Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ԴԱՒԻԹ

«Պատերազմը Տէրոջն է»

«Պատերազմը Տէրոջն է»

ԵԹԷ Դաւիթ ուշադիր չըլլար, կը կոխկռտուէր իր քովէն իրարու զարնուելով վազող զինուորներուն կողմէ։ Մինչ անոնք ռազմադաշտէն կը փախչէին, իրենց աչքերուն մէջ շատ յստակ կ’երեւնար վախը։ Անոնք ինչո՞ւ այսքան վախցած էին։ Դաւիթ շատ հաւանաբար լսեց այն բառը որ անոնք ետեւ–ետեւի կ’ըսէին։ Ատիկա մարդու մը անունն էր, որ քիթը բարձր պահելով կանգնած էր հովիտին մէջ։ Ան Դաւիթին տեսած ամէնէն մեծ մարդը ըլլալու էր։

Գողիա՜թ։ Դաւիթ կրնար ըմբռնել որ զինուորները ինչո՛ւ կը վախնային իրմէ. ան չըլլալիք հսկայ էր, լեռի մը պէս։ Նոյնիսկ առանց իր զրահին, ան հաւանաբար երկու մեծ տղամարդոց կշիռէն աւելի կը կշռէր։ Բայց ան ծանրօրէն զինուած էր եւ շատ զօրաւոր ու փորձառու զինուոր մըն էր։ Գողիաթ մարտահրաւէր ուղղեց։ Երեւակայէ թէ իր հաստ ձայնը ինչպէ՛ս կ’արձագանգէր բլուրներուն վրայ, մինչ ծաղր կ’ընէր իսրայէլի զօրքը եւ անոնց թագաւորը՝ Սաւուղ։ Ան կը հարցնէր թէ ո՛վ կը համարձակի իրեն հետ կռուիլ, որպէսզի այս պատերազմը մենամարտութեամբ արդիւնքի հասնի (Ա. Թագաւորաց 17։4-10

Իսրայէլացիները իրենց վախէն դողացին։ Սաւուղ թագաւորն ալ դողաց։ Դաւիթ իմացաւ որ մէկ ամիսէ աւելի պարագան այս էր։ Փղշտացի եւ իսրայէլացի զօրքերը դժուար հարցի մը առջեւ էին, մինչ Գողիաթ օրէ օր նոյն ասպարէզը կը կարդար։ Դաւիթ նեղացաւ։ Իրեն համար շատ ամօթ էր որ իսրայէլի թագաւորը եւ իր զինուորները, մէջը ըլլալով Դաւիթի երեք մեծ եղբայրները, իրենց վախէն կը դողային։ Դաւիթին աչքին, այս հեթանոս Գողիաթին ըրածը պարզապէս իսրայէլի զօրքը ամչցնել չէր, հապա անկէ աւելին. ան իսրայէլի Աստուածը՝ Եհովան կը նախատէր։ Բայց Դաւիթ պատանի մը ըլլալով ի՞նչ կրնար ընել։ Իսկ մենք ի՞նչ կրնանք սորվիլ Դաւիթի հաւատքէն (Ա. Թագաւորաց 17։11-14

«ԱՍԻԿԱ ՕԾԷ՛, ՔԱՆԶԻ ԱՍԻԿԱ Է»

Ժամանակով ետեւ երթանք շատ ամիսներ։ Իրիկուն ըլլալու վրայ էր եւ Դաւիթ իր հօր ոչխարները կ’արածէր Բեթլեհէմի մօտ եղող բլուրներուն վրայ։ Ան գեղեցիկ պատանի մըն էր, «կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր»։ Երբ հանդարտութիւն ըլլար, ան քնար կը նուագէր։ Ան կ’ազդուէր Աստուծոյ ստեղծագործութեան գեղեցկութեամբ։ Ժամերով ուրախութեամբ փորձ ընելով, իր նուագելու ձիրքերը զարգացած էին։ Բայց այդ իրիկունը, իր հայրը մարդ ղրկեց որ զինք բերէ, քանի որ կ’ուզէր շուտով զինք տեսնել (Ա. Թագաւորաց 16։12

Դաւիթ գնաց եւ տեսաւ որ իր հայրը՝ Յեսսէն կը խօսէր շատ ծեր մարդու մը հետ։ Ան հաւատարիմ Սամուէլ մարգարէն էր։ Եհովան զինք ղրկած էր որ Յեսսէին որդիներէն մէկը օծէր որպէս յաջորդ թագաւորը։ Սամուէլ արդէն իսկ տեսած էր Դաւիթին եօթը մեծ եղբայրները, բայց Եհովան ըսած էր Սամուէլին որ անոնցմէ մէկը չէր ընտրած։ Սակայն երբ Դաւիթ հասաւ, Եհովան ըսաւ Սամուէլին. «Ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։ Սամուէլ Դաւիթին բոլոր եղբայրներուն աչքին առջեւ եղջիւր մը բացաւ, որ մասնաւոր իւղով լեցուած էր, եւ մաս մը թափեց Դաւիթին գլխուն վրայ եւ օծեց զինք։ Այդ օրուընէ ետք Դաւիթին կեանքը փոխուեցաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ» (Ա. Թագաւորաց 16։1, 5-11, 13

Դաւիթ հեզութեամբ ընդունեց որ Եհովայի՛ն շնորհիւ յաղթեց գազաններուն

Արդեօք Դաւիթ սկսա՞ւ թագաւորելու մասին երազներ շինել։ Ո՛չ, ան կը սպասէր որ Եհովային հոգին իրեն գիտցնէ, թէ ե՛րբ աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ պիտի վերցնէ։ Մինչ այդ, ան խոնարհութեամբ շարունակեց ոչխարները արածել։ Ան ամբողջ սրտով եւ քաջութեամբ կ’ընէր այս գործը։ Իր հօր հօտերը երկու առիթներով վտանգի տակ եղան. անգամ մը առիւծի պատճառով, իսկ ուրիշ անգամ մը՝ արջի։ Դաւիթ պարզապէս չփորձեց հեռուէն քշել այդ գազանները, հապա մէջտեղ նետուեցաւ որ իր հօր խեղճ ոչխարները պաշտպանէ։ Երկու անգամներուն ալ, ան առանձին մեռցուց գազանը (Ա. Թագաւորաց 17։34-36. Եսայի 31։4

Ատեն մը ետք, Սաւուղ թագաւոր մարդ ղրկեց որ Դաւիթը բերէ, քանի որ իր մասին լսած էր։ Թէեւ Սաւուղ տակաւին հզօր զինուոր էր, բայց ան Եհովային աչքէն ինկած էր, քանի որ իր ցուցմունքներուն դէմ ըմբոստացած էր։ Եհովան իր սուրբ հոգին քաշած էր Սաւուղէն, եւ ան շատ անգամներ գէշ տրամադրութիւն կ’ունենար, այսինքն՝ ջղայնութեան նոպաներ, կասկած եւ վայրագութիւն։ Երբ այս տրամադրութեան մէջ ըլլար, միակ բանը որ զինք կրնար հանդարտեցնել՝ երաժշտութիւնն էր։ Սաւուղին կարգ մը մարդիկը լսած էին թէ Դաւիթ ճանչցուած էր որպէս երաժիշտ եւ պատերազմող։ Այսպիսով Դաւիթ կանչուեցաւ, եւ շատ չանցած՝ Սաւուղին մէկ կապարճակիրը եւ պալատին երաժիշտներէն մէկը եղաւ (Ա. Թագաւորաց 15։26-29. 16։14-23

Մասնաւորաբար պատանիները կրնան շատ բաներ սորվիլ Դաւիթի հաւատքէն։ Նկատէ թէ ան իր ազատ ժամանակին մէջ ըրաւ բաներ որ զինք աւելի մօտեցուցին Եհովային։ Ասկէ զատ, ան համբերութեամբ իր մէջը զարգացուց ձիրքեր, որ գործնական էին եւ գործի ծառայող անձ մը դարձուցին զինք։ Բայց ամէնէն աւելի, ան Եհովային սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւեցաւ։ Ասոնք ի՜նչ հոյակապ դասեր են բոլորիս համար (Ժողովող 12։1

«ԱՍՈՐ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԲՆԱՒ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՍԻՐՏ ԹՈՂ ՉԿՈՏՐԻ»

Մինչ Դաւիթ Սաւուղին կը ծառայէր, շատ անգամներ տուն կը վերադառնար որպէսզի ոչխարները արածէ։ Ատեններ ասիկա երկար ժամանակ կ’առնէր։ Այսպիսի ժամանակուան մը ընթացքին, Յեսսէն Դաւիթը ղրկեց որ իր երեք մեծ եղբայրներուն վիճակը գիտնայ, որոնք Սաւուղին բանակին մէջ կը ծառայէին։ Դաւիթ հնազանդեցաւ եւ իրեն հետ իր եղբայրներուն համար ուտելիք առնելով, ուղղուեցաւ դէպի Էլայի հովիտը։ Երբ հասաւ, իր սիրտը այրեցաւ երբ տեսաւ թէ երկու բանակները այն վիճակին մէջ էին որ այս յօդուածին սկիզբը նշուած է։ Անոնք դէմ դիմաց շարուած էին՝ կոր եւ լայն հովիտին երկու կողմերու բլուրներուն վրայ (Ա. Թագաւորաց 17։1-3, 15-19

Դաւիթ չկրցաւ տանիլ եղածը։ Ի՞նչ ըսել է ապրող Աստուծոյ՝ Եհովային բանակը սրտերնին փրթած փախչին մարդէ մը,– հեթանո՛ս մարդէ մը։ Դաւիթին աչքին, Գողիաթին ծաղրանքները կը նախատէին Եհովան։ Ասոր համար, ան սկսաւ ախորժակով մը ըսել զինուորներուն, թէ կարելի է Գողիաթին յաղթել։ Դաւիթին ըսածը հասաւ իր ամէնէն մեծ եղբօր՝ Եղիաբին ականջին։ Ան բարկացաւ իր պզտիկ եղբօր վրայ, ըսելով որ ան պարզապէս պատերազմը դիտելու եկած էր։ Բայց Դաւիթ պատասխանեց. «Հիմա ի՞նչ ըրի. այս խօսք չէ՞»։ Ետքը, Դաւիթ շարունակեց ինքնավստահութեամբ ըսել թէ կարելի է Գողիաթին յաղթել, մինչեւ որ իր ըսածը հասաւ Սաւուղին ականջին։ Թագաւորը հրամայեց որ Դաւիթը իրեն բերեն (Ա. Թագաւորաց 17։23-31

Դաւիթ Գողիաթին մասին այս բանը ըսաւ Թագաւորին. «Ասոր պատճառով բնաւ մարդու մը սիրտ թող չկոտրի»։ Սաւուղին ու զինուորներուն սիրտը իրապէս ալ կոտրած էր, այսինքն՝ վհատած էին Գողիաթին պատճառով։ Թերեւս անոնք սովորական սխալ մը ըրած էին. իրենց անձերը բաղդատած էին այդ հսկայ մարդուն հետ, երեւակայելով որ իրենց հասակը կը հասնէր այդ մարդուն կուրծքին եւ թէ ան կրնար մէկ պատառով ուտել զիրենք։ Բայց Դաւիթ այսպէս չէր մտածեր։ Ան լման տարբեր անկիւնէ մը կը դիտէր հարցը, ինչպէս որ պիտի տեսնենք։ Այս պատճառով ան առաջարկեց որ ինք պատերազմի Գողիաթին դէմ (Ա. Թագաւորաց 17։32

Սաւուղ առարկեց. «Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ ու անոր հետ կռուիլ, քանզի դուն մանուկ ես ու անիկա իր մանկութենէն պատերազմող մարդ մըն է»։ Դաւիթ իրապէս մանո՞ւկ էր։ Ո՛չ. ան բանակին մէջ ծառայելու համար պզտիկ էր եւ թերեւս դուրսէն շատ պատանի կ’երեւնար։ Բայց ան արդէն ճանչցուցած էր որպէս քաջ պատերազմող, եւ թերեւս չափահաս ըլլալու վրայ էր (Ա. Թագաւորաց 16։18. 17։33

Դաւիթ Սաւուղին վստահեցուց, պատմելով որ ի՛նչ պատահած էր առիւծին եւ արջին հետ։ Արդեօք ան ինքզինքը կը տեսնէ՞ր։ Ո՛չ, քանի որ ան գիտէր թէ ինչպէ՛ս յաղթած էր ատոնց։ Ան ըսաւ. «Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Ի վերջոյ Սաւուղ ըսաւ. «Գնա՛ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ» (Ա. Թագաւորաց 17։37

Կ’ուզե՞ս Դաւիթին հաւատքը ունենալ։ Լաւ, նկատէ թէ Դաւիթի հաւատքը փափաքներու վրայ հիմնուած չէր։ Ան իր գիտութեան եւ փորձառութեան հիման վրայ կը հաւատար Աստուծոյ։ Ան Եհովան կը ճանչնար որպէս սիրալիր Պաշտպանող եւ իր խօսքին տէրը Ելլող։ Եթէ կ’ուզենք այսպիսի հաւատք ունենալ, պէտք է շարունակենք Աստուծոյ մասին սորվիլ։ Երբ մեր սորվածը գործադրենք, լաւ արդիւնքներու պիտի հասնինք եւ ասիկա մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ (Եբրայեցիս 11։1

«ՏԷՐԸ ՔԵԶ ԻՄ ՁԵՌՔՍ ՊԻՏԻ ՄԱՏՆԷ»

Սկիզբը, Սաւուղ իր սպառազինութիւնը հագցուց Դաւիթին։ Ատիկա պղինձէ էր՝ Գողիաթին հագածին նման, եւ շատ հաւանաբար ունէր զրահ մը, որ իրարու վրայ շարուած մետաղէ կտորներով շինուած էր։ Երբ Դաւիթ փորձեց քալել, տեսաւ որ այս սպառազինութիւնը յարմար չէ։ Ան չէր մարզուած որպէս զինուոր եւ այս պատճառով զայն հագուելու վարժուած չէր, մանաւանդ Սաւուղին սպառազինութիւնը, որ Իսրայէլին մէջ ամէնէն երկարահասակ անձն էր (Ա. Թագաւորաց 9։2)։ Ան ամէն ինչ հանեց վրայէն եւ հովիւի հանդերձով մնաց, որ իր հօտը պաշտպանելու յարմար էր (Ա. Թագաւորաց 17։38-40

Դաւիթ կը կրէր իր գաւազանը, պարսատիկ մը եւ ուսէն կախուած պարկ մը։ Թերեւս պարսատիկը շատ կարեւոր չերեւի, բայց ատիկա ազդու զէնք մըն էր։ Ատիկա ունէր պզտիկ տոպրակ մը եւ երկու երկար կաշիէ կապեր։ Ատիկա հովիւի մը համար շատ աղուոր զէնք մըն էր։ Հովիւը քար մը կը դնէր տոպրակին մէջ, զայն մեծ արագութեամբ կը դարձնէր իր գլխուն վերեւ ու ետքը կը ձգէր կապերէն մէկը։ Քարը ճշգրտութեամբ կը հարուածէր։ Այս զէնքը այնքա՛ն ազդու էր որ ատեններ բանակին մէջ կ’ըլլային պարսատիկ գործածողներու զօրաբաժիններ։

Այսպէս զինուելէ ետք, Դաւիթ գնաց իր թշնամիին առջեւ ելլելու։ Կրնանք երեւակայել թէ ան ինչպէ՛ս կ’աղօթէր, մինչ ծռելով՝ չոր հովիտին գետնէն կը հաւաքէր հինգ պզտիկ եւ տափակ քարեր։ Ետքը, ան ռազմադաշտ գնաց վազելով, եւ ոչ թէ քալելով։

Գողիաթ ի՞նչ մտածեց երբ տեսաւ Դաւիթը։ Կը կարդանք. «Փղշտացին. . . Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց», քանի որ անիկա պարզապէս «կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր»։ Գողիաթ պոռաց. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս»։ Ըստ երեւոյթին, ան տեսաւ Դաւիթին ցուպը, բայց ոչ՝ պարսատիկը։ Ան փղշտացիներուն չաստուածներուն անունով անիծեց Դաւիթը եւ ուխտ ըրաւ որ իր այս թշնամիին մարմինը պիտի տայ թռչուններուն եւ դաշտի գազաններուն (Ա. Թագաւորաց 17։41-44

Դաւիթ տեսաւ որ նոյնիսկ հսկան բան մը չէ՝ Եհովա Աստուծոյ հետ բաղդատած

Դաւիթին պատասխանը հաւատք արտայայտող նախադասութիւն մը կը սեպուի մինչեւ այսօր։ Պահ մը երեւակայէ թէ ան ինչպէ՛ս Գողիաթին երեսին կ’ըսէ. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ»։ Դաւիթ գիտէր որ մարդկային զօրութիւնը եւ զէնքերը կարեւորութիւն չունին։ Գողիաթ Եհովա Աստուածը չյարգեց, եւ Եհովան ասոր պատասխանը պիտի տար։ Ինչպէս որ Դաւիթ ըսաւ, «պատերազմը Տէրոջն է» (Ա. Թագաւորաց 17։45-47

Դաւիթ կոյր չէր. ան կը տեսնէր թէ Գողիաթ հսկայ եւ զինուած էր։ Բայց Դաւիթ չձգեց որ այսպիսի բաներ վախցնեն զինք։ Ան Սաւուղին եւ անոր զինուորներուն ըրած սխալը չըրաւ. ինքզինք Գողիաթին հետ չբաղդատեց։ Փոխարէն, ան Գողիաթը բաղդատեց Եհովային հետ։ Գողիաթին հասակը 2,9 մեթր ըլլալով, միւս մարդոցմէ աւելի երկար էր։ Բայց տիեզերքի Գերիշխանին հետ բաղդատած, ան որքա՞ն մեծ էր։ Իսկապէս, ան միւս մարդոց պէս միջատ մըն էր, ոչ աւելի,– միջատ մը, որ Եհովան պատրաստ էր ճզմելու։

Դաւիթ վազեց իր թշնամիին կողմը, ձեռքը նետեց եւ պարկին մէջէն քար մը առաւ ու պարսատիկին մէջ դրաւ, եւ սկսաւ զայն դարձնել մինչեւ որ թեթեւ սուլոց մը ելաւ։ Գողիաթ աւելի մօտեցաւ Դաւիթին, թերեւս իր վահանը կրողին ետեւէն քալելով։ Կրնայ ըլլալ որ Գողիաթին հասակը խնդիր մըն էր իրեն համար, քանի որ բնական հասակ ունեցող վահան կրող մը չէր կրնար վահանը այնքան բարձրացնել, որ այս հսկային գլուխը պաշտպանէր։ Իսկ Դաւիթ անոր գլո՛ւխը իր նշանակէտը ըրած էր (Ա. Թագաւորաց 17։41

Դաւիթ արձակեց քարը։ Երեւակայէ տիրած լռութիւնը մինչ ատիկա կը սուրար դէպի իր նշանակէտը։ Անկասկած, Եհովան վստահ եղաւ որ Դաւիթ մէկ քարով յաջողէր։ Քարը Գողիաթին ճակատին մէջ մտաւ ու ան երեսի վրայ տապալեցաւ։ Վահան կրողը հաւանաբար վախէն փախաւ։ Իսկ Դաւիթ մօտեցաւ, Գողիաթին սուրը առաւ եւ անոր գլուխը կտրեց (Ա. Թագաւորաց 17։48-51

Վերջապէս, Սաւուղին եւ իր զինուորներուն վրայ քաջութիւն եկաւ։ Անոնք աղաղակելով վազեցին փղշտացիներուն դէմ։ Ճիշդ Դաւիթին ըսածին պէս ընթացաւ պատերազմը. «[Եհովան] ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ» (Ա. Թագաւորաց 17։47, 52, 53

Այսօր, Աստուծոյ ծառաները չեն պատերազմիր (Մատթէոս 26։52)։ Բայց պէտք ունի՛նք Դաւիթին հաւատքը ընդօրինակելու։ Մեզի համար ալ պէտք է Եհովան իրական ըլլայ եւ միայն իրեն ծառայենք ու իրեն հանդէպ վախ ունենանք։ Թերեւս ատեններ մենք մեզ պզտիկ տեսնենք՝ մեր խնդիրներուն հետ բաղդատած։ Բայց մեր խնդիրները պզտիկ են՝ Եհովային անսահման զօրութեան հետ բաղդատած։ Եթէ Եհովան ընտրենք որպէս մեր Աստուածը եւ իրեն հաւատանք Դաւիթին պէս, ա՛լ խնդիր մը չկայ որ կրնայ մեզ վախցնել։ Բա՛ն մը չկայ որուն Եհովան չի կրնար յաղթել։