Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Հին Բաբելոնին մէջ գտնուած աղիւսները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան որ Սուրբ Գիրքը ճշգրիտ է

ՎԵՐՋԵՐՍ հնագէտները հին Բաբելոնին մէջ գտան մեծ թիւով եփուած աղիւսներ, որոնք գործածուած էին քաղաքը շինելու համար։ Հնագէտ Ռապըրթ Քոլտըվին կ’ըսէ որ այս աղիւսները կ’եփուէին փուռերու մէջ, որոնք կը գտնուէին «քաղաքէն դուրս, ուր հողը կակուղ էր եւ առատ վառելանիւթ կար»։

Հին արձանագրութիւնները ցոյց կու տան որ բաբելոնացի կառավարիչները այս փուռերը նաեւ գործածեցին գէշ նպատակներու համար։ Թորոնթոյի համալսարանին մէջ Փոլ Ալան Պօլիօ կոչուած ասորաբանութեան փրոֆէսոր մը կ’ըսէ. «Բաբելոնական գրութիւններ ցոյց կու տան, որ թագաւորը կը հրամայէր որ իրեն հնազանդ չեղողները կամ սուրբ բաները չյարգողները փուռը նետուէին եւ այրուէին»։ Նաբուգոդոնոսորի օրէն մնացած գրութիւն մը, իր մէկ հրամանը կը նշէ, ուր ան կ’ըսէ. «Փճացուցէ՛ք, այրեցէ՛ք, խորովեցէք զանոնք, փուռը նետեցէք, մուխերնին թող ելլէ»։

Ասիկա Սուրբ Գիրքը կարդացողներուն միտքը կը բերէ Դանիէլ գրքին 3–րդ գլուխին մէջի դէպքերը։ Հոն կը պատմուի, թէ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Բաբելոն քաղաքէն դուրս եղող Դուրա դաշտին մէջ շինել տուաւ ոսկիէ մեծ արձան մը։ Երբ որ երեք եբրայեցի երիտասարդներ՝ Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը, մերժեցին այդ արձանին առջեւ խոնարհիլ, թագաւորը բարկացաւ եւ հրամայեց որ անոնք նետուին «բորբոքած կրակի հնոցին մէջ», որ «եօթնապատիկ աւելի» տաքցուած էր։ Բայց զօրաւոր հրեշտակ մը զիրենք մահէն ազատեց (Դան. 3։1-6, 19-28

© The Trustees of the British Museum. Licensed under CC BY-NC-SA 4.0. Source

Եփուած աղիւս մը, որուն վրայ Նաբուգոդոնոսորին անունը փորագրուած է

Այս բաբելոնական աղիւսները նաեւ Աստուածաշունչի արձանագրութեան թիկունք կը կանգնին։ Շատ մը աղիւսներու վրայ փորագրուած են թագաւորը գովող խօսքեր։ Ատոնցմէ մէկուն վրայ կը կարդանք. «Պալատս, որ ես մեծն Նաբուգոդոնոսորս շինեցի. . . ։ Թող իմ յաջորդներս յաւիտեան անոր մէջ իշխեն»։ Այս խօսքերը շատ կը նմանին Դանիէլ 4։30–ին մէջի խօսքերուն, ուր Նաբուգոդոնոսոր հպարտօրէն ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես՝ իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։