Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տասանորդ տալու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տասանորդ տալու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Իսրայէլացիներուն պատուէր տրուած էր, որ իրենց տարեկան եկամուտին տասանորդը a Եհովային պաշտամունքին համար տան։ Աստուած իրենց ըսաւ. «Ամէն տարի քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն, արտէն ելած ամէն արմտիքներէն, անպատճառ տասանորդ պէտք է տաս» (Բ. Օրինաց 14։22

 Տասանորդ տալու պատուիրանը, այն օրէնքներէն մէկն էր, որ Աստուած անցեալին իսրայէլացիներուն տուած էր։ Քրիստոնեաները այդ օրէնքներուն տակը չեն, անոր համար անոնք պէտք չունին տասանորդ տալու (Կողոսացիս 2։13, 14)։ Ամէն մէկ քրիստոնեայ կրնայ գումար մը տալ «ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի... ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կորնթացիս 9։7

 Աստուածաշունչը «Հին Կտակարան»ին մէջ ի՛նչ կ’ըսէ տասանորդ տալու մասին

 Տասանորդ տալը քանի մը անգամ յիշուած է Աստուածաշունչին այն մասին մէջ, որ շատեր կը կոչեն Հին Կտակարան։ Այդ համարներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի իսրայէլացիներուն տրուած Մովսիսական օրէնքին մէջ։ Իսկ քանի մը անգամ ալ կը յիշուի այդ օրէնքը տրուելէն առաջ։

Մովսիսական օրէնքէն առաջ

 Սուրբ Գիրքին մէջ առաջին անհատը որ յիշուած է, որ տասանորդ տուաւ՝ Աբրամն էր (Աբրահամ) (Ծննդոց 14։18-20. Եբրայեցիս 7։4)։ Այնպէս կ’երեւի թէ Աբրամ մէկ անգամ տասանորդ տուաւ, այն ալ Սաղէմի թագաւոր–քահանային։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր որ Աբրահամ կամ իր զաւակները ուրիշ առիթով մը տասանորդ տուին։

 Աբրահամին թոռնիկը՝ Յակոբ, Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած երկրորդ անձն է, որ տասանորդ վճարեց։ Ան Աստուծոյ խոստացաւ որ եթէ զինք օրհնէր, ‘իրեն տասանորդ պիտի տար’ իր ստացած բոլոր բաներէն (Ծննդոց 28։20-22)։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն, որ Յակոբ այս տասանորդը վճարեց, Աստուծոյ զոհեր մատուցանելով։ Ճիշդ է որ Յակոբ խոստում տուաւ որ տասանորդ տայ, բայց իր ընտանիքը չստիպեց որ իրենք ալ տասանորդ տան։

Մովսիսական օրէնքին տակ

 Իսրայէլացիներուն պատուէր տրուած էր որ տասանորդ տան, որպէսզի Աստուծոյ պաշտամունքին թիկունք կանգնին։

  •   Տասանորդը քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն պէտքերը կ’ապահովէր, քանի որ անոնք անձնական արտեր չունէին որ մշակեն։ Այսպիսով անոնք կրնային Աստուծոյ լիաժամ ծառայել եւ ժողովուրդին օգնել որ Աստուած պաշտեն (Թուոց 18։20, 21)։ Ժողովուրդը տասանորդ կու տար ղեւտացիներուն, իսկ ղեւտացիները իրենց ստացած տասանորդին լաւագոյն տասանորդը կու տային քահանաներուն (Թուոց 18։26-29

  •   Այնպէս կ’երեւի թէ իսրայէլացիներէն պահանջուած էր, որ երկրորդ տասանորդ մըն ալ տային, որ կ’օգնէր թէ՛ ղեւտացիներուն եւ թէ ղեւտացի չեղողներուն (Բ. Օրինաց 14։22, 23)։ Իսրայէլացի ընտանիքները այդ տասանորդը կը գործածէին յատուկ տօներուն։ Եւ կարգ մը տարիներուն, ատիկա կը տրուէր աղքատներուն, որպէսզի անոնք կարենային իրենց պէտքերը ապահովել (Բ. Օրինաց 14։28, 29. 26։12

 Իսրայէլացիները որքա՞ն պէտք էր տային։ Անոնք ամէն տարի իրենց բերքին տասը առ հարիւրը պէտք էր տային (Ղեւտացւոց 27։30)։ Եթէ անոնք ուզէին տասանորդը բերքով վճարելու տեղ դրամով վճարել, անոնք ոչ թէ 10 առ հարիւր պէտք էր տային, հապա 12 առ հարիւր (Ղեւտացւոց 27։31)։ Ասկէ զատ, անոնք պէտք էր «արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդն» ալ վճարէին (Ղեւտացւոց 27։32

 Տասանորդ տրուելիք անասունները զատելու համար, իսրայէլացիները կ’առնէին ամէն տասներորդ անասունը որ ախոռէն դուրս կ’ելլէր։ Օրէնքը կ’ըսէր որ անոնք այդ անասունները պէտք էր տային, առանց քննելու որ ատոնք լաւ վիճակի մէջ են կամ ոչ։ Ասկէ զատ, անոնք չէին կրնար անասուններուն տեղ դրամ տալ (Ղեւտացւոց 27։32, 33)։ Բայց իսրայէլացիները կրնային տարեկան տօներուն համար տրուած երկրորդ տասանորդին փոխարէն դրամ տալ։ Եւ ասիկա աւելի դիւրին կերպ մըն էր, քանի որ իսրայէլացիները պէտք էր երկար ճամբայ կտրէին, որ տօներուն ներկայ ըլլային (Բ. Օրինաց 14։25, 26

 Իսրայէլացիները ե՞րբ տասանորդ կու տային։ Իսրայէլացիները ամէ՛ն տարի տասանորդ կու տային (Բ. Օրինաց 14։22)։ Բայց ամէն եօթներորդ տարին անոնք տասանորդ չէին տար։ Այդ տարին շաբաթ տարի կ’ըլլար, այսինքն՝ հանգստութեան տարի, երբ Իսրայէլացիները իրենց արտը չէին ցաներ (Ղեւտացւոց 25։4, 5)։ Այս պատճառով անոնք պէտք չունէին տասանորդ տալու։ Իսկ եօթնամեայ շաբաթական շրջանի ամէն երրորդ եւ վեցերորդ տարիներուն, իսրայէլացիները այդ տասանորդը կու տային աղքատներուն եւ ղեւտացիներուն (Բ. Օրինաց 14։28, 29

 Տասանորդ չվճարելուն պատիժը ի՞նչ էր։ Մովսիսական օրէնքին մէջ պատիժ չկար անոնց, որոնք տասանորդը չէին տար։ Իսրայէլացիները պէտք էր Աստուած հաճեցնելո՛ւ համար տասանորդ տային, եւ ոչ թէ պատիժէն փախչելու համար։ Անոնք պէտք էր Աստուծոյ առջեւ ըսէին որ տասանորդ տուին, որպէսզի Աստուծմէ օրհնութիւն խնդրէին (Բ. Օրինաց 26։12-15)։ Եթէ մէկը տասանորդ չտար, Աստուած կը սեպէր որ ան իրմէ բան մը գողցած է (Մաղաքիա 3։8, 9

 Տասանորդ տալը շատ մեծ բե՞ռ մըն էր իսրայէլացիներուն համար։ Ո՛չ։ Աստուած անոնց խոստացաւ որ եթէ տասանորդ տան, անոնց վրայ իր օրհնութիւնը պիտի թափէր եւ անոնք բանի մը կարօտ պիտի չըլլային (Մաղաքիա 3։10)։ Անդին, անոնք կը տուժէին եթէ տասանորդ չտային։ Անոնք Աստուծոյ օրհնութիւնը կը կորսնցնէին. իսկ ղեւտացիները ստիպուած կ’ըլլային աշխատիլ որ իրենց պէտքերը ապահովեն, փոխանակ իսրայէլացիներուն օգնելու որ Աստուած պաշտեն (Նէեմիա 13։10. Մաղաքիա 3։7

 Աստուածաշունչը «Նոր Կտակարանի»ն մէջ ի՛նչ կ’ըսէ տասանորդ տալու մասին

 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իսրայէլացիներէն տակաւին պահանջուած էր որ տասանորդ տան։ Բայց Յիսուսի մահէն ետք անոնք պէտք չունէին տասանորդ տալու։

Յիսուսին օրերուն

 Աստուածաշունչին այն մասը որ ճանչցուած է որպէս Նոր Կտակարան, ցոյց կու տայ որ իսրայէլացիները տակաւին տասանորդ կու տային, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր։ Յիսուս ըսաւ որ անոնք պէտք է տասանորդ տան, բայց դատապարտեց կրօնական այն առաջնորդները, որոնք տասանորդ կու տային, բայց չէին յարգեր «օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը» (Մատթէոս 23։23

Յիսուսի մահէն ետք

 Յիսուսի մահէն ետք, տասանորդ տալը այլեւս պահանջուած չէր։ Յիսուսին տուած զոհը ջնջեց Մովսիսական օրէնքը, մէջը ըլլալով՝ տասանորդ տալու պատուէրը (Եբրայեցիս 7։5, 18. Եփեսացիս 2։13-15. Կողոսացիս 2։13, 14

a Տասանորդը «մէկու մը եկամուտին տասը առ հարիւրն է, որ մէկ կողմ կը դրուի։ Ընդհանրապէս, Աստուածաշունչին մէջ յիշուած տասանորդը Աստուծոյ պաշտամունքին համար կը գործածուէր» (Harper’s Bible Dictionary, էջ 765)։