Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախապաշարումով վարակուա՞ծ ես

Նախապաշարումով վարակուա՞ծ ես

Նախապաշարումը ժահրի (վայրըս) մը պէս է։ Անիկա իր զոհերուն վնաս կը հասցնէ, եւ մարդիկ կրնան լուր չունենալ որ անով վարակուած են։

Լաւ, նախապաշարումը ի՞նչ է։ Մէկը նախապաշարուած կ’ըլլայ, երբ իրմէ տարբեր ազգութեան, լեզուի, ցեղի, տոհմի, կրօնքի, սեռի կամ ընկերային դասակարգի պատկանող մարդոց հանդէպ առաջուընէ կազմուած ժխտական կարծիք կ’ունենայ։ Ոմանք մարդիկը կը դատեն անոնց տարիքին, ուսման, անկարողութիւններուն կամ երեւոյթին հիման վրայ, եւ չեն անդրադառնար որ նախապաշարուած են։

Կրնա՞յ ըլլալ որ նախապաշարումով վարակուած ես։ Մեր մէջ ատիկա նկատելը կրնայ դժուար ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, բոլորս որոշ չափով նախապաշարուած ենք։ Ընկերաբանութեան փրոֆէսոր Տէյվիտ Ուիլիամզ կ’ըսէ, որ երբ մարդիկ որոշ խումբի մը մասին ժխտականօրէն կը մտածեն, եւ այդ խումբէն անհատի մը կը հանդիպին, «իրեն հետ տարբեր կերպով պիտի վարուին առանց նոյնիսկ գիտակցելու, որ այդպէս ըրին»։

Օրինակ, Պալքանեան երկիրներէն մէկուն մէջ, ուր Եովիցան կ’ապրի, փոքրամասնութիւն մը կայ։ Ան կ’ըսէ. «Կը խորհէի, որ այդ խումբէն մէ՛կը չի կրնար լաւ անհատ ըլլալ։ Բայց չէի մտածեր, որ նախապաշարուած եմ։ ‘Ի վերջոյ’, ես ինծի կ’ըսէի, ‘ատիկա իրողութիւն է’»։

Շատ մը կառավարութիւններ, ցեղապաշտութեան եւ նախապաշարումի ուրիշ ձեւերու դէմ պայքարելու նպատակով օրէնքներ դրած են. ատոնք միայն նկատի կ’առնեն մարդոց գործերը եւ չեն կրնար անոնց մտածումներուն եւ զգացումներուն ազդել։ Մինչդեռ նախապաշարումը մէկու մը մտքին ու սրտին մէջ սկիզբ կ’առնէ։ Ատոր համար մարդիկ կը շարունակեն նախապաշարուած ըլլալ։ Կարելի՞ է նախապաշարումին համար ճար գտնել։

Յաջորդ յօդուածները պիտի քննարկեն հինգ սկզբունքներ, որոնք շատ մը մարդոց օգնած են, որ իրենց մտքին ու սրտին մէջ նախապաշարումին դէմ պայքար մղեն։