Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Maremagnum/Corbis Documentary via Getty Images

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Արմագեդոն պատերազմը Միջին Արեւելքի՞ն մէջ պիտի սկսի. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Արմագեդոն պատերազմը Միջին Արեւելքի՞ն մէջ պիտի սկսի. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

 Աստուածաշունչը Արմագեդոնը կը նկարագրէ ո՛չ որպէս շրջանային պատերազմ մը, հապա՝ համաշխարհային պատերազմ մը որ տեղի պիտի ունենայ մարդկային բոլոր կառավարութիւններուն եւ Աստուծոյ միջեւ։

  •   «Դեւերու ոգիներ... բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն. եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի» (Յայտնութիւն 16։14, 16

 «Արմագեդոն» բառը ծագում առած է եբրայերէն Հար–Մագեդոն բառէն, որ կը նշանակէ «Մակեդդովի լեռ»։ Մակեդդովը անցեալի Իսրայէլին մէջ քաղաք մըն էր։ Այս պատճառաւ, ոմանք կը հաւատան, թէ Արմագեդոն պատերազմը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Բայց, ո՛չ Մակեդդովի շրջանը, ոչ ալ Միջին Արեւելքի մէջ ուրիշ որեւէ շրջան մը բաւարար մեծ տարածք մը ունի, ուր «բոլոր աշխարհի թագաւորները» եւ անոնց բանակները կրնան հաւաքուիլ։

 Յայտնութիւն գիրքը այլաբանական լեզուով գրուած է (Յայտնութիւն 1։1)։ Արմագեդոնը կ’ակնարկէ ո՛չ թէ բառացի վայրի մը, հապա՝ համաշխարհային վիճակի մը, ուր ազգերը կը հաւաքուին, Աստուծոյ իշխանութեան դէմ դնելու իրենց վերջին փորձը ընելու համար (Յայտ. 19։11-16, 19-21