւոր Հօր,– եւ միմիայն իրեն,– կ’աղօթենք, Սաղմոս 116։1, 2–ի խօսքերը մեզի համար ա՛լ աւելի նշանակալից պիտի ըլլան. ‘Ես Տէրը կը սիրեմ, որովհետեւ իմ ձայնս լսեց. ամբողջ կեանքիս մէջ իրեն պիտի գոչեմ’ (ԱԾ) *։

^ պարբ. 3 Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած եւ Յիսուս իրարու հաւասար չեն։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 11 Մեր աղօթքները Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար, պէտք է անկեղծօրէն ջանանք իր պահանջներուն համաձայն ապրիլ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը։