Անցնիլ բովանդակութեան

Քուքիներու գործածութեան եւ նոյնանման արուեստագիտութիւններու վերաբերեալ համաշխարհային քաղաքականութիւն

Քուքիներու գործածութեան եւ նոյնանման արուեստագիտութիւններու վերաբերեալ համաշխարհային քաղաքականութիւն

Ինչպէս է պարագան ուրիշ կայքերու, երբ այս կայքը կ’այցելես, քուքիներ (cookies), կայքի նշաններ (web beacons) եւ ուրիշ արուեստագիտութիւններ կը գործածուին, որ որոշ տեղեկութիւններ պահուին հեռախօսիկիդ, թապլեթիդ կամ համակարգիչիդ մէջ։ Այս քաղաքականութեան մէջ «քուքիներ» բառը ընդարձակ իմաստով կը գործածուի եւ կը պարփակէ նոյնանման արուեստագիտութիւններ, ինչպէս՝ localStorage։ Քուքիները կ’օգնեն որ մեր կայքը լաւ աշխատի եւ մեզի տեղեկութիւններ կու տան կայքը մտնողներուն գործելակերպին մասին, ինչ որ մեզի կ’օգնէ որ կայքը բարելաւենք։ Մենք անհատին ինքնութեան մասին տեղեկութիւններ չենք խնդրեր, բացի եթէ ան իր յօժար կամքով մեզի փոխանցէ իր անունը եւ իրեն հետ կապ պահելու տեղեկութիւնները, երբ կայքին պատճէններէն կամ դիմումնագիրներէն մէկը կը լեցնէ։

Քուքիներ։ Կան տարբեր տեսակի քուքիներ, որոնք տարբեր գործողութիւններ կ’ընեն եւ ընդհանուր առմամբ կայքի գործածութիւնդ կը դիւրացնեն։ Թերեւս քուքիներ գործածենք, որ գիտնանք թէ արդեօք ասկէ առաջ մեր կայքը այցելա՛ծ ես կամ յիշենք նախընտրութիւններդ։ Օրինակ, կրնանք ընտրած լեզուդ քուքիի մէջ պահել, որ այդ լեզուն ընտրուի երբ մեր կայքին վերադառնաս։ Մենք քուքիները չենք գործածեր ծանուցումներու համար։

Այս կայքին մէջ կը գործածենք երեք տեսակի քուքիներ.

  1. Շատ կարեւոր քուքիներ։ Այս քուքիները կարեւոր են եթէ կ’ուզես կարգ մը ծառայութիւններ ստանալ, ինչպէս՝ կայքին մէջ մուտք գործել կամ պատճէններ լեցնել։ Առանց այս քուքիներուն, կարելի չէ որ քեզի տանք խնդրած ծառայութիւններդ. օրինակ՝ առցանց նուիրատուութեան խնդրանքդ։ Այս քուքիներուն միջոցաւ կրնանք ուզած ծառայութիւնդ կատարել։ Քուքիները քու մասիդ տեղեկութիւններ չեն հաւաքեր ծանուցման նպատակաւ կամ յիշելու համար թէ համացանցին ո՛ր էջերը մտած ես։

  2. Գործնական քուքիներ։ Այս քուքիներուն միջոցաւ կայքը կը պահէ ընտրութիւններդ (ինչպէս՝ գործանունդ, ընտրած լեզուդ կամ ապրած շրջանդ) եւ մատչելի կը դարձնէ այնպիսի երեսակներ, որոնք կայքի գործածութիւնդ կը դիւրացնեն։

  3. Վերլուծական քուքիներ։ Այս քուքիներուն միջոցաւ տեղեկութիւններ կը հաւաքենք, թէ այս կայքը այցելողները կայքը ինչպէ՛ս կը գործածեն. օրինակ՝ նկատի կ’առնենք թէ կայքը քանի՛ անգամ այցելուած է եւ ամէն մէկ այցելութիւն մօտաւորապէս որքա՛ն ժամանակ տեւած է։ Մենք այս տեղեկութիւնները կը գործածենք միա՛յն մեր կայքին գործելակերպը բարելաւելու համար։

Այն քուքիները՝ որոնք մեր կայքը ստեղծած է, կը կոչուին առաջին կողմի քուքիներ։ Իսկ այն քուքիները՝ որոնք ուրիշ կայքեր ստեղծած են, կը կոչուին երրորդ կողմի քուքիներ։ Մեր նմոյշներու ցուցակին մէջ յստակօրէն կը նշենք զանոնք։

Կայքի նշաններ։ Մեր կայքին կարգ մը էջերուն մէջ թերեւս գտնուին ելեկտրոնային պզտիկ ֆայլեր, որոնք կը կոչուին կայքի նշաններ։ Անոնց միջոցաւ կրնանք արձանագրել, թէ օրինակ որոշ էջ մը քանի՛ անգամ այցելուած է։ Կայքի նշանները կը գործածենք, որ գիտնաք թէ մեր կայքը որքա՛ն կը գործածուի եւ անոր գործելակերպը բարելաւենք։

IP հասցէները գործածել։ IP հասցէն թուային քոտ է, որ համացանցին մէջ համակարգիչդ կը բնորոշէ։ IP հասցէդ եւ զննարկիչիդ (browser) տեսակը գիտնալու պէտք կ’ունենանք, որ վերլուծենք թէ ի՛նչ կերպով կայքը կը գործածես, գիտնանք թէ արդեօք կայքին մէջ որեւէ խնդիր կա՛յ եւ քեզի մատուցած մեր ծառայութիւնը բարելաւենք։ Բայց եթէ մեզի յաւելեալ տեղեկութիւններ չտաս, IP հասցէդ ինքնութիւնդ պիտի չբնորոշէ։

Դուն կ’ընտրես։ Երբ այս կայքին մէջ մուտք գործեցիր, մեր քուքիները կայքի զննարկիչիդ (browser) ղրկուեցան եւ համակարգիչիդ մէջ պահուեցան։ Մեր կայքը գործածելով, դուն համաձայնած կ’ըլլաս, որ քուքիները եւ նոյնանման արուեստագիտութիւններ գործածենք։ Եթէ չես ուզեր որ քուքիները աշխատին, կրնաս զննարկիչիդ մատուցման կերպերը (settings) փոխել։ Բաց հաճիս նկատի առ, թէ առանց քուքիներուն պիտի չկարենաս մեր կայքին բոլոր երեսակներէն լիովին օգտուիլ։ Քուքիներու աշխատանքը կեցնելը մէկ զննարկիչէն միւսը կը տարբերի։ Այս առնչութեամբ յաւելեալ ուղղութիւններու համար, կրնաս կայքի զննարկիչիդ «Օգնութիւն» բաժինին նայիլ։

Վարը նշուած կայքերէն մէկը ընտրէ, որ տեսնես թէ մենք քուքիները ինչպէ՛ս կը գործածենք այդ կայքերուն մէջ։

Տես նաեւ Մեր զանազան կայքերու կողմէ գործածուած քուքիները եւ նոյնանման արուեստագիտութիւնները։