Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դաջուածք կամ թաթու ընելու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ դաջուածք կամ թաթու ընելու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչին մէջ դաջուածքը կամ թաթու–ն յիշուած է մէկ անգամ՝ Ղեւտացւոց 19։28-ին մէջ, ուր կ’ըսէ. «Ձեր վրայ գրի նշան [կամ՝ թաթու] մի՛ ընէք»։ Աստուած այս պատուէրը իսրայէլ ազգին տուաւ, զանոնք շրջակայ ազգերէն անջատելու համար, որոնք իրենց մորթին վրայ իրենց չաստուածներուն անունները կամ խորհրդանիշները գծել կու տային (Բ. Օրինաց 14։2)։ Թէեւ քրիստոնեաներէն պահանջուած չէ որ իսրայէլացիներուն տրուած Օրէնքը պահեն, բայց կ’արժէ լուրջի առնել այս օրէնքին ետին եղող սկզբունքը։

Քրիստոնեան պէ՞տք է թաթու ընէ

 Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները կրնան քեզի օգնել այս հարցին շուրջ տրամաբանելու.

  •   ‘Կիները ամօթխածութեամբ [«համեստութեամբ», Նոր աշխարհի թարգմանութիւն] ինքզինքնին զարդարեն’ (Ա. Տիմոթէոս 2։9)։ Այս սկզբունքը կը կիրարկուի թէ՛ կիներուն եւ թէ տղամարդոց։ Պէտք է ուրիշներուն զգացումները յարգենք եւ մեր անձին վրայ պէտք եղածէն աւելի ուշադրութիւն չհրաւիրենք։

  •   Ոմանք թաթու կ’ընեն, քանի որ կ’ուզեն ցոյց տալ թէ իրենք ուրիշներէն տարբեր են կամ անկախ են, մինչ ուրիշներ կ’ուզեն շուրջիններուն փաստել թէ իրենք իրաւունք ունին ուզածնին ընելու իրենց մարմինին։ Սակայն Աստուածաշունչը քրիստոնեաները կը քաջալերէ. ‘Ձեր մարմինները ներկայացուցէք որպէս ապրող զոհ մը՝ սուրբ, աստուածահաճոյ. ա՛յդ է ձեր բանական պաշտամունքը’ (Հռովմայեցիս 12։1, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով)։ ‘Բանականութիւնդ’ կամ տրամաբանութիւնդ գործածէ վերլուծելու համար թէ ինչո՛ւ կ’ուզես թաթու ընել։ Եթէ պատճառը այն է, որ կ’ուզես նորոյթին հետեւիլ, կամ որոշ խումբի մը պատկանիլդ ցոյց տալ, մի՛ մոռնար որ զգացումներդ թերեւս երկար չտեւեն, հապա թաթու–էն շատ աւելի արագ անհետանան։ Շարժառիթներդ քննելը կրնայ օգնել որ իմաստուն որոշում մը առնես (Առակաց 4։7

  •   «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ» (Առակաց 21։5Թաթու ընելու որոշումը սովորաբար արագօրէն կ’առնուի, բայց անիկա կրնայ անհատին փոխյարաբերութիւններուն եւ գործին վրայ երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալ։ Թաթու ընելը նաեւ կրնայ ծախսալից ըլլալ, իսկ զայն հանելը կրնայ ցաւ պատճառել։ Թէ՛ տեղեկագրութիւնները եւ թէ թաթուն մարմնէն ջնջելու շահաբեր արհեստը, ցոյց կու տան թէ թաթու ընողներէն շատեր այն եզրակացութեան կը հասնին, որ երանի սկիզբէն թաթու չընէին։