Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնուրաց ծառայողներ. Ֆիլիփիններ

Անձնուրաց ծառայողներ. Ֆիլիփիններ

ՇՈՒՐՋ 10 տարի առաջ, իրենց 30–ական տարիքի մէջ եղող զոյգ մը՝ Կրէկորեոն եւ Մարիլուն, Մանիլայի մէջ որպէս ռահվիրաներ կը ծառայէին եւ միեւնոյն ժամանակ լիաժամ կ’աշխատէին։ Անշուշտ ասիկա մարտահրաւէր մըն էր, բայց եւ այնպէս անոնք յաջողութիւն կը գտնէին։ Ապա, Մարիլուն իր աշխատած դրամատան մէջ բարձր պաշտօնի տիրացաւ։ Ան կ’ըսէ. «Լաւ գործեր ունենալը մեզի թոյլ տուաւ որ հանգստաւէտ կենցաղակերպ վարենք»։ Իրականութեան մէջ, ֆինանսական գետնի վրայ անոնք ա՛յնքան լաւ վիճակի մէջ էին, որ որոշեցին իրենց երազներու տունը շինել շատ գեղեցիկ վայրի մը մէջ՝ Մանիլայէն շուրջ 19 քմ. անդին։ Տան շինարարութեան համար, անոնք հաստատութեան մը հետ պայմանագրութիւն ստորագրեցին, համաձայնելով որ տասը տարուան տեւողութեան ամէն ամիս որոշ գումար պիտի վճարէին։

«ԶԳԱՑԻ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ԿՈՂՈՊՏԷԻ»

Մարիլու կը պատմէ. «Նոր գործս ա՛յնքան ժամանակէս ու կորովէս առաւ, որ հոգեւոր գործունէութիւններու մասնակցելու ախորժակս պակսեցաւ։ Զգացի թէ Եհովան կը կողոպտէի։ Ա՛լ չէի կրնար Եհովային տալ այն ժամանակը, որ իր ծառայութեան նուիրած էի»։ Այս վիճակը ա՛յնքան զիրենք տխրեցուց, որ օր մը Կրէկորեոն եւ Մարիլուն նստան եւ խօսեցան թէ իրենց կեանքը ի՛նչ ընթացք կը բռնէր։ Կրէկորեոն կ’ըսէ. «Ուզեցինք մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը մտցնել, բայց չէինք գիտեր ճիշդ ի՛նչ ընել։ Քննարկեցինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր կեանքը լիովին Եհովայի ծառայութեան տրամադրել, մանաւանդ որ զաւակներ չունէինք։ Եւ աղօթքով Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրեցինք»։

Այդ ժամանակ, անոնք ունկնդրեցին քանի մը դասախօսութիւններ, որոնց բնաբանն էր՝ ծառայել հոն, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Կրէկորեոն կ’ըսէ. «Զգացինք թէ այս դասախօսութիւններուն ընդմէջէն Եհովան մեր աղօթքներուն կը պատասխանէր»։ Զոյգը աղօթեց որ իրենց հաւատքը աւելնայ, որպէսզի քաջութիւն ունենան ճիշդ որոշումները կայացնելու։ Իրենց նոր տան շինարարութեան ծրագիրը հսկայ խոչընդոտ մըն էր։ Անոնք արդէն երեք տարուան պահանջուած գումարը վճարած էին։ Արդեօք ի՞նչ պիտի ընէին։ Մարիլուն կ’ըսէ. «Եթէ պայմանագրին վերջ դնէինք, պիտի կորսնցնէինք ամբողջ վճարուած մեծ գումարը։ Բայց այս մէկը պատեհութիւն նկատեցինք, որ Եհովայի կամքը մեր անձնական փափաքներէն առաջ դասենք»։ Պօղոս առաքեալին նման ամէն բան ‘վնաս սեպելով’, անոնք իրենց տան ծրագիրը չեղեալ համարեցին, իրենց գործերը ձգեցին, իրենց ստացուածքին մեծ մասը ծախեցին եւ փոխադրուեցան Փալաուան կղզիին մէկ գիւղը, որ Մանիլային հարաւը կը գտնուի, շուրջ 480 քմ. հեռաւորութեամբ (Փլպ. 3։8

ԱՆՈՆՔ ‘ԳՈՀ ԸԼԼԱԼՈՒ ԳԱՂՏՆԻՔԸ ՍՈՐՎԵՑԱՆ’

Փոխադրուելէ առաջ, Կրէկորեոն եւ Մարիլուն ջանացին իրենք զիրենք պարզ կեանք վարելու պատրաստել, բայց անոնք չէին գիտեր թէ իրենց նոր կենցաղակերպը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար, մինչեւ որ գիւղը հասան։ Մարիլուն կ’ըսէ. «Ցնցուեցա՛նք։ Ո՛չ ելեկտրականութիւն, ոչ ալ ա՛յլ դիւրութիւններ կային։ Բրինձի եփոցը աշխատցնելու տեղ, ստիպուած էինք փայտ կտրել եւ կրակի վրայ եփել։ Կարօտցայ խանութներ երթալ, ճաշարանները ճաշել եւ քաղաքային կեանքի ա՛յլ պատեհութիւնները վայելել»։ Բայց անոնք շարունակեցին վերյիշել, թէ ինչո՛ւ հոն փոխադրուած էին, եւ քիչ ժամանակ ետք յարմարեցան։ Մարիլուն կ’ըսէ. «Այժմ բնութեան գեղեցկութիւնը եւ աստղազարդ երկինքը դիտելը կը վայելեմ։ Ամէնէն կարեւորը, կ’ուրախանանք տեսնելով մարդո՛ց ուրախութիւնը երբ իրենց կը քարոզենք։ Հոս ծառայելով՝ ‘գոհ ըլլալու գաղտնիքը սորվեցանք’» (Փլպ. 4։12, ՆԱ

«Հոգեւոր աճման ականատես ըլլալը անբաղդատելի ուրախութիւն կու տայ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի կը զգանք թէ մեր կեանքը իմաստալից է» (Կրէկորեօ եւ Մարիլու)։

Կրէկորեոն կը պատմէ. «Երբ հասանք, միայն չորս Վկաներ կային։ Անոնք շատ ուրախացան երբ սկսայ ամէն շաբաթ հանրային դասախօսութիւն մը տալ եւ Թագաւորութեան երգեցողութեան ընկերակցեցայ կիթառովս»։ Մէկ տարուան մէջ, զոյգը ականատես եղաւ թէ ինչպէ՛ս այդ պզտիկ խումբը վերածուեցաւ 24 հրատարակիչներէ բաղկացած ուռճացող ժողովքի մը։ Կրէկորեոն կ’ըսէ. «Ժողովքին յայտնած սիրոյ արտայայտութիւնները մեր սրտին կը դպչին»։ Այժմ, յետադարձ ակնարկ նետելով այն վեց տարուան վրայ, որ այս մեկուսացած շրջանին մէջ անցուցին, անոնք կ’ըսեն. «Հոգեւոր աճման ականատես ըլլալը անբաղդատելի ուրախութիւն կու տայ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի կը զգանք թէ մեր կեանքը իմաստալից է»։

‘ՃԱՇԱԿԱԾ ԵՄ ՈՒ ՏԵՍԱԾ ԵՄ ԹԷ ՏԷՐԸ ԲԱՐԻ Է’

Ֆիլիփիններու մէջ, շուրջ 3000 եղբայրներ եւ քոյրեր փոխադրուած են հոն՝ ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Անոնցմէ շուրջ 500–ը ամուրի քոյրեր են։ Նկատի առ Քարենի օրինակը։

Քարեն

Քարեն, որ այժմ շուրջ 25 տարեկան է, մեծցաւ Պակաուի մէջ, Քակաեան։ Երբ տակաւին պատանուհի էր, ան յաճախ կը մտածէր իր ծառայութիւնը ընդարձակելու մասին։ Ան կը պատմէ. «Գիտնալով որ քիչ ժամանակ կայ եւ ամէն տեսակ մարդիկ պէտք է Թագաւորութեան պատգամը լսեն, ուզեցի ծառայել հոն՝ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ»։ Թէեւ իր ընտանիքէն ոմանք զինք քաջալերեցին որ քարոզչութեան համար հեռաւոր շրջան փոխադրուելու փոխարէն բարձրագոյն ուսում առնէ, բայց Քարեն աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը խնդրեց։ Ան նաեւ խօսեցաւ ամայի շրջաններու մէջ քարոզող անհատներու հետ։ 18 տարեկանին՝ ան փոխադրուեցաւ շրջան մը, որ իր ծննդավայրէն 64 քմ. անդին կը գտնուի։

Քարեն կ’աջակցի փոքր ժողովքի մը, որուն թաղամասը Խաղաղական ովկիանոսին մօտ լեռնային շրջան է։ Ան կը պատմէ. «Պակաուէն նոր ժողովքը երթալու համար, երեք օր քալեցինք, լեռներ ելլելով–իջնելով ու աւելի քան 30 անգամ գետեր կտրելով։ Աստուածաշունչի կարգ մը աշակերտներուն հասնելու համար, 6 ժամ կը քալեմ, գիշերը աշակերտին տունը կը քնանամ եւ յաջորդ օրը դարձեալ 6 ժամ կը քալեմ տուն վերադառնալու համար»։ Արդեօք կ’արժէ՞ որ ան ա՛յսքան ջանք թափէ։ «Ատեններ ոտքերս կը ցաւին, բայց», ժպտելով կ’աւելցնէ, «18 ուսումնասիրութիւններ վարած եմ։ Արդարեւ, ‘ճաշակած եմ ու տեսած եմ թէ Տէրը բարի է’» (Սաղ. 34։8

«ՍՈՐՎԵՑԱՅ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼ»

Սուքի

Ի՞նչ բան մղեց Սուքի անունով՝ 40–ական տարիքին մէջ եղող քոյր մը, որ Միացեալ Նահանգներէն Ֆիլիփիններ փոխադրուի։ 2011–ին, շրջանային համաժողովի մը ընթացքին, ամուսնացած զոյգ մը բեմէն պատմեցին, թէ ինչպէ՛ս իրենց ստացուածքին մեծամասնութիւնը ծախեցին եւ Մեքսիքա փոխադրուեցան, հոն քարոզչութեան աջակցելու համար։ Սուքին կ’ըսէ. «Այդ հարցազրոյցը պատճառ դարձաւ որ սկսիմ մտածել նպատակակէտերու մասին, որոնք նախապէս նկատի չէի առած»։ Երբ Սուքին, որ ծագումով հնդիկ է, գիտցաւ որ շատ օգնութեան կարիք կայ Ֆիլիփիններու մէջ փենճապերէն խօսող մարդոց քարոզելու, որոշեց երթալ եւ օգնել։ Ան դժուարութիւններ դիմագրաւե՞ց։

Սուքին կ’ըսէ. «Ո՛ր ապրանքները պահել եւ ո՛րը ծախել որոշելը, խորհածէս աւելի դժուար էր։ Ասկէ զատ, անձնական յարկաբաժինիս մէջ 13 տարի հանգստաւէտ կեանք վարելէ ետք, ժամանակաւորապէս ընտանիքիս քով փոխադրուեցայ։ Առած քայլս դիւրին չէր, բայց լաւ կերպ մըն էր ինքզինքս պատրաստելու պարզ կեանք վարելու»։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց երբ Ֆիլիփիններ փոխադրուեցաւ։ «Տնատենչս եւ միջատներու ու բզէզներու հանդէպ ունեցած հոգեսարսափս գլխաւոր մարտահրաւէրներս էին։ Սորվեցայ որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովային վստահիլ»։ Արդեօք կ’արժէ՞ր որ այս քայլը առնէր։ Սուքին ժպտելով կ’ըսէ. «Եհովան մեզի կ’ըսէ, թէ ‘զիս փորձեցէք. . . թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ’։ Այժմ կը շօշափեմ այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը, երբ տանտիրուհի մը ինծի կը հարցնէ. ‘Ե՞րբ պիտի վերադառնաս։ Յաւելեալ հարցումներ ունիմ’։ Շա՜տ ուրախ եւ գոհունակ եմ, որ հոգեւորապէս անօթի մարդոց կ’օգնեմ» (Մաղ. 3։10)։ Սուքի կ’աւելցնէ. «Ամէնէն դժուար բանն էր՝ որոշել փոխադրուիլ։ Բայց այդ քայլը առնելէ ետք, հիանալի էր տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս մնացեալ բաները ձեռք առաւ ինծի համար»։

«ՎԱԽՍ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑԻ»

Սիմէ անունով 30–ական տարիքին մէջ եղող եղբայր մը Ֆիլիփինները ձգեց, որպէսզի միջին արեւելեան մէկ երկրին մէջ շահաբեր գործ մը սկսի։ Մինչ հոն էր, ան շրջանային տեսուչէ մը եւ Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամին դասախօսութենէն քաջալերութիւն ստանալով, մղուեցաւ Եհովան առաջին տեղը դնելու իր կեանքին մէջ։ Սիմէ կ’ըսէ. «Բայց գործս ձգելու գաղափարը զիս կը ջղագրգռէր»։ Ասով հանդերձ, իր գործը ձգեց եւ Ֆիլիփիններ վերադարձաւ։ Ներկայիս, Սիմէն եւ իր կինը Հայտին կը ծառայեն Տավաու տել Սուրի մէջ, որ երկրին հարաւային շրջանը կը գտնուի եւ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու կարիք կայ, հսկայ թաղամասը ծածկելու համար։ Սիմէ կ’ըսէ. «Շա՜տ երախտապարտ եմ որ գործս կորսնցնելու վախս յաղթահարեցի եւ Եհովան առաջին տեղը դրի։ Եհովային լաւագոյնդ տալէն աւելի գոհացուցիչ բան չկայ այս կեանքին մէջ»։

Սիմէ եւ Հայտի

«ՄԵԶԻ ԽՈՐ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ»

Երբ իրենց 30–ական տարիքին մէջ եղող ռահվիրայ զոյգ մը՝ Ռամիլոն եւ Ժիւլիէթը իմացան, թէ իրենց տունէն շուրջ 30 քմ. անդին գտնուող ժողովք մը օգնութեան կարիք ունի, կամաւորաբար ուզեցին ատոր աջակցիլ։ Ուստի, իւրաքանչիւր շաբաթ,– ի՛նչ որ ալ ըլլայ օդին վիճակը,– անոնք իրենց շարժակաւոր հեծանիւով կ’երթան ժողովներուն եւ դաշտի ծառայութեան։ Թէեւ խորտուբորտ ճամբաներ եւ կախուած կամուրջներ կտրելը իր մարտահրաւէրները ունի, բայց անոնք ուրախ են որ իրենց ծառայութիւնը ընդարձակած են։ Ռամիլօ կ’ըսէ. «Կինս եւ ես միասնաբար 11 ուսումնասիրութիւն կը վարենք։ Ճիշդ է որ կարիքաւոր շրջաններու մէջ ծառայելը զոհողութիւններ ընել կը պարփակէ, բայց մեզի խոր գոհունակութիւն կու տայ» (Ա. Կոր. 15։58

Ժիւլիէթ եւ Ռամիլօ

Եթէ կ’ուզես աւելին գիտնալ ծառայելու մասին հոն՝ ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ երկրիդ մէջ կամ արտասահման, կրնաս խօսիլ շրջանային տեսուչին հետ եւ կարդալ «Կրնա՞ս ‘Մակեդոնիա անցնիլ’» յօդուածը, օգոստոս 2011–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։