Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնական տուեալներու գործածութեան վերաբերեալ համաշխարհային քաղաքականութիւն

Անձնական տուեալներու գործածութեան վերաբերեալ համաշխարհային քաղաքականութիւն

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

Կրնաս այս կայքին բաժիններուն մեծ մասը մտնել առանց անունդ գրելու եւ առանց անձնական տեղեկութիւններ տալու մեզի։ Բայց կարգ մը բաժիններ կրնան մտնել միայն անոնք՝ որոնք գրանցուած են (registered users), կամ որոնք խնդրանքներ կը ներկայացնեն կամ դիմումնագիրներ կը լեցնեն կամ ալ որոնց անձնական տուեալները Եհովայի վկաներու ժողովքի մը կողմէ jw.org կայքին միջոցաւ մեզի կը փոխանցուին։ Մենք անձնական տուեալներդ կը գործածենք ըստ քու համաձայնութեանդ։ Կարգ մը պարագաներու, եթէ համաձայնութենէդ ետ քաշուիս, մենք թերեւս իրաւունք ունենանք շարունակելու անձնական տուեալներդ գործածել, պայմանաւ որ օրինական պահանջներուն գոհացում տանք։

Կայքին մէջ մուտքագրած անձնական տուեալներդ կը գործածուին միայն այն նպատակներուն համար, որոնք մուտքագրած ատենդ քեզի նշուեցան։ Այդ նպատակները կը պարփակեն.

Հաշիւներ. Այս կայքին մէջ հաշիւ բանալու ատեն մեզի տուած ե–նամակի հասցէդ կարելի է որ գործածենք, որ հաշիւիդ համար քեզի հետ կապ պահենք։ Օրինակ, եթէ գործանունդ (username) կամ գաղտնաբառդ (password) մոռցար եւ կ’ուզես կայքին մէջ մուտք գործել, քեզի պիտի օգնենք՝ ե–նամակի հասցէիդ նամակ մը ուղարկելով։

Դիմումնագիրներ։ Եթէ որակեալ ես ըստ Եհովայի վկաներու հաւատալիքներուն եւ քաղաքականութիւններուն (policies), կրնաս այս կայքը գործածել, որ հաշիւ ստեղծես եւ դիմումնագիր մը լեցնես, կամ ժողովքդ կրնայ այս կայքը գործածել, որ քեզի համար լեցնէ դիմումնագիրդ։ Ամէն մէկ դիմումնագիր յստակ կը դարձնէ, որ ի՛նչ նպատակի համար է. օրինակ՝ կրօնական որոշ ծառայութիւններու մասնակցելու դիմումնագիր եւ համաժողովներու կամ ուրիշ առիթներու ատեն ժամանակաւոր բնակարան առաջարկելու կամ խնդրելու դիմումնագիր։ Դիմումնագիրին մէջ անցած անձնական տուեալներդ կրնան պարփակել անձնական տեղեկութիւններ, որոնք տրուած են քու, տեղական երէցներու կամ տեղական շրջանային տեսուչի մը կողմէ։ Տուեալներուդ պիտի նայինք միա՛յն դիմումնագիրդ նկատի առնելու եւ ատոր հետ կապ ունեցող նպատակներու համար, մէջը ըլլալով՝ քեզի վերաբերող ֆայլը ստեղծել։ Եթէ պէտք ըլլայ որ դիմումնագիրդ գործածենք, դիմումնագիրիդ մէջ ներկայացուցած տուեալներդ թերեւս նաեւ փոխանցենք ուրիշ մասնաճիւղերու, Եհովայի վկաներու կեդրոնատեղիին կամ տարբեր երկիրներու մէջ Եհովայի վկաներուն կողմէ գործածուող նոյնանման կազմակերպութիւններու։ Բոլոր պարագաներուն, դիմումնագիրները մէկ առ մէկ նկատի կ’առնուին, եւ բնաւ մեքենայական կերպով չեն պատասխանուիր։

Նուիրատուութիւններ։ Եթէ առցանց դրամական նուիրատուութիւն ընես, մենք անունդ եւ քեզի հետ կապ պահելու համար պէտք եղած տեղեկութիւնները մեր քով կը պահենք։ Վարկաքարտի (credit card) միջոցաւ նուիրատուութիւններ ընդունելու համար կը գործածենք վճարումի առցանց վաւերացուած ծառայութիւններ, որոնք ապահովութեան եւ տուեալներու գաղտնապահութեան աշխարհահռչակ քաղաքականութիւններու կ’ենթարկուին։ Մենք տեղեկութիւններ կը ստանանք դրամական տուեալներուդ մասին, ինչպէս՝ վարկաքարտի թիւդ կամ դրամական հաշիւի թիւեր, որոնք մեզի կ’օգնեն որ նուիրատուութիւնդ ընդունինք։ Մենք նուիրատուութիւնդ ապահովութեամբ մեր քով կը պահենք եւ կ’առնենք քայլեր՝ որոնք համապատասխան են այս չափանիշին՝ Payment Card Industry Data Security Standard («PCI DSS»)։ Նուիրատուութիւնդ ստացողը կ’արձանագրէ դրամական գործառնութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւնները, եւ անոնք կը պահուին այնքան ատեն որ անոնց պէտք կայ, նուիրատուութիւնը ստացողին օրինաւոր նպատակներուն կամ օրինական պահանջներուն համաձայն։ Այդ տեղեկութիւնները կը պարփակեն՝ նուիրատուութեան թուականը, նուիրած գումարդ եւ նուիրատուութեան կերպը։ Ատոնք մեր քով ունենալով պիտի կարենանք հաշիւի վերաբերեալ չափանիշներուն գոհացում տալ եւ այդ ժամանակամիջոցին ծագած հարցումներուդ պատասխանել։ Մենք քեզի հետ կապ պիտի չպահենք՝ աւելի նուիրատուութիւններ խնդրելու համար։

Աւելի տեղեկութիւններ կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն խնդրել։ Մեր կայքին միջոցաւ կրնաս աւելի տեղեկութիւններ կամ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն խնդրել։ Անձնական տուեալներդ պիտի գործածենք միա՛յն խնդրանքդ կատարելու համար։ Եւ խնդրանքդ կատարելու համար թերեւս պէտք ըլլայ, որ տուեալներդ փոխանցենք ուրիշ մասնաճիւղերու կամ տարբեր երկիրներու մէջ Եհովայի վկաներուն հետ համագործակցող կազմակերպութիւններու։

Ուրիշ նպատակներ։ Կրնաս անձնական տուեալներդ (ինչպէս՝ անունդ, հասցէդ եւ հեռախօսիկի թիւդ) մեզի տալ վերը նշուած նպատակներէն զատ ուրիշ նպատակներու համար։ Ամէն մէկ պարագայի քեզի յստակ պիտի դարձնենք թէ ի՛նչ նպատակի համար է որ տուեալներդ մեզի կու տաս։ Մենք տուած տուեալներդ նշած նպատակէդ զատ ուրիշ նպատակներու համար պիտի չգործածենք։

Մենք այս անձնական տուեալները կը հաւաքենք, կը պահենք եւ կը գործածենք միայն քու ուզած նպատակներուդ համար, եւ տուեալները կը պահենք միայն այնքան ատեն որ մեզի պէտք են այդ նպատակները կատարելու համար կամ ալ կը պահենք ուրիշ օրինական նպատակներու համար։ Այս պարագաներուն, եթէ չուզես տալ որեւէ անձնական տուեալ որ քեզմէ կը խնդրենք, թերեւս կարելի չըլլայ որ կայքին կարգ մը բաժիններուն մէջ մուտք գործես կամ կարելի չըլլայ որ խնդրանքդ կատարենք։

Խնդրանքիդ կամ դիմումնագիրիդ մէջ նշած տուեալներդ կրնան գործածուիլ այն անձերուն կողմէ, որոնք փափաքդ պիտի կատարեն։ Տուեալներդ նաեւ կրնան գործածուիլ այն մասնագէտներուն կողմէ, որոնք պատասխանատու են արուեստագիտական սիստեմին աշխատանքին եւ պահպանութեան։ Մենք անձնական տուեալներդ ուրիշին կու տանք միայն՝ եթէ (1) խնդրանքդ կատարելու համար կարեւոր է որ ուրիշին տանք, բայց այս մէկը առաջուընէ քեզի տեղեկացուցած ենք, (2) տուեալներդ տալը կարեւոր է օրէնքներ կամ կանոններ կիրարկելու համար, (3) օրէնք պարտադրող հեղինակութիւններ մեզմէ խնդրեն որ տուեալներդ իրենց տանք կամ (4) ատոնք տալը կարեւոր է արուեստագիտական հարցերու (technical issues) կամ ապահովութեան վերաբերեալ վտանգներ քննելու եւ արգիլելու համար։ Այս կայքը գործածելով, դուն համաձայն կ’ըլլաս, որ անձնական տուեալներդ երրորդ կողմի վաճառորդներու տանք միայն վերը նշուած նպատակներուն համար։ Որեւէ անձնական տուեալ որ կը մուտքագրես բնա՛ւ պիտի չծախուի, չվարձուի կամ առեւտուրի առարկայ պիտի չդառնայ։

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԴ ԵՐԿՐԷԴ ԴՈՒՐՍ ՓՈԽԱԴՐԵԼ

Մեր կրօնական կազմակերպութիւնը աշխարհի տարածքին կը գործէ տարբեր տեղական կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Կայքին գործածած կարգ մը սպասարկիչները (servers) կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Այսինքն, թերեւս տուեալներդ փոխադրենք ապրած երկրէդ դուրս, մէջը ըլլալով այն երկիրները, որոնց օրէնքները անձնական տուեալները կը պաշտպանեն կերպով մը՝ որ տարբեր է քու ապրած երկրիդ մէջ տուեալներ պաշտպանելու կերպէն։ Անձնական տուեալներդ ձեռք առնելու եւ փոխադրելու ատեն, քայլեր կ’առնենք որ ատոնք պաշտպանենք։ Եհովայի վկաներուն հետ համագործակցող բոլոր կազմակերպութիւններէն կ’ակնկալենք, որ հետեւին տուեալներու պաշտպանութեան քաղաքականութիւններուն եւ անձնական տուեալներու վերաբերեալ օրէնքներուն ու կանոններուն։

Այս կայքը այցելելով եւ ելեկտրոնային ձեւով մեզի հետ կապ պահելով, դուն համաձայնած կ’ըլլաս որ տուեալներդ երկրէդ դուրս փոխադրուին։

ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԴ

Անձնական տուեալներդ գործածելու ատեն, տրամաբանական քայլեր կ’առնենք՝ վստահ ըլլալու համար որ տուեալներդ ճշգրիտ մնան եւ այժմէականացուին այն նպատակներուն համար, որոնք դուն սկիզբը նշեցիր։ Ապրած երկրիդ եւ անոր տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքներուն համաձայն, թերեւս մեզի փոխանցած անձնական տուեալներուդ վերաբերեալ վարը նշուած իրաւունքները ունենաս.

  • Կրնաս խնդրել որ քեզի տեղեակ պահենք, թէ անձնական տեղեկութիւններդ ինչպէս կը հաւաքենք եւ կը գործածենք տեղական օրէնքներուն համաձայն,

  • Կրնաս խնդրել որ անձնական տեղեկութիւններդ տեսնես, սրբագրես, ջնջես կամ ատոնց վրայ արգելք դնես, եթէ տուած տեղեկութիւններդ չեն ամբողջացած կամ ճշգրիտ չեն,

  • Եթէ օրինաւոր պատճառ մը ունիս, կրնաս անձնական տեղեկութիւններուդ գործածութեան նկատմամբ առարկութիւն ընել եւ պահանջել որ ասկէ ետք անձնական տուեալներդ չգործածենք։

Եթէ ապրած երկրիդ մէջ տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքներ կան եւ դուն կ’ուզես անձնական տուեալներդ տեսնել, սրբագրել կամ ջնջել, այդ երկրին օրինական հաստատութեան հասցէն կրնաս գտնել «Տուեալներու պաշտպանութեան հասցէներ» էջին վրայ։

Երբ գրութեամբ խնդրանք ներկայացնես, թէ կ’ուզես տուեալներդ տեսնել, սրբագրել կամ ջնջել եւ մեզի բաւարար ապացոյց եւ տեղեկութիւն տաս ինքնութեանդ մասին,– ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ որ անձնական տուեալներդ բնորոշենք,– խնդրանքդ նկատի պիտի առնենք եւ քեզի շնորհենք, եթէ ատիկա ընելը կազմակերպութեան օրինաւոր նպատակներուն համաձայն է։ Օրինակ, այս առնչութեամբ նկատի պիտի առնենք, թէ արդեօք խնդրանքդ կատարելը կազմակերպութեան կրօնական ազատութիւնը պիտի վտանգէ՛։ Եւ եթէ տուեալներուդ մէջ փոփոխութիւններ մտցուին, մենք երրորդ կողմի վաճառորդներուն ալ տեղեակ պիտի պահենք։

Հաճիս նկատի առ թէ տուեալներդ թերեւս չջնջենք, եթէ օրէնքը կը պահանջէ որ ատոնք գործածենք կամ եթէ տուեալներդ պէտք է պահենք ուրիշ օրինական պատճառներով։ Օրինակ, մեր կրօնական կազմակերպութիւնը միշտ իր քով կը պահէ այն տուեալները, որոնք ցոյց կու տան անհատին հանգամանքը որպէս Եհովայի վկայ։ Այս տեսակ տեղեկութիւններ ջնջելը կրնայ կազմակերպութեան կրօնական հաւատալիքներն ու սովորութիւնները խախտել։ Անձնական տուեալներդ ջնջելու խնդրանքդ ենթակայ է մեր վրայ պարտադրուած որեւէ տեղական օրինական պահանջներու։ Ասկէ զատ, կրնաս մեր կայքին միջոցաւ մուտքագրած տուեալներուդ գործածութեան նկատմամբ գանգատ ներկայացնել ապրած երկրիդ տուեալներու պաշտպանութեան հեղինակութեան։