Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Համագործակցեցէք՝ թռիչքի նոյն ծրագիրը ունեցող օդաչուին եւ անոր օգնականին պէս

ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

2. Համագործակցիլ

2. Համագործակցիլ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Երբ ամուսնութեան մէջ համագործակցութիւն ըլլայ, ամուսինն ու կինը կը նմանին օդաչուին եւ անոր օգնականին, որոնք թռիչքի նոյն ծրագիրը ունին։ Երբ դժուարութիւններ ծագին, իւրաքանչիւր կողակից միայն իր շահը չի փնտռեր, հապա իր կողակիցին շահն ալ կը փնտռէ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին» (Մատթէոս 19։6

«Ամուսնութիւնը յաջողելու համար, ամուսինն ու կինը պէտք է համագործակցին» (Քրիստոֆըր)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Երբ հարց մը ելլէ, այն ամուսինն ու կինը, որոնք չեն համագործակցիր, յանցանքը իրարու երեսի կը զարնեն, փոխանակ խնդիրը լուծելու համար խելք խելքի տալու։ Պզտիկ հարցերը դիւրաւ կը մեծնան։

«Համագործակցութիւնը ամուսնութեան հիմերէն մէկն է։ Եթէ համագործակցութիւն չըլլայ իմ եւ ամուսինիս միջեւ, կողակից ըլլալու տեղ սենեկակից կ’ըլլանք,– այսինքն՝ իրարու հետ կ’ապրինք, բայց երբ կարեւոր որոշումներ պիտի առնենք՝ լեռ ու ձոր կայ մեր միջեւ» (Ալեքսանտրա)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ

  • Շահած դրամս կը սեպե՞մ որ «միայն ինծի է»։

  • Պէտք է կողակիցէս հեռո՞ւ ըլլամ, որպէսզի կարենամ իրապէս հանգչիլ։

  • Հեռու կը մնա՞մ կողակիցիս ազգականներէն, հակառակ որ մօտիկ յարաբերութիւն ունի անոնց հետ։

ԱՍՈՆՔ ՔՆՆԱՐԿԷ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԵՏ

  • Մեր ամուսնութեան ո՞ր մարզին/մարզերուն մէջ լաւ կը համագործակցինք։

  • Ո՞ր մարզին/մարզերուն մէջ կրնանք աւելի համագործակցիլ։

  • Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի աւելի համագործակցինք։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Երեւակայէ որ թենիսի խաղի մէջ դուն եւ կողակիցդ կայնած էք ցանցին հակառակ կողմերը։ Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնաս առնել, որպէսզի կողակիցիդ կողմը անցնիս եւ նոյն խումբէն ըլլաք։

  • Փոխանակ մտածելու՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ յաղթել», մտածէ՝ «Ինչպէ՞ս կրնանք երկուքս յաղթել»։

«Կարեւոր չէ թէ ո՛վ յանցաւոր է եւ ո՛վ իրաւունքով է։ Կարեւորը՝ ամուսնութեան մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն ունենալն է» (Իթըն)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։3, 4