Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ

Պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ օգտակար է

Պարկեշտ ըլլալը ինչո՛ւ օգտակար է

«Համոզուած ենք թէ ունինք բարի խղճմտանք ու կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ

Աստուածաշունչին մէջ յաճախ «պարկեշտութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «բան մը որ հիմնականօրէն լաւ է»։ Անիկա նաեւ կրնայ նշանակել բան մը որ գեղեցիկ եւ տեսարժան է բարոյական առումով։

Քրիստոնեաները լուրջի կ’առնեն Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ խօսքը. «Ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ»։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։

ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՅՔԱՐ

Ընդհանրապէս մարդիկ ամէն առտու առաջ որ տունէն դուրս ելլեն հայելիին կը նային։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կ’ուզեն շատ լաւ երեւիլ։ Բայց նորաձեւ վարսայարդարում կամ նորոյթ հագուստներ ունենալէն աւելի կարեւոր բան մը կայ։ Իրականութեան մէջ մեր ներքին անձը մեր դրսերեւոյթը կա՛մ կը գեղեցկացնէ, կամ ալ կը տգեղցնէ։

Աստուծոյ Խօսքը անկեղծօրէն կ’ըսէ, թէ մենք հակումը ունինք ընելու ինչ որ չար է։ Ծննդոց 8։21–ը կ’ըսէ. «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։ Ուստի պարկեշտ ըլլալու համար, հարկ է որ մեր բնածին մեղաւոր հակումներուն դէմ պայքարինք։ Պօղոս առաքեալ վառ կերպով նկարագրեց մեղքին դէմ իր պայքարը, ըսելով. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է» (Հռովմայեցիս 7։22, 23

Օրինակ, երբ մեր սիրտը մեզ մղէ ընելու ինչ որ չար է եւ զօրաւոր հակում ունենանք անպարկեշտ ըլլալու, ստիպուած չենք մեր սրտին մղումներուն գերին դառնալու. ընտրելու ազատութիւնը ունինք։ Երբ կը վճռենք սխալ գաղափար մը մերժել, կրնա՛նք պարկեշտ մնալ հակառակ մեզ շրջապատող անպարկեշտութեան։

ՊԱՅՔԱՐԸ ՅԱՂԹԵԼ

Պարկեշտ ըլլալու համար պէտք ունինք բարոյական բարձր չափանիշի։ Սակայն ցաւօք սրտի, շատեր աւելի ժամանակ կը տրամադրեն իրենց հագուելակերպի չափանիշը որոշելու, քան թէ մտածելու իրենց բարոյական չափանիշին մասին։ Առ ի արդիւնք, անոնք իրենց պարագաներուն համաձայն անպարկեշտութեան տարողութիւնը կը յարմարցնեն։ Գիրք մը այս կերպով նկարագրեց. «Իրականութեան մէջ մենք մարդիկը կը խաբենք այնքան ատեն որ մենք մեր աչքին տակաւին պարկեշտ ենք» (The (Honest) Truth About Dishonesty)։ Բայց արդեօք կա՞յ վստահելի չափանիշ, որ մեզի կրնայ օգնել անձամբ որոշելու թէ անպարկեշտութիւնը ո՛ր տարողութեամբ ընդունելի է,– ասիկա եթէ ընդունելի է։ Ուրախ ենք որ այսպիսի չափանիշ կա՛յ։

Աստուածաշունչը ունի բարոյական անբաղդատելի չափանիշ (Սաղմոս 19։7)։ Եւ աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ այս մէկը նկատած են։ Անիկա վստահելի ուղղութիւն կու տայ, զոր օրինակ՝ ընտանեկան կեանքի, գործի, բարոյականութեան եւ հոգեւորութեան մարզերուն մէջ։ Անիկա բնա՛ւ ժամանակավրէպ չի նկատուիր։ Անոր օրէնքները եւ սկզբունքները կը կիրարկուին բոլոր ազգերուն, ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն։ Աստուածաշունչը զննելով, անոր ըսածներուն վրայ խոկալով եւ անոր խրատները կիրարկելով, կրնանք մեր սիրտը մարզել որ պարկեշտ եւ ուղիղ ըլլայ։

Բայց տակաւին անպարկեշտութեան դէմ պայքարը յաղթելը Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւն ունենալէն աւելին կը պարփակէ։ Ի վերջոյ մենք կ’ապրինք անբարոյ աշխարհի մը մէջ, որ մեր վրայ ճնշում կը բանեցնէ իր փտած չափանիշները ընդունելու։ Անոր համար պէտք է աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն եւ աջակցութիւն խնդրենք (Փիլիպպեցիս 4։6, 7, 13)։ Այսպէս ընելով, կրնանք քաջութիւնը ունենալ ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալու եւ ճիշդ բաներու կողքին դիրք բռնելու։

ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Նախապէս նշուած Հիթօշին պարկեշտ աշխատաւոր մը ըլլալու համբաւը շահեցաւ։ Ան այժմ կ’աշխատի գործատիրոջ մը քով, որ իր պարկեշտութիւնը կ’արժեւորէ։ Հիթօշին կ’ըսէ. «Երախտապարտ եմ որ կրցայ գտնել գործ մը, որ ինծի թոյլ կու տայ մաքուր խիղճ մը պահելու»։

Հիթօշիին նման ուրիշներ ալ նկատած են թէ պարկեշտութիւնը օգտակար է։ Նկատի առ կարգ մը անհատներու օրինակները, որոնք ‘ամէն բանի մէջ պարկեշտութեամբ վարուելու’ Աստուածաշունչի սկզբունքը կիրարկելով օգտուած են։

  • Մաքուր խիղճ

    «Երբ 13 տարեկան էի դպրոցը ձգեցի՝ գողերու հետ աշխատելու համար։ Առ ի արդիւնք, եկամուտիս 95 տոկոսը անպարկեշտ միջոցներով շահեցայ։ Յետագային ամուսնացայ, եւ ամուսինս ու ես սկսանք Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Սորվեցանք թէ Եհովա * Աստուած անպարկեշտ սովորութիւնները կ’ատէ, ուստի որոշեցինք մեր ապրելակերպը փոխել։ 1990–ին մեր կեանքը Եհովային նուիրեցինք եւ մկրտուեցանք որպէս Եհովայի վկաներ» (Առակաց 6։16-19

    «Անցեալին, տունս գողցուած իրերով լեցուն էր, բայց այժմ այդ իրերը գոյութիւն չունին, եւ ասիկա խիղճս մաքուր կը պահէ։ Ետ նայելով անպարկեշտութեամբ անցուցած տարիներուս, Եհովային ողորմութեան համար երախտապարտ եմ։ Երբ գիշերը գլուխս բարձին վրայ կը դնեմ, որքա՜ն գոհունակ կը զգամ որ այժմ Եհովան ինծի կը հաճի» (Շերըլ, Իրլանտա)։

    «Երբ վարպետս գիտցաւ թէ մերժած եմ կաշառք առնել անհատէ մը, որ հաւանաբար մեր յաճախորդը դառնար, ինծի ըսաւ. ‘Քու Աստուածդ քեզի շա՛տ վստահելի անձ մը դարձուցած է։ Մեր հաստատութեան մէջ ըլլալդ ի՛րապէս օրհնութիւն է’։ Ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալը թոյլ կու տայ, որ Եհովա Աստուծոյ առջեւ մաքուր խիղճ ունենամ։ Անիկա նաեւ ինծի թոյլ կու տայ, որ ընտանիքիս եւ ուրիշներուն օգնեմ որ իրենք ալ մաքուր խիղճ ունենան» (Սոնի, Հոնկ Քոնկ)։

  • Մտքի խաղաղութիւն

    «Կ’աշխատիմ միջազգային դրամատան մը մէջ որպէս գործադիր օգնական։ Այս ասպարէզին մէջ յաճախ հարստութիւն դիզելու սիրոյն պարկեշտութիւնը մէկ կողմ կը դրուի։ Համատարած է այն տեսակէտը, թէ ‘քիչ մը անպարկեշտութիւնը վնաս չէ, այնքան ատեն որ հարստութեան կը նպաստէ եւ տնտեսութեան կ’օգտէ’։ Բայց պարկեշտ ըլլալով մտքի խաղաղութիւն ունիմ։ Վճռած եմ պարկեշտ մնալ՝ ինչ որ ալ ըլլան անոր հետեւանքները։ Գործատէրերս գիտեն թէ ո՛չ իրենց կը ստեմ, ոչ ալ իրենց համար կը ստեմ» (Թոմ, Միացեալ Նահանգներ)։

  • Ինքնայարգանք

    «Գործիս մէջ վերակացուս քաջալերեց որ կարգ մը պակաս իրերու առնչութեամբ սուտ խօսիմ. բայց ես մերժեցի։ Երբ ի վերջոյ գողերը գիտցուեցան՝ գործատէրս պարկեշտ ըլլալուս համար ինծի շնորհակալութիւն յայտնեց։ Անպարկեշտ աշխարհի մը մէջ պարկեշտ ըլլալը քաջութիւն կը պահանջէ։ Բայց կրնանք վերջաւորութեան ուրիշներուն վստահութիւնն ու յարգանքը շահիլ» (Քայօրի, Ճափոն)։

Պարկեշտութեան վարձատրութիւնները, ինչպէս՝ մաքուր խիղճ, մտքի խաղաղութիւն եւ ինքնայարգանք, ցոյց կու տան թէ պարկեշտութիւնը ի՛րապէս օգտակար է։ Ասոր հետ համաձայն չե՞ս։

^ պարբ. 18 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը «Եհովա» է։