Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ քրիստոնէութիւնը այսքա՛ն յարանուանութիւններ ունի

Ինչո՞ւ քրիստոնէութիւնը այսքա՛ն յարանուանութիւններ ունի

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Մարդիկ Յիսուս Քրիստոսին ուսուցումները գործածած են, որ շատ մը ‘քրիստոնէական’ յարանուանութիւններ կազմեն։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ, թէ միայն մէկ տեսակ ճշմարիտ քրիստոնէութիւն կայ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Տեսնենք միայն երեք պատճառներ։

  1.   Յիսուս ըսաւ որ ինք «ճշմարտութիւնը» կը սորվեցնէր եւ առաջին քրիստոնեաները իրենց կրօնքին ակնարկեցին որպէս «ճշմարտութիւն» (Յովհաննէս 8։32. Բ. Պետրոս 2։2. Բ. Յովհաննէս 4. Գ. Յովհաննէս 3)։ Այս արտայայտութիւնները կը ցուցնեն, որ անոնք որոնք Յիսուսին սորվեցուցածներուն հակառակ վարդապետութիւններ կը քաջալերեն, ճշմարիտ քրիստոնէութիւն չեն գործադրեր։

  2.   Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ որ քրիստոնեաները պէտք է ‘միեւնոյն խօսքը ունենան’ (Ա. Կորնթացիս 1։10)։ Բայց շատ մը քրիստոնէական յարանուանութիւններ իրարմէ տարբեր կարծիքներ ունին շատ պարզ ուսուցումներուն մասին, ինչպէս՝ ի՞նչ ըսել է քրիստոնեայ ըլլալ։ Չի կրնար ըլլալ որ այդ յարանուանութիւններուն բոլորին ըսածը ճիշդ է (Ա. Պետրոս 2։21

  3.   Յիսուս մարգարէացաւ որ շատեր պիտի դաւանէին քրիստոնեայ ըլլալ, բայց պիտի չհնազանդէին իր պատուէրներուն, եւ թէ ինք զանոնք պիտի մերժէր (Մատթէոս 7։21-23. Ղուկաս 6։46)։ Կարգ մը մարդիկ պիտի մոլորէին կրօնական առաջնորդներուն պատճառաւ, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի ապականէին իրենց անձնական շահերուն համար (Մատթէոս 7։15)։ Իսկ ուրիշ մարդիկ կեղծ քրիստոնէութիւնը պիտի նախընտրէին, քանի որ ատիկա իրենց պիտի փոխանցէր ի՛նչ որ կ’ուզէին լսել եւ ոչ թէ՝ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը (Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4

 Որոմին առակին մէջ, Յիսուս մարգարէացաւ որ մեծ ըմբոստութիւն մը (հաւատուրացութիւն մը) մէջտեղ պիտի գար ճշմարիտ քրիստոնէութեան դէմ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43)։ Երկար ժամանակաշրջան մը, կարելի պիտի չըլլար զատորոշել կեղծ քրիստոնեաները ճշմարիտ քրիստոնեաներէն։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացած էր, հաւատուրացութիւնը զարգացաւ առաքեալներուն մահէն ետք (Գործք 20։29, 30)։ Ճիշդ է որ հաւատուրացութեան ուսուցումները իրարմէ կը տարբերին, բայց կեղծ քրիստոնէութեան բոլոր ճիւղաւորումներն ալ ‘ճշմարտութենէն մոլորած են’ (Բ. Տիմոթէոս 2։18

 Յիսուս նաեւ մարգարէացաւ որ ճշմարիտ քրիստոնէութեան եւ կեղծ քրիստոնէութեան միջեւ եղած տարբերութիւնը ի վերջոյ յայտնի պիտի ըլլար։ Ասիկա պատահեցաւ մեր օրերուն՝ աշխարհի վախճանին ընթացքին (Մատթէոս 13։30, 39