Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան Կայիափայի գերդաստանին կը պատկանէր

Ան Կայիափայի գերդաստանին կը պատկանէր

Ատեններ, հնագիտական յայտնաբերում մը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կը հաստատէ աստուածաշնչական անձնաւորութեան մը գոյութիւնը։ Օրինակի համար, 2011–ին, իսրայէլացի ուսումնականներ այսպիսի յայտնաբերումի մը մասին տեղեկութիւններ հրատարակեցին։ Յայտնաբերումը 2000 տարուան ոսկրանոց մըն է,– զարդարուած կրաքարեայ արկղ մը, որուն մէջ մեռեալին ոսկորները զետեղուած են, մարմինը փճանալէ ետք։

Այս յայտնաբերուած ոսկրանոցին վրայ հետեւեալ արձանագրութիւնը կայ. «Մարիամ՝ որ աղջիկն է Բեթ–Իմրիէն եղող, Մաազիայի Կայիափա քահանայի որդւոյն՝ Եշուայի»։ Յիսուսի դատավարութեան եւ դատապարտութեան մէջ բաժին բերող հրեայ քահանայապետը Կայիափան էր (Յովհ. 11։48-50)։ Պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոս այդ քահանայապետին կ’ակնարկէ որպէս «Յովսէփ՝ որ կը կոչուէր Կայիափա»։ Այս ոսկրանոցը բացայայտօրէն կը պատկանէր անոր ազգականներէն մէկուն։ Նախապէս յայտնաբերուած էր այն ինչ որ կը կարծուի թէ այս քահանայապետին ոսկրանոցն է, եւ անոր վրայ արձանագրուած է՝ Եհուսէֆ պար Կայիափա, այսինքն, Կայիափայի որդին՝ Յովսէփ *։ Ասկէ կրնանք եզրակացնել, թէ Մարիամ ձեւով մը Կայիափայի մէկ ազգականն էր։

Ըստ Իսրայէլի հնութեանց պահպանման վարչութեան (ԻՀՊՎ) հայթայթած տեղեկութիւններուն, Մարիամի ոսկրանոցը առնուեցաւ գողերէ, որոնք հին գերեզման մը կողոպտած էին։ Այս ձեռագործ իրին եւ անոր մակագրութեան վերլուծումը կը հաստատէ անոր վաւերական ըլլալը։

Այս ոսկրանոցը մեզի նաեւ նոր բան մը կը յայտնէ։ Ատիկա կ’ակնարկէ «Մաազիա»յին, որ Երուսաղէմի տաճարին մէջ կարգով ծառայող 24 քահանայական դասակարգութիւններուն վերջինն էր (Ա. Մն. 24։18)։ ԻՀՊՎ–ն կ’ըսէ, թէ այս ոսկրանոցին մակագրութիւնը կը յայտնէ որ «Կայիափայի ընտանիքը Մաազիայի դասակարգութեան կը պատկանէր»։

Մակագրութիւնը նաեւ կը նշէ Բեթ–Իմրի։ Ասոր նկատմամբ երկու հաւանական բացատրութիւններ կան։ ԻՀՊՎ–ն կ’ըսէ. «Առաջին հաւանականութիւնը այն է, թէ Բեթ–Իմրին քահանայական ընտանիքի մը անունն է,– Եմմերի որդիները (Եզրաս 2։36, 37. Նէեմիա 7։39-42),– որուն անդամներէն ոմանք կը պատկանէին Մաազիայի դասակարգութեան։ Իսկ երկրորդ հաւանականութիւնը այն է, թէ անիկա մեռեալին կամ անոր ամբողջ ընտանիքին ծննդավայրն է»։ Յամենայն դէպս, Մարիամին ոսկրանոցը կ’ապացուցանէ, թէ Աստուածաշունչը կը խօսի իսկապէս գոյութիւն ունեցող անհատներու մասին, որոնք իսկական ընտանիքներու կը պատկանէին։

^ պարբ. 3 Կայիափայի ոսկրանոցին առնչութեամբ, տե՛ս Դիտարան–ի 15 յունուար 2006 թիւին սա յօդուածը՝ «Յիսուսը դատապարտող քահանայապետը», էջ 10-13 (անգլերէն)։