Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հուլտան իր նպատակին հասաւ

Հուլտան իր նպատակին հասաւ

ԵԹԷ քանի մը տարի առաջ Ինտոնեզիայի մէջ գտնուող Սանկիր Պեսար անունով փոքր կղզին այցելէիր, հաւանաբար հոն տեսնէիր մեր երեք քրիստոնեայ քոյրերը, որոնք ծովեզերքը բանով մը զբաղած էին։ Անոնք այս կղզիին վրայ լաւ ճանչցուած են իրենց ծառայութեամբ, այսինքն՝ մարդոց օգնելով որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Բայց այդ առիթով, անոնք տարբեր բան մը կ’ընէին։

Սանկիր Պեսար կղզին՝ Ինտոնեզիայի հիւսիսը

Այս քոյրերը նա՛խ ջուրին մէջ կ’իջնէին, ծանր քարեր կը գտնէին եւ ետքը ատոնք ծովեզերք կը բերէին։ Այդ քարերէն ոմանք ֆութպոլի գնդակի չափ մեծ էին։ Անկէ ետք, այս կիները տախտակէ ցած աթոռներու վրայ նստելով, մուրճերով քարերը կը կոտրտէին, մինչեւ որ ատոնք հաւկիթի մը չափ պզտիկ ըլլային։ Անկէ ետք, անոնք այդ պզտիկ քարերը կը դնէին փլասթիքէ դոյլերու մէջ, եւ այդ դոյլերը շալկելով աստիճաններէն վեր կը բարձրանային եւ կ’ուղղուէին դէպի իրենց տուները։ Հոն, անոնք այդ կոտրտուած քարերը կը դնէին մեծ տոպրակներու մէջ, որոնք ետքը բեռնակառքի մը վրայ դնելով կը ծախէին ճամբու շինարարութեան մէջ գործածուելու համար։

Հուլտան ծովեզերքը քարեր կը հաւաքէ

Այս քոյրերէն մէկը՝ Հուլտան էր։ Անոր պարագաները թոյլ տուին, որ ան այս գործին մէջ աւելի ժամանակ անցընէ։ Ան ընդհանրապէս իր շահած դրամը կը գործածէր իր ընտանիքին առօրեայ պէտքերը հոգալու համար։ Բայց այս անգամ իր մտքին մէջ ուրիշ նպատակ մը կար։ Ան կ’ուզէր թապլեթ մը ունենալ, որպէսզի կարենար JW Library® էփէն օգտուիլ։ Հուլտան գիտէր որ այս էփին մէջի վիտէօները եւ միւս նիւթերը իրեն պիտի օգնէին, որ ուրիշներուն քարոզէր նաեւ Աստուածաշունչը սերտէր ու հասկնար։

Հուլտան ամէն առտու երկու ժամ, մօտ մէկուկէս ամիսի չափ, աշխատեցաւ քարերը կոտրտելով եւ ատոնք պզտիկ բեռնակառքի մը մէջ լեցնելով։ Ի վերջոյ, ան բաւական դրամ շահեցաւ, որպէսզի թապլեթը գնէ։

Հուլտան եւ իր թապլեթը

«Ճիշդ է որ շատ կը յոգնէի եւ ցաւեր կը զգայի քարերը կտրելով, բայց երբ կրցայ նոր թապլեթը գործածել ծառայութեան եւ ժողովներուն մէջ, շուտով ցաւերս մոռցայ»։ Ան նաեւ ըսաւ, որ թապլեթը իրեն օգնեց համավարակի սկիզբի շրջանին, երբ բոլոր ժողովները ինթըրնէթով կ’ըլլային։ Մենք ուրախ ենք, որ Հուլտան իր նպատակին հասաւ։