Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ եւ Քրիստոսին մասին ճշմարտութիւնը

Աստուծոյ եւ Քրիստոսին մասին ճշմարտութիւնը

Թէեւ մարդիկ բազմաթիւ աստուածներ կը պաշտեն, բայց միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ (Յովհաննէս 17։3)։ Ան «Բարձրեալ»ն է, ամէն բանի Ստեղծիչը եւ ամէն կեանքի Աղբիւրը։ Միայն ինք արժանի է մեր պաշտամունքին (Դանիէլ 7։18. Յայտնութիւն 4։10բ

Ո՞վ է Աստուած

Աստուծոյ անունը բնագրին մէջ կ’երեւնայ ՇՈՒՐՋ 7000 ԱՆԳԱՄ

ԵՀՈՎԱ Աստուծոյ անունն է

ՏԷՐ, ԱՍՏՈՒԱԾ, ՀԱՅՐ Եհովայի կարգ մը տիտղոսներն են

Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը։ Աստուած ինք կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ Աստուծոյ անձնական անունը շուրջ 7000 անգամ կ’երեւնայ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ։ Սակայն, Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ իր անունը կը փոխարինեն տիտղոսներով, ինչպէս՝ «Տէր»։ Աստուած կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաս, անոր համար քեզ կը քաջալերէ որ ‘իր անունը կանչես’ (Սաղմոս 105։1

Եհովայի տիտղոսները։ Աստուածաշունչը Եհովային կ’ակնարկէ գործածելով այսպիսի տիտղոսներ՝ «Աստուած», «Ամենակալ», «Ստեղծիչ», «Հայր», «Տէր» եւ «Բարձրեալ»։ Աստուածաշունչին մէջ շատ մը աղօթքներ արձանագրուած են, որոնց բացման խօսքին մէջ գործածուած են թէ՛ յարգալից տիտղոս մը եւ թէ Եհովա անունը (Դանիէլ 9։4

Աստուծոյ կերպարանքը։ Աստուած անտեսանելի հոգի է (Յովհաննէս 4։24)։ Աստուածաշունչը կը հաստատէ, որ «մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ» (Յովհաննէս 1։18)։ Եւ Աստուածաշունչը իր զգացումները կը յայտնէ։ Մարդիկ կրնան զինք նեղացնել կամ ‘իր սիրտը ուրախացնել’ (Առակաց 27։11. Սաղմոս 78։40, 41

Աստուծոյ սքանչելի յատկութիւնները։ Աստուած բոլոր ազգերէն եւ ենթահողերէն եկող մարդոց միջեւ զատողութիւն չի դներ (Գործք 10։34, 35)։ Ան նաեւ «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ [է] ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (Ելից 34։6, 7)։ Սակայն, Աստուած ունի չորս յատկութիւններ, որոնք յատկապէս աչքառու են։

Զօրութիւն։ Որովհետեւ ան «ամենակարող Աստուած» է, անսահման զօրութիւն ունի կատարելու ինչ որ կը խոստանայ (Ծննդոց 17։1

Իմաստութիւն։ Աստուած ոեւէ արարածէ աւելի իմաստուն է, եւ անոր համար Աստուածաշունչը Աստուծոյ համար կ’ըսէ, որ «միա՛կ իմաստուն»ն է (Հռովմայեցիս 16։27, ԱԾ

Արդարութիւն։ Աստուած միշտ ճիշդը կ’ընէ։ Անոր գործերը «կատարեալ» են, եւ ան «անիրաւութիւն չունի» (Բ. Օրինաց 32։4

Սէր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ան ոչ միայն սէր ցոյց կու տայ, հապա ինք սէր է։ Իր բոլոր ըրածներուն ետին՝ իր գերազանց սէրը կայ, եւ շատ մը կերպերով իր սէրէն կ’օգտուինք։

Մարդոց հետ Աստուծոյ բարեկամութիւնը։ Աստուած մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրն է (Մատթէոս 6։9)։ Եթէ իրեն հաւատք ընծայենք, կրնանք իր բարեկամները ըլլալ (Սաղմոս 25։14)։ Իրականութեան մէջ, Աստուած քեզ կը հրաւիրէ որ աղօթքի միջոցաւ իրեն մօտենաս եւ ‘ամէն հոգդ իր վրայ ձգես, քանի որ քեզի համար կը հոգայ’ (Ա. Պետրոս 5։7. Յակոբոս 4։8

Ի՞նչ է տարբերութիւնը Աստուծոյ եւ Քրիստոսին միջեւ

Յիսուս եւ Աստուած նոյն անձը չեն։ Յիսուս յատուկ է. ան միակ անձն է, որ ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է։ Անոր համար Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ Աստուծոյ Որդին (Յովհաննէս 20։31)։ Յիսուսը ստեղծելէ ետք, Եհովան իր անդրանիկ Որդին որպէս «ճարտարապետ» գործածեց, միւս բոլոր բաները եւ բոլոր արարածները ստեղծելու համար (Առակաց 8։30, 31. Կողոսացիս 1։15, 16

Յիսուս Քրիստոս բնա՛ւ չըսաւ որ ինք Աստուածն է։ Փոխարէնը, ան բացատրեց. «Ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց» (Յովհաննէս 7։29)։ Երբ իր աշակերտներէն մէկուն հետ կը խօսէր, Յիսուս Եհովան կոչեց՝ ‘իմ Հայրս ու ձեր Հայրը’ եւ ‘իմ Աստուածս ու ձեր Աստուածը’ (Յովհաննէս 20։17)։ Յիսուսի մահէն ետք, Եհովան զինք յարուցանեց եւ երկինքի մէջ իրեն մեծ հեղինակութիւն տուաւ (Մատթէոս 28։18. Գործք 2։32, 33

Յիսուս Քրիստոս կրնայ քեզի օգնել որ Աստուծոյ մօտենաս

Յիսուս երկիր եկաւ՝ իր Հօր մասին մեզի սորվեցնելու։ Եհովան ինք Յիսուսի մասին ըսաւ. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք» (Մարկոս 9։6)։ Ոեւէ անհատէ աւելի, Յիսուս լաւ կը ճանչնայ Աստուած։ Ան ըսաւ, թէ ‘մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել’ (Ղուկաս 10։22

Յիսուս կատարելապէս կ’արտացոլէ Աստուծոյ յատկութիւնները։ Յիսուս այնքան լաւ ընդօրինակեց իր Հօր յատկութիւնները, որ կրցաւ ըսել. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհաննէս 14։9)։ Յիսուս մարդիկը Աստուծոյ մօտեցուց՝ իր Հօր սէրը ցոյց տալով իր խօսքերով ու գործերով։ Ան ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ» (Յովհաննէս 4։23)։ Երեւակայէ՛։ Եհովան կը փնտռէ քեզի պէս անհատներ, որոնք կ’ուզեն իր մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։