Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երբ կողակիցը անհաւատարիմ գտնուի

Երբ կողակիցը անհաւատարիմ գտնուի

«Ուզեցի մեռնիլ, երբ ամուսինս ըսաւ որ զիս պիտի ձգէ աւելի երիտասարդ կնոջ մը համար։ Եղածը շա՜տ անարդար էր, մանաւանդ յիշելով այն բոլոր զոհողութիւնները որ իրեն համար ըրած էի» (Մարիա, Սպանիա)։

«Երբ կինս անակնկալօրէն զիս ձգեց, զգացի որ բան մը մեռաւ մէջս։ Մեր երազները, յոյսերը եւ ծրագիրները ջուրը ինկան։ Կային օրեր, երբ կը կարծէի թէ վերջապէս հանգստացայ, բայց յանկարծ նորէն խոր յուսահատութիւն կը զգայի» (Պիլ, Սպանիա)։

ԱՆՀԱՏ մը ջախջախուած կը զգայ երբ իր կողակիցը իրեն դաւաճանէ։ Ճիշդ է թէ ոմանք տեսած են որ կրնա՛ն ներել իրենց զղջացած կողակիցին եւ ջանալ իրենց փոխյարաբերութիւնը բարելաւել *։ Բայց զոյգը ամուսնացած մնայ կամ ոչ, դաւաճանութեան մասին գիտցող կողակիցը միշտ մեծապէս կը տառապի։ Այսպիսի անհատներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զգացական վէրքին հետ գլուխ ելլել։

ՀԱՄԱՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՕԳՆԵԼ

Հակառակ իրենց խոր ցաւին, շատ մը անմեղ կողակիցներ մխիթարութիւն գտած են Սուրբ Գիրքին մէջ։ Անոնք սորված են որ Աստուած կը տեսնէ իրենց արցունքները եւ իրենց ցաւը կը զգայ (Մաղաքիա 2։13-16

«Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղմոս 94։19

Պիլ կը նշէ. «Երբ այդ համարը կարդացի, երեւակայեցի թէ Եհովա Աստուած կարեկից հօր մը պէս քնքշութեամբ ցաւս կը մեղմացնէ»։

«Հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս» (Սաղմոս 18։25, ՆԱ

Ամիսներով ամուսինին կողմէ դաւաճանուած Գարմէնը կ’ըսէ. «Ամուսինս ինծի հաւատարիմ չէր, բայց վստահ էի որ Եհովան հաւատարիմ պիտի գտնուէր ինծի հանդէպ։ Ան զիս յուսախաբ պիտի չընէր»։

«Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով. . . ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը. . . պիտի պահպանէ» (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

«Այս համարները կրկին անգամ կարդացի», կ’ըսէ Սաշան։ «Աւելի եւ աւելի աղօթելով, Աստուած ինծի խաղաղութիւն տուաւ»։

Վերոնշեալ բոլոր անհատները երբեմն ուզեցին յանձնուիլ։ Բայց Եհովա Աստուծոյ վստահեցան եւ Սուրբ Գիրքը կարդալով զօրացան։ Պիլ կ’ըսէ. «Հաւատքս պատճառ դարձաւ որ կեանքս իմաստ ունենայ, երբ այնպէս թուեցաւ թէ ամէն բան քանդուած է։ Ճիշդ է որ ժամանակ մը ‘մահուան շուքի ձորին մէջ’ քալեցի, բայց Աստուած ինծի հետ էր» (Սաղմոս 23։4

^ Գիտնալու համար թէ պէտք է ներել կամ ոչ, տե՛ս «Երբ կողակիցը անհաւատարիմ է» բնաբանով յօդուածաշարքը, Զարթի՛ր–ի 22 ապրիլ 1999 թիւին մէջ (անգլերէն)։