Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տարեց ծնողներուն հոգ տանելու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տարեց ծնողներուն հոգ տանելու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Չափահաս զաւակները պատասխանատուութիւն ունին վստահ ըլլալու որ իրենց տարեց ծնողներուն բոլոր պէտքերուն հոգ կը տարուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ չափահաս զաւակները պէտք է իրենց սորվածները գործադրեն՝ ‘որդիական գութ ցուցնելով ու փոխարէն հատուցանելով իրենց ծնողներուն, վասն զի այն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ’ (Ա. Տիմոթէոս 5։4)։ Երբ չափահաս զաւակները իրենց ծնողներուն պէտքերը հոգան, անոնք հնազանդած կ’ըլլան Աստուածաշունչի այն պատուէրին, որ կ’ըսէ թէ պէտք է ծնողները պատուել (Եփեսացիս 6։2, 3

 Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն չի բացատրեր թէ ինչպէ՛ս պէտք է հոգ տանինք տարեց ծնողներու։ Բայց ատոր մէջ կը գտնենք օրինակներ տղամարդոց եւ կիներու, որոնք իրենց տարեց ծնողներուն հոգ տարին։ Ատկէ զատ, Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք գործնական խրատներ, որոնք կրնան ասոր մէջ օգտակար դառնալ զաւակներուն։

 Աստուածաշունչի օրերուն, կարգ մը ընտանիքի անդամներ ինչպէ՞ս հոգ տարած են իրենց ծնողներուն

 Անոնք տարբեր կերպերով իրենց ծնողներուն հոգ տարին՝ իրենց պարագաներուն ներած չափով։

  •   Յովսէփը իր տարեց հօրմէն՝ Յակոբէն՝ հեռու կ’ապրէր։ Երբ որ իր պարագաները ներեցին, ան կարգադրութիւն ըրաւ որ Յակոբը իրեն մօտ տեղ մը փոխադրուի։ Ետքը, Յովսէփը Յակոբին տուն տուաւ, կերակրեց եւ պաշտպանեց (Ծննդոց 45։9-11. 47։11, 12

  •   Հռութը իր կեսուրին երկիրը փոխադրուեցաւ եւ շատ ծանր աշխատեցաւ որ իրեն հոգ տանի (Հռութ 1։16. 2։2, 17, 18, 23

  •   Յիսուս իր մահէն ճիշդ առաջ կարգադրութիւն ըրաւ, որ Յովհաննէս առաքեալը հոգ տանի իր մօր՝ Մարիամին՝ որ ըստ երեւոյթին այն ատեն այրի էր (Յովհաննէս 19։26, 27) a։

 Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ գործնական խրատներ կը գտնենք, որոնք կրնան օգնել զաւակներուն

 Տարեց ծնողներուն հոգ տանիլը կրնայ շատ դժուար ըլլալ։ Բայց Աստուածաշունչը կրնայ օգնել զաւակներուն, որ այս պարագային հետ գլուխ ելլեն։

  •   Ծնողներդ պատուէ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» (Ելից 20։12

     Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Եթէ տարեց ծնողքիդ պարագաները կը ներեն եւ անոնք կարողութիւնը ունին իրենք իրենց հոգ տանելու, ձգէ որ քեզմէ կախեալ չըլլան ամէն բանի մէջ։ Կարելի եղածին չափ, ձգէ որ իրենց հոգատարութեան նկատմամբ իրե՛նք որոշումներ առնեն։ Միեւնոյն ժամանակ, ծնողքդ պատուէ՝ ձեռքէդ եկածը ընելով որ իրենց օգտակար դառնաս։

  •   Հասկցող եւ ներող եղիր

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է» (Առակաց 19։11

     Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Եթէ տարեց ծնողքդ կոշտ բան մը ըսէ կամ հոգատարութիւնդ չգնահատէ, դուն քեզի հարցուր. ‘Եթէ ե՛ս աս պարագային մէջ ըլլայի, ի՞նչ կը զգայի’։ Երբ որ հասկցող եւ ներող ըլլաս, հարցը չի մեծնար։

  •   Ուրիշներուն կարծիքը առ

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առակաց 15։22

     Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Պրպտէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ծնողքիդ ունեցած առողջապահական խնդիրներուն հոգ տանիլ։ Տես թէ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել։ Խօսէ անհատներու հետ, որոնք քու պարագադ ունին։ Եթէ քոյր–եղբայր ունիս, անոնց հետ խօսէ ու միասնաբար որոշեցէք ինչպէ՛ս հոգ տանիլ ձեր ծնողքին։

    Ընտանեօք միասնաբար խօսեցէք ձեր տարեց ծնողքին հոգատարութեան մասին

  •   Ըմբռնէ թէ ի՛նչ կրնաս ընել եւ ի՛նչ չես կրնար ընել

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է» (Առակաց 11։2

     Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Սահմանափակումներդ գիտցիր։ Ամէն մարդ սահմանափակ ժամանակ եւ կարողութիւն ունի։ Ուրեմն, թերեւս չկարենաս ընել ամէն ինչ որ կ’ուզես ընել ծնողքիդ համար։ Եթէ տարեց ծնողքիդ բոլոր պէտքերուն հոգ տանիլը շատ դժուար է քեզի համար, կրնաս ընտանիքի միւս անդամներէն կամ մասնագէտներէ օգնութիւն խնդրել։

  •   Դուն քեզի հոգ տար

     Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա» (Եփեսացիս 5։29

     Ինչպէ՞ս կրնաս ասիկա ընել։ Ճիշդ է որ ծնողքիդ հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ունիս, բայց պէտք է նաեւ հոգ տանիս դուն քեզի ե՛ւ ընտանիքիդ,– եթէ ամուսնացած ես։ Պէտք է լաւ ուտես եւ բաւարար կերպով հանգչիս ու քնանաս (Ժողովող 4։6)։ Ասկէ զատ, պէտք է ատենը մէյ մը, եթէ կարելի է, դուն քեզի ժամանակ տաս։ Երբ որ այս բոլորը ընես, աւելի՛ պիտի կարենաս ծնողքիդ հոգ տանիլ՝ զգացական, մտային եւ ֆիզիքական գետնի վրայ։

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ՞ թէ ճիշդ ինչպէ՛ս պէտք է հոգ տանինք տարեց ծնողներու

 Ո՛չ։ Կարգ մը ընտանիքներ կը նախընտրեն տան մէջ իրենց տարեց ծնողներուն հոգ տանիլ,– կարելի եղածին չափ երկար ժամանակ։ Բայց երբեմն, պարագաները այնպէս մը կը բերեն, որ զաւակները թերեւս ընտրեն, որ ուրի՛շ մէկը կամ խնամատուն մը իրենց ծնողքին հոգ տանի։ Այս պարագային, ընտանիքը թերեւս միասնաբար նստի եւ որոշէ թէ ի՛նչն է լաւագոյն լուծումը բոլորին համար (Գաղատացիս 6։4, 5

a Գիրք մը այս պատմութեան նկատմամբ կ’ըսէ. «Հաւանական է որ Յովսէփ [Մարիամին ամուսինը] շատոնց մահացած էր եւ թէ իր Որդին՝ Յիսուսը՝ իրեն կ’օգնէր։ Եւ հիմա որ ան մեռնելու վրայ էր, ո՞վ հոգ պիտի տանէր Մարիամին... Հոս, Քրիստոս իր հետեւորդներուն կը սորվեցնէր, որ իրենց տարեց ծնողներուն հոգ տանին» (The NIV Matthew Henry Commentary in One Volume, էջ 428-429)։